Հաղորդամիջոցներ, քաղաքականութիւն.լուսաբանուիլ եւ շուարումի մատնուիլ լուրերով


Հաղորդամիջոցներ, քաղաքականութիւն.լուսաբանուիլ եւ շուարումի մատնուիլ լուրերով

  • 20-03-2017 18:56:21   | Ֆրանսիա  |  Վերլուծություն

 
 
                                       «Դրամի ախորժակը եւ մեծութեան հարցերը գործած էին միաժամանակ, Ֆրանսային տալու համար մամուլ մը որ, բացի հազուագիւտ պարագաներէ, այլ նպատակ չունէր քան ոմանց մեծութիւնը եւ բոլորի բարոյական վատթարացումը: Ուրեմն այդ մամուլին համար դժուար չեղաւ ըլլալ այն որ եղաւ 1940-էն 1944, այսինքն երկրին ամօթը»:
Ալպէր Քամիւ
 
ՉՈՐՐՈՐԴ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԱՆՑՈ՞ՒՄ ԴԷՊԻ ԲՌՆԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ
 
Զանգուածային լրատուամիջոցներուն եւ մամուլին համար, գոհունակութեամբ դեռ մօտիկ անցեալին կ’ըսէինք, որ ան «չորրորդ իշխանութիւն» էր:
Այս թերեւս ճիշդ էր Միացեալ Նահանգներու վերջին նախագահական ընտրութենէն եւ ներկայիս ընթացող Ֆրանսայի նախագահական պաշտօնի տիրացման ընտրապայքարէն առաջ:
 
Այժմ, նկատի ունենալով զանգուածային լրատուութեան տեղը եւ շեշտուած ձգտումնաւոր դերակատարութիւնը հանրային կարծիքի ձեւաւորման մէջ, մանաւանդ քաղաքական կեանքի, կը տարուիմ մտածելու, որ ան կը դառնայ տեսակ մը «նոր բռնատիրութիւն», կ’այլասերի, կը մերժուի, եւ կը փոխարինուի համացանցային այլազանութեամբ յատկանշուող անհակակշռելի դարձող լրատուութեամբ:
 
Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու մէջ նախագահական կամ երեսփոխանական ընտրութիւններ տեղի ունեցան կամ տեղի պիտի ունենան: Հանդիսատես ենք: Վկայ: Դերակատար՝ մեր մինուճար քուէով:
 
Այլեւս ոչ ոք կը կասկածի, որ հաղորդամիջոցները, յաճախ դուրս կու գան իրենց լուսաբանողի դերէն, կը սրեն կիրքեր, իրենց նախասիրութիւնները կը դառնան «հալածանք» եւ «մոլեգնութիւն», անհատներու եւ խմբակցութիւններու դէմ, շուարումի կը մատնուի «ընտրող» քաղաքացին:
 
Զարմանալի է, եւ իրաւ, որ շարքային քաղաքացին փոխանակ լուսաբանուելու, շուարումի կը մատնուի, կ’անդրադառնայ որ զինք նկատի կ’ունենան որպէս միջոց: Եթէ իրատեսութիւն եւ քաջութիւն ունենանք եւ փորձուինք անմիջականէն այլ ոլորտ բարձրանալ, կը դադրինք հաղորդամիջոցներու զոհը ըլլալէ, անոնց կողմէ լարուած գործիք չենք ըլլար: Կեցուածք՝ որ դժբախատաբար զանգուածային չէ:
 
Վերջապէս, օրինակելի կեցուածք որդեգրելով, Ֆրանսայի ազգային ժողովի կարգ մը երեսփոխաններ որոշած են նոր ընտրուելիք խորհրդարանի անդամութեան թեկնածու չըլլալ: Մէկ, երկու կամ երեք շրջան բաւ կը համարեն, այսինքն չեն ուզեր արհեստավարժ երեսփոխան ըլլալ: Այդպէս պէտք է ըլլայ քաղաքական ասպարէզը ընդհանրապէս, որպէսզի ժողովրդավարութիւնը դադրի շահերու եւ փառասիրութիւններու միջոց ըլլալէ եւ ժողովուրդի ցանկութիւններուն եւ կարիքներուն ծառայէ:
 
