Հայ երկու ուսանողներ՝ ամբաստանեալի աթոռին


Հայ երկու ուսանողներ՝ ամբաստանեալի աթոռին

  • 22-02-2017 15:27:51   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Ֆրանսայի մէջ, հայ երկու ուսանողներ դատարան պիտի ներկայացուին 2017 Մարտ 7-ին: Փետրուար 15-ին անոնք արդէն 48 ժամ դիպահ մնացած եւ հարցապնդուած են:
 
Անոնցմէ առաջինին յանցանքն է 2015 Մարտին, արեան խորհրդանիշ՝ կարմիր ջուրով թրջած ըլլալ Թուրքիոյ Փարիզի դեսպանը, իսկ երկրորդին յանցանքն ալ՝ այդ միջադէպին տեսանիւթը ընկերային ցանցերու միջոցով սփռած ըլլալն է:
Հայ երկու երիտասարդներուն զօրակցութեան նպատակով հիմնուած հաւաքականը այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ՝ անցեալէն մինչեւ այսօր թրքական բռնութիւններուն մասին մանրամասնօրէն բացատրելով եւ ցեղասպանութենէն, Հայոց ինչքերու բռնագրաւումէն մինչեւ Փարիզի քիւրտ գործիչ կիներու սպանութեան, Թուրքիոյ մէջ այսօր մարդկային իրաւանց բռնաբարման զանազան օրինակներ տալով, կ՚ըսէ, թէ բռնութիւնը պէտք է փնտռել թրքական պետութեան կողմը:
Հայկական եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան նախանձախնդիր միջազգային բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, ընկերակցութիւններ, նոյնիսկ արհմիութիւններու ճիւղեր միացած են զօրակցական այս շարժումին: Հայ եւ ոչ-հայ մարդկային իրաւանց պաշտպաններ, լրագրողներ, արուեստագէտներ, փաստաբաններ, խորհրդականներ եւս իրենց ստորագրութեամբ զօրակցութիւն յայտնած են հայ երիտասարդներուն:
Հաւաքականը կոչ կ՚ընէ մեծ թիւով ներկայ ըլլալու 2017 Մարտ 7, ժամը 13-ին Նանթէռի ուղղիչ դատարանին առջեւ ուր տեղի պիտի ունենայ դատը՝ զօրավիգ կանգնելու համար հայ ուսանողներուն:
(179-191 avenue Frédéric et Irène Joliot-Curie 92020 Nanterre, accessible par le RER A station Nanterre Préfecture). 
 
ՆՅ
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը