«Այն Օրը, Երբ Մենք Կ՛ունենանք Հզօր Սփիւռք, Կ՛ունենանք Նաեւ Հզօր Հայրենիք». Լիբանանահայ Քաղաքական Երեք Օրաթերթերու Խմբագիրներուն Հետ Զրոյցի Ընթացքին Հաստատեց Ալեքքօ Պէզիքեան


«Այն Օրը, Երբ Մենք Կ՛ունենանք Հզօր Սփիւռք, Կ՛ունենանք Նաեւ Հզօր Հայրենիք». Լիբանանահայ Քաղաքական Երեք Օրաթերթերու Խմբագիրներուն Հետ Զրոյցի Ընթացքին Հաստատեց Ալեքքօ Պէզիքեան

  • 16-05-2017 22:09:27   | Լիբանան  |  Վերլուծություն

Լիբանանահայ երեք օրաթերթերու գլխաւոր խմբագիրներ` Շահան Գանտահարեան` «Ազդակ», Անի Եփրեմեան` «Արարատ» եւ Սեւակ Յակոբեան` «Զարթօնք», երկուշաբթի,  8 մայիս 2017-ին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ համացանցային զրոյց մը ունեցան ազգային բարերար, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի հոգաբարձութեան նախագահ Ալեքքօ Պէզիքեանին հետ: Զրոյցի ընթացքին Ալեքքօ Պէզիքեան եւ հայկական երեք օրաթերթերու խմբագիրները արծարծեցին բազմաթիւ հարցեր:  Հայաստանի պարագային անոնք բնորոշեցին, որ պէտք է զարգացնել սահմանամերձ շրջանները, գիւղերը եւ մարզերը, իսկ սփիւռքի պարագային, պէտք է երիտասարդութիւնը կուսակցութիւններուն մօտեցնել, հայկական ծրագիրներուն հաղորդ դարձնել, համակարգուած ու միացեալ աշխատանք տանիլ եւ  վերականգնել համագործակցութեան աշխատելաձեւը: Ստորեւ կը ներկայացնենք տեղի ունեցած զրոյցին ընդհանուր պատկերը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի աշխատանքներուն մէջ սփիւռքի մէջ ամէնէն կարեւոր իրագործումը Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին կառուցուած «Արամ Պէզիքեան» թանգարանն է Ժիպէյլի մէջ: Թանգարանի երկու տարուան  գործունէութեան ընդհանուր գնահատական մը տալու, այցելուներու թիւի, թանգարանի կարեւորութեան եւ գործնական տուեալներու իմաստով Ալեքքօ Պէզիքեան ըսաւ, որ թանգարանը իրեն համար երազ մը եղած է: Սփիւռքը եւ ընդհանրապէս հայութիւնը նման վայրի մը կարիքը ունեցած են, որպէսզի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը վառ պահուի եւ նաեւ` անոնց, որոնք ողջ մնացած ու այդ որբանոցին մէջ հաւաքուած ու հասակ առած են:

Ան ցաւով նշեց, որ Լիբանան այցելութեան ընթացքին հանդիպած է երիտասարդ ու միջին տարիքի մարդոց, որոնք Ժիպէյլի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին կառուցուած «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի գոյութեան մասին տեղեակ չեն: Ան իր վրդովմունքը յայտնեց այս երեւոյթին համար, ապա քննելով պատճառները, ընդգծեց Լիբանանի հայ մամուլին դերակատարութիւնը` պատմական մեծ արժէք ու նշանակութիւն ունեցող այս վայրը լուսարձակի տակ առնելու ու հասարակութիւնը իրազեկ դարձնելու:

Ան յայտնեց, որ թանգարանը երկու տարուան ընթացքին 9000 այցելու ունեցած է, բայց ըստ Պէզիքեանին, 9000 այցելու ունենալը չէ, որ կը գոհացնէ, այլ պէտք է երիտասարդութիւնը ներգրաւել ու մղել դէպի ազգային կեանք եւ արժէքներ. լաւ իմանալով ազգային կեանքին մէջ կամաւոր աշխատելու դժուարութեան մասին` ան կարեւորութեանբ նշեց, որ նոր սերունդի ներկայացուցիչները պարտաւոր են գէթ իրենց ներկայութեամբ, քաջալերանքով եւ կարողութեան սահմաններուն մէջ մասնակից ըլլալու հայ կեանքին