Որքան լաւ պիտի ըլլար, որ բոլոր երկիրներու երեսփոխանները եւ ծերակուտականները կամովին այդպէս վարուէին, իսկ աւելի լաւ պիտի ըլլար եթէ այդ սահմանափակումը օրէնքով ճշդուէր, ամենուրեք ուր ժողովրդավարական շղարշի տակ ընտրութիւններ տեղի կ’ունենան: Ընդհանրացնելով, կրնանք խորհիլ որ օգտակար պիտի ըլլար եթէ քաղաքական համակարգը ձերբազատուէր արհեստավարժ (պրոֆեսիոնալ) քաղաքական գործիչներէ, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը կ’անցնեն այս կամ այն քաղաքական պաշտօնը վարելով, յաճախ նաեւ որդւոց որդի, այն աստիճան որ «ներկայացուցչութիւն» ըմբռնումը իմաստազուրկ կ’ըլլայ, կը փոխարինուի իր անունը չըսող աւատապետութեամբ, տեւաբար վերանորոգուող շահակցական մեքենայութիւններով, «քոմպինացիա»՝ յաճախ նաեւ ընտանեպաշտական (népotisme):
 
Ֆրանսայի մէջ, դատելով այս խաթարուած մթնոլորտը, նախագահական պաշտօնի թեկնածու մը կ’առաջարկէ նոյնիսկ, որ փոխանակ  ընտրելու, ղեկավարները վիճակով նշանակուին, մեկնելով այն մտածումէն որ ընտրութիւնները կը կատարուին մրցակիցներու որոշ խաւի շրջանակին մէջ, զոր կը կոչեն «էսթէպլիշմընթ», որ կը կառչի իր շահերուն եւ դրամագլուխին:
 
ՊԱՐԶ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄՆԵՐ
 
Դիրքերու վրայ յաւերժանալու ծաղրանկարային պատկերը կը հրամցնեն երրորդ աշխարհի «նախագահ»ները,- դժբախտաբար ոչ միայն անոնք,- որոնք օրէնք կը փոխեն վերընտրուելու համար, ցոյցերու եւ բախումներու պատճառ դառնալով: Քաղաքական կեանքի մէջ դիրքի վրայ յաւերժացումը եւ անոր հունով ընթացող «ծննդեան իրաւունքով» (népotisme) դիրքերու տիրացումը կը ստեղծեն անփոխարինելիութեան առասպել, որ կը կռթնի խմբակային գործակցութիւններու վրայ: Եւ կը զիջի մարդկային, պատրաստութեան, տեսիլքի եւ դատումի որակը, կը խախտի վստահութիւնը:
 
Ցարդ մարդիկ կը հաւատային, որ ընդհանուր ըմբռնումով մամուլը (թերթ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ) կը ծառայէր հանրային կարծիքի լուսաբանման: Հոլովոյթ մը տեղի ունեցած է: Այսպէս, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ այլ մեծ եւ փոքր երկիրներու թերթերը եւ լրատուամիջոցները (media) կը հակակշռուին զանազան բնոյթի խմբակներու կողմէ,- դրամական-դասակարգային, քաղաքական-կուսակցական, իշխանական,- եւ կը հաստատուի կողմնապաշտութիւնը, որուն դէմ արտայայտութիւնը ներկայիս կը դրսեւորուի համակարգիչներու «ընկերային ցանցեր»ուն վրայ, գայթակղութիւնները անկարելի կ’ըլլայ թաքցնել, եւ ճիշդ կամ սխալ վարկաբեկումները եւ աղմկալի յայտնաբերումները կը բազմապատկուին:
 
Լրատուական աշխարհը տաք հացի պէս կը փնտռէ ցնցող լուրը, գայթակղութիւնը, անով կը սնանի՝ ոտքի մնալու համար: Կարեւորագոյն լուրը առաջին էջի մեծատառ վերտառութիւնն է, «մանշէթ»ը, որ կը տպաւորէ:
 
Սկզբունքով, մամուլի աշխատաւորները, լրագրողները, հաղորդավարները, հնարաւոր չափով պարկեշտ վերաբերում պէտք է ունենան իրադարձութիւններու մասին, այսինքն հաղորդուած լուրը պէտք է ըլլայ վաւերական: Այս է բնական ըմբռնումի բարոյականը: Սակայն հաղորդամիջոցները եւ լրագրողները չեն բաւաւարուիր սոսկ «լուրը տալ»ով, կը մեկնաբանեն, կը շեշտեն, կը մեղմացնեն եւ կը բացատրեն ըստ կամս, միշտ այն համոզումով, որ «կը լուսաբանեն» ընթերցողը, քաղաքացին: Թէեւ, ազնիւներու պարագային անգամ, որքան որ ալ ճիգ ընէ լրագրողը, անկարելի է որ ան կարենայ խուսափիլ «ենթակայական» ճնշումէ կամ իր գաղափարական թեքումներէն: Ինչ որ կը նշանակէ լրատուական դաշտի մէջ փոքր կամ մեծ ծաւալով խաթարում:
 
Եւ հարց կը ծագի, թէ ո՞ւր կը գտնուի ճշմարտութիւնը, ո՞ւր կը սկսի շահադիտական խեղաթիւրումը: Իսկ շարքային քաղաքացին ինչպէ՞ս կրնայ ճիշդ դատել եւ կողմնորոշուիլ, երբ «zapping» կ’ընէ, անցնելով հեռատեսիլի մէկ կայանէն միւսը:
 
Դրամական-դրամատիրական խումբերու տիրապետութիւնը եւ նոյն հունով քաղաքական շահակցութիւններու ազդեցութիւնը հաղորդամիջոցներու վրայ, եւ անոնց գիտակցումը, զանգուածներու մօտ կը զարգացնեն այն համոզումը, որ անոնք առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով խաթարուած են, ապականած, ոչ բոլորովին ճիշդ է ինչ որ կը գրեն եւ կ’ըսեն: Կը բաւէ կարդալ եւ լսել նոյն իրադարձութեան մասին հակառակ դիրքերու վրայ գտնուող հաղորդամիջոցներու լուրերու ընտրութիւնը, անոնց ծաւալը եւ տրուած տեղի չափը, մեկնաբանութիւնները:
 
Հետեւաբար, ընթերցող քաղաքացին, եթէ իր կողմնապաշտութենէն կարենայ դուրս գալ, կը մտածէ որ զինք իր քիթէն բռնած կը տանին: Ինչ որ կ’ընեն նաեւ քաղաքական գործիչները, մանաւանդ ընտրապայքարի ընթացքին: Այս պայմաններուն մէջ հանրային կարծիքը կը տատանի, եւ ինչպէս սովորութիւն է ըսել, «նուազ վատ» համարուածին կ’երթայ իր ընտրութիւնը:
 
ԹԱՓԱՆՑԻԿԻ, ՃՇՄԱՐԻՏԻ ԵՒ ՍՈՒՏԻ ԹՈՀՈՒԲՈՀԻՆ ՄԷՋ
 
Շատ կը սիրենք խօսիլ թափանցիկութեան մասին, որ կը յիշեցնէ ֆրանսացի իմաստասէր Միշէլ Մոնթէյնի հռչակաւոր խօսքը. «Ի՜նչ ճշմարտութիւն, զոր այս լեռները կը սահմանափակեն, որ ստութիւն է անոնցմէ անդին գտնուող աշխարհին համար»: Հետեւաբար ըսուած եւ լսուած խօսքի թափանցիկութեան պէտք է մօտենալ զգուշութեամբ, քննադատական ոգիով, կարենալ ճիշդ կողմնորոշուելու համար: 
 
Մանաւանդ «ընտրապայքար»ներու ընթացքին եւ քաղաքական դիրքորոշումներու պարագային, պէտք է գիտնալ, որ հաղորդամիջոցները եւ քաղաքական դէմքերը կը գրեն եւ կը խօսին «համոզելու» եւ «ազդելու» համար, պարզ՝ քուէ որսալու համար: Այսինքն, հաղորդացմիջոցները կը գործեն լարուած մեքենաներու պէս, մէկուն կամ միւսին ծառայելու համար: Լրագրողը եւ հաղորդամիջոցները տեւաբար հեւքի մէջ են լուրը առաջին հաղորդողը ըլլալու եւ իրենց թերթին, ձայնասփիւռին կամ հեռատեսիլին «յաճախորդութիւն»ը աւելցնելու համար: Օրինակ, հեռատեսիլի պարագային, լսողներու համրանքը (audimat) կարեւոր է հիւթալի ծանուցումներ ունենալու համար: Այդպէս է պարագան նաեւ թերթերու: Քանի մը հարիւր տպաքանակ ունեցող թերթին ծանուցումներ չեն տրուիր, կամ եթէ տրուին՝ այդ կ’ըլլայ բարեսիրական կամ կողմնապաշտական մղումներով: Լրագրողը ճնշման տակ է, նոյնիսկ երբ լուրը չի փոխեր, տուրք կու տայ այլ նպատակներու, զանոնք շեշտելով, կրկնելով, չափազանցելով, մեղմացնելով, տրամադրութիւն ստեղծելով, երկրորդական դարձնելով, պատկերներ օգտագործելով:
 
Յոգնած եւ զբաղած ընթերցողը, լսողը եւ դիտողը կրկնուած լուրերու նկատմամբ համոզում կը գոյացնեն, թեր կամ դէմ, միաժամանակ մտածելով, որ պետութեան ղեկավարները կամ անոնց հակադրուողները խեղաթիւրումներով կ’ուզեն զիրենք սիրաշահիլ, իրենց դատին լծել, կը փորձեն սուտը իրաւէն զատել: Երբ կողմնապաշտ են, կը սիրեն լսել այն՝ որուն համար արդէն համոզուած են:
 
Լրագրողները, նոյնիսկ երբ առարկայական ըլլալու ճիգ կ’ընեն, կը մեղանչեն այլ պատճառով մըն ալ: Ուշադրութիւն գրաւելու եւ մեծ թիւով ընթերցողներ ունենալու համար, լուրերուն կու տան սուր արտայայտութիւն, կը չափազանցեն իրենց ներկայացման ձեւին մէջ, կը փնտռեն գլխաւոր լուրին ուշագրաւ վերտառութիւնը եւ անոր ընկերացող պատկերը: Պատկերը անմիջականօրէն վիճելի չէ, իրականութիւնը կը բերէ, իրապաշտութեան փաստ է: Երբեմն նոյնիսկ պատկերը կը սարքեն, կ’օգտագործեն ըստ նկարման անկիւնի: Լրատուամիջոցներուն համար, թերթի առաջին էջը կամ հեռատեսիլի առաջին լուրը բոլորովին նոր եւ ցնցող պէտք է ըլլայ, ինչպէս կ’ըսեն՝ «scoop», որ յաջողութիւն եւ տարածում կ’ապահովէ, այսինքն՝ նաեւ նիւթական կամ քարոզչական շահ:
Քաղաքական տեղեկատուութեան պարագային, լրագրողը քաղաքական մարդոց կարծիքներուն երբ կ’արձագանգէ, կամայ ակամայ կը դառնայ անոնց խօսափողը, անոնց կարծիքներուն տեղ տալով, ազդելով հանրային կարծիքին վրայ:
 
Քաղաքական գործիչին եւ քաղաքացիին միջեւ հաղորդակցութիւնը կ’անցնի լրատուամիջոցներէն, որոնք տնտեսական կառոյցներ են կամ խմբակներու ծառայող գործիքներ, տէրեր ունին, անհատ կամ խմբակ, եւ անձնակազմերը չեն կրնար անգիտանալ անոնց շահերը: Այլ խօսքով, երբեք մտահան պէտք չէ ընել քաղաքական աշխարհի, պետական շրջանակներու եւ առեւտրական-ճարտարարուեստական մեծ ընկերութիւններու եւ հաղորդակցական միջոցներու կապերը, որոնք այս ձեւով, կը կորսնցնեն կամ կը վտանգեն լուսաբանող ըլլալու իրենց կուսութիւնը:
 
Պէտք է գիտնալ նաեւ, որ լրագրողները եւ հաղորդամիջոցները հակակշռողները նոյն ընկերային եւ ուսումնական շրջանակներէն կու գան, նոյն ընտրանիէն: Թերեւս օր մը պէտք է մտածել, կրթական համակարգին մէջ, հաղորդամիջոցները լսելու եւ հասկնալու մանկավարժութեան մասին:
 
ԴԱՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԴԻՏԵԼ ՄԵԾԵՐՈՒ ԼՈՒՍԱՄՈՒՏԷՆ
 
Մեծ գրող Ալպէր Քամիւ, այս մասին խորհրդածելով, ըսած է հետեւեալը. «Դրամի ախորժակը եւ մեծութեան հարցերը գործած էին միաժամանակ, Ֆրանսային տալու համար մամուլ մը որ, բացի հազուագիւտ պարագաներէ, այլ նպատակ չունէր քան ոմանց մեծութիւնը եւ բոլորի բարոյական վատթարացումը: Ուրեմն այդ մամուլին համար դժուար չեղաւ ըլլալ այն որ եղաւ 1940-էն 1944, այսինքն երկրին ամօթը»: Փաստ՝ որ մեծերը միշտ ուզած են ստրկացնել հաղորդամիջոցները, զանոնք ծառայեցնել:
 
