Հայ Դատի Կլենտէյլի Եւ Լա Քրեսենթայի Յանձնախումբերը Կը Զօրակցին Սինանեանին Եւ Նաճարեանին
23-02-2017 12:07:13 | ԱՄՆ | Ի՞նչ է գրում մամուլը
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Դատի Կլենտէյլի եւ Լա Քրեսենթայի յանձնախումբերը կը տեղեկացնեն, թէ որոշած են զօրակցիլ Ապրիլ 4ին կայանալիք քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեանց մասնակցող Զարեհ Սինանեանին եւ Արա Նաճարեանին, սակայն յանձնարարական չէ կատարած քաղաքապետական խորհուրդի երրորդ թափուր աթոռին համար։
Այս յանձնարարականները կատարելէ առաջ, Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները հարցարաններ ուղարկած էին թեկնածուներուն եւ հանդիպումներ ունեցած անոնց հետ, յստակացնելու համար հայութիւնը յուզող հարցերու հանդէպ անոնց դիրքորոշումները։
«Զարեհ Սինանեան եւ Արա Նաճարեան իրենց գործունէութեամբ ցոյց տուած են, որ Կլենտէյլի բազմազգի բնակչութեան բոլոր հատուածներուն բարելաւման ջատագովներ են եւ մօտէն գործակցած են հայ համայնքին հետ։ Մեզի համար դժուար եղաւ երրորդ թեկնածուի մը նեցուկ կանգնելու որոշում տալ, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ քանի մը լաւ թեկնածուներ կան այդ պաշտօնին համար։ Այս պատճառով, կոչ կ՛ընենք համայնքի անդամներուն, որ լաւապէս ծանօթանան թեկնածուներուն՝ անոնց մէջէն ընտրելով քաղաքապետական խորհուրդի երրորդ թափուր աթոռին համար լաւագոյն թեկնածուն», կը յայտնէ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Արթին Մանուկեան։
Զարեհ Սինանեան, որ ներկայիս Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ է եւ եղած է Կլենտէյլի քաղաքապետ, պատմութեան ու քաղաքական գիտութեանց ճիւղերուն մէջ իր պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն, իսկ իրաւաբանութեան վկայականը՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն. 2001էն ի վեր նետուած է իրաւաբանութեան ասպարէզ: Ան քաղաքային եւ շրջանային շարք մը յանձնախումբերու եւ մարմիններու անդամ եղած է, ինչպէս նաեւ անդամակցած է Կլենտէյլի, Պըրպենքի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբերու վարչութեանց։
Արա Նաճարեան, որ նմանապէս ներկայիս Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ է, երեք առիթներով ստանձնած է Կլենտէյլի քաղաքապետի պաշտօնը։ Ան տնտեսագիտութեան մէջ իր պսակաւոր արուեստից վկայականը ստացած է «Օքսիտենթըլ» համալսարանէն, իսկ իրաւաբանութեան վկայականը՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն։ Շարք մը այլ վարչութեանց կողքին, ան եղած է նաեւ Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի հոգաբարձութեան եւ Լոս Անճելըսի փոխադրական մարզի՝ «Մեթրօ»ի վարչութեան անդամ, ներկայացնելով Լոս Անճելըս գաւառի հիւսիսային տարածքները։ 2009ին ու 2010ին եղած է «Մեթրօ»ի վարչութեան ատենապետ:
Նախապէս, Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը իր զօրակցութիւնը յայտնած էր նաեւ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան թեկնածուներ Շանթ Սահակեանին, Կրեկ Գրիգորեանին եւ դոկտ. Արմինա Կարպետեանին, ինչպէս նաեւ՝ Ռաֆֆի Մանուկեանին (քաղաքի գանձապահ), Արտաշէս Քասախեանին (քաղաքի քարտուղար), դոկտ. Արմինէ Յակոբեանին եւ Էնն Հ. Ռանսֆըրտին (Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի հոգաբարձութեան անդամակցութիւն) ընտրապայքարներուն։
Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը յորդորէ քուէարկողները, որ «այո՛» քուէարկեն L նախագիծին, որ կ՛առաջարկէ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու պաշտօնավարման շրջանը երեք տարուան վերածել՝ ներկայիս 4ին փոխարէն:
Կլենտէյլ բնակող Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները, այս քուէարկութեան մասնակցելու համար, պէտք է արձանագրուին մինչեւ Մարտ 20:
Արձանագրուելու գծով կամ ընտրական որեւէ այլ հարցումի համար, դիմել Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային հարցերու պատասխանատու Մարգարիտա Պաղտասարեանին՝ (818) 243-3444 թիւով կամ margarita@ancaglendale.org հասցէով։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ancaglendale.org կամ www.glendalevotes.org կայքերը։