Նոր զարգացում Պոլսոյ մէջ. Շիրինօղլու Պեքճեան Սրբազանին հրաժարելու կոչ ըրաւ


Նոր զարգացում Պոլսոյ մէջ. Շիրինօղլու Պեքճեան Սրբազանին հրաժարելու կոչ ըրաւ

  • 03-04-2017 17:01:31   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Պոլսահայ համայնքի ներկայացուցիչներէն Պետրոս Շիրինօղլու Պատրիարքութեան Տեղապահին հրաժարելու կոչ ըրած է:
 
Շիրինօղլու իր կոչը ուղղած է թրքերէնով գրուած յօդուածով մը, որ այսօր լոյս տեսած է Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի ճակատին: Պոլսահայ գործիչը, որ միեւնոյն ժամանակ «Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոց»ի խնամակալութեան ատենապետն է նաեւ ըսած է, որ Գարեգին Պեքճեան Սրբազան պէտք է հրաժարի իր պաշտօնէն, որպէսզի «համայնքին եւ Թուրքիոյ պետութեան միջեւ հակասութիւններ չյառաջանան»: Անգարայի հետ սերտ կապեր ունեցող Շիրինօղլուն նաեւ ըսած է, որ Տ. Գարեգին արք. Պեքճեանն ալ յանգած է այն համոզման, որ «պատրիաքական ընտրութեան գործընթացը կարելի է աւարտին հասցընել՝ միայն ու միայն պաշտօնական մարմիններուն հետ առաւելագոյն ներդաշնակութեամբ, աշխատանքով եւ համագործակցութեամբ»:
Նշենք, որ երէկ Պոլիս ժամանած Տ. Գարեգին արք. Պեքճեան այսօր պիտի այցելէ Պատրաիարքարան, ուր դռնփակ հանդիպում մը կը սպասուի անցնող 15 մարտին տեղապահ ընտրուած եւ պատրիարաքական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարիլ մերժող Արամ Աթէշեանին միջեւ:
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play