Հաղորդամիջոցները կարենալ ապրելու համար ծանուցումներու պէտք  ունին եւ անկարելի է խուսափիլ որոշ ենթակայութենէ: Իսկ առեւտրական ընկերութիւնները պէտք ունին հաղորդամիջոցներուն առնել-ծախելու եւ շահելու համար: Այսպէս կը բացատրուի «media»յի, քաղաքականութեան եւ դրամի շահակցութիւնը, որ կը ճնշէ հանրային կարծիքին վրայ եւ կը խաթարէ ազատ ըլլալու կոչուած «ընտրութիւններ»ը :
 
Պէտք է նաեւ գիտնալ այն պարզ իրողութիւնը, որ հաղորդամիջոցներու տէրերը, անոնք ըլլան անհատներ թէ խմբակցութիւններ, կը հսկեն, ուղղութիւն կու տան, կը զտեն (կը գրաքննեն): Հետեւաբար, ըսուածին եւ լսուածին պէտք է մօտենալ զգուշութեամբ:
 
Այս դատումները գիտակից ընթերցողին, լսողին եւ դիտողին մօտ կը զարգացնեն վերապահութիւն լրատուամիջոցին նկատմամբ, որուն հետեւանքով ան կամ չի հետեւիր, կամ հեռատեսիլին առջեւ նստած ալիք կը փոխէ, «զափփինկ» կ’ընէ: 
 
Հաղորդամիջոցները (media) ապականման-կողմնակալութեան տխրութեան ցանցին մէջ են, առաւել կամ նուազ շեշտուած կերպով: Գաղափարականութիւնը կը կորսնցնէ ճակատամարտը ընդդէմ գայթակղութեան լուրերով արեւուն տակ տեղ եւ շահ ամբարելու տխրութեան: Հարցական է այն՝ որ հաղորդամիջոցները կրնա՞ն անկէ զերծ մնալ: 
 
Այս խաթարումները եւ ապականութիւնները մասնաւորաբար կը շեշտուին մեծ իրադարձութիւններու նախօրեակին, օրինակ՝ նախագահական կամ երեսփոփանական ընտրութեան ընթացքին, եւ երբ հասնի արդարացման եւ հաշուետուութեան պահը, խօսքի աճպարարութիւնները եւ ճապկումները կը տիրեն, արդարութիւն, իրաւունք, ճշմարտութիւն կը կորսուին շահերու եւ կիրքերու ճնշման տակ, եւ այդ բոլորին բեմահարթակը կը հանդիսանան հաղորդամիջոցները, թերթերը, ձայնասփիւռը, հեռատեսիլը:
 
Ի հարկէ խօսքը կը վերաբերի զանգուածային լրատուամիջոցներուն, ոչ թաղային-համայնքային «կազէթ»ներուն, անոնք ըլլան թուղթ, ձայնասփիւռ թէ հեռատեսիլ, որոնք մանր փառասիրութիւններու եւ շահերու կը ծառայեն, մանկապարտէզի հանդէսի ֆինլանտական պար գովերգելու պէս: Անոնք կ’իյնան միւս ծայրայեղութեան մէջ, մարդ չվշտացնելու եւ «ընթերցող չկորսնցնելու»:
 
Զանգուածային լրատուամիջոցները կարելի կ’ըլլա՞յ ազատագրել դրամագլուխի, քաղաքականութեան, աւատապետութեան, «népotisme»ի ստրկացումէն: Այդ կ’ըլլայ արդարութեան, հաւասարութեան եւ ճշմարտութեան անկեղծ յաղթանակը, որուն համար հաւասարապէս պատասխանատու ենք, հաւասարապէս յանձնառու ըլլալու պայմանով:
 
Եթէ այս մտածումներու լոյսին տակ դիտէինք եւ դատէինք «հայկական media»ն, Հայաստան՝ ի հարկէ, բայց մանաւանդ բազմերանգ սփիւռքներ, հայ ազգային քաղաքացիի որակ կը նուաճէինք, հեռանալով հաճոյախօսական եւ կողմնապաշտական շատախօսութենէ:
 
Յ. Պալեան, 19 մարտ 2017, Նուազի-լը-Կրան
 
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն