Արցախի ինքնանկախացումը


Արցախի ինքնանկախացումը

  • 22-02-2017 15:18:08   | Ֆրանսիա  |  Վերլուծություն

Անկախութեամբ սովետականութիւնը կորսնցուց պետական իր կարգ մը խորհրդանիշերը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։
 
Անոր ներկայութիւնը դեռ սարսափելիօրէն զգալի է մտայնութիւններուն մէջ, քաղաքական, կրթական, մշակութային ու շրջանային կառավարման ու տնտեսութեան կարգ մը բնագաւառներու մէջ, հակառակ հանրապետական սահմանադրական կարգերու հաստատութեան։ Այս բոլորով հանդերձ կան տակաւին բնորոշ խորհրդանիշեր, որոնք անսակարկ սովետական կարգերէն մնացած են։ Առաջինը կը վերաբերի օտարամուտ բառերով եւ ուղղագրութեամբ մայրենիին, զոր Փետրուար 21-ին Հայաստանի պետական մարմինները փորձեցին տօնել, Մայրենիին միջազգային օրուան առթիւ։ Եղան մայրենին անաղարտ պահելու կոչեր։ Բարեբախտաբար՝ «ծիծաղելին չի սպաններ», պիտի ըսէր Ֆրանսացին, քանի անաղարտութիւն քարոզողները յաճախ առաջին արատաւորողներն են, ինչպէս գեղեցիկ կերպով ներկայացուցած էր տոքթ. Յակոբ Այնթապլեան «“Ուղղագրական-Ուղղախօսական տերմինաբանական բառարան”-ի օտար բառերու շարանը» դիպուկ յօդուածին մէջ, (տե՛ս. «ՆՅ», 2017 Փետրուար 14, էջ 4), ուր ան կը նշէր Հայաստանի գործող կառավարութեան եօթը նախարարութիւններու անունները որոնք դեռ օտար բառերով կազմուած են, հակառակ անոնց հայերէնով եզրերու գոյութեան, ինչպէս՝ սոցիալական, սպորտի, էներգետիկայի …
 
Երկրորդ խորհրդանշական երեւոյթը կը վերաբերի Ղարաբաղին, որուն անուանումը թէեւ նախասովետական շրջանէն մնացած է, սակայն սովետականութիւնը զայն իբր Ազէրպայճանի ինքնավար մարզ՝ Նակորնօ Ղարաբաղ անուանումով ճանչցուցած է։ Անկախութեան հռչակագիրը հանրապետութեան վերածեց ինքնավար մարմինը, սակայն անոր իրաւաբանական անուանումը կը կրէ սովետական դրոշմը։ Արցախցիները հանրաքուէի դիմած են վերանուանելու համար իրենց Հանրապետութիւնը։ Թէեւ այս նախաձեռնութիւնը քաղաքական քայլ մըն է հակազդելու համար Ապրիլի ազէրական յարձակումին՝ այսուհանդերձ, անով իրենք զիրենք կ՚անջատեն նաեւ սովետական ճակատագրէն։ Երեւութապէս աննշան այս փոփոխութիւնը մտայնութիւններ փոխելու կարողականութիւնն ունի։ Արցախի Հանրապետութիւնը սովետականութեան հետ ենթագիտակցական կապերէն կ՚ուզէ ձերբազատիլ։ Միջազգային հասարակութեան հետ նոր անուանումով կ՚ուզէ յարաբերիլ։ Նո՛ր էջ բանալ շրջանային յարաբերութիւններուն մէջ։
 
Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախութենէն ասդին՝ Արցախի կնճիռին վերաբերեալ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ, դիւանագիտական մակարդակին շատ սխալներ գործած է։ Անկասկած անփորձութեան պատճառով։ Չէ կրցած 1992-ի եւ 1994-ի ռազմական յաղթանակները դիւանագիտական յաղթանակի վերածել։ Դեռ նկատի չառած ռազմավարական այն բոլոր սխալները, ինչպէս Արցախի հետ իբրեւ իսկական անկախ պետութիւն վերաբերած չըլլալը, զայն չճանչնալ եւ ռազմավարական դաշինք չկնքելը, Ազէրպայճանի հետ եռակողմ բանակցութիւններէն զայն հեռացնելը։ Կամ վարչապետական պաշտօնին՝ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը նշանակելը։ Անհասկնալի կը մնայ, թէ ինչո՞ւ անկախ երկու Հանրապետութիւններու կառավարութեան անդամներ փոխարինելի ըլլան։ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը մէկ օրէն միւսը կը դառնայ Հայաստանի վարչապետ, կամ միւս կողմի նախարար մը կը դառնայ այս կողմի կառավարութեան անդամ։
 
Արցախի Հանրապետութիւնը հանրաքուէով խիզախութիւնը ունեցաւ նաեւ իր ուրոյն հանրապետական վարչաձեւային ուղին որոշելու, որ հիմնապէս կը տարբերի Հայաստանի ընտրած խորհրդարանականէն։ Դժուար ընտրութիւն մը, բայց մտայնութիւններ յեղափոխելու համար կարեւոր գործօն մը։ Թերեւս, օր մը որոշէ նաեւ ինքնաբուխ կերպով մայրենին անաղարտ պահելու իսկական քայլեր առնել, մինչեւ իսկ ուղղագրութիւնը ուղղել …
 
Ժ.Չ.
«ՆՅ»
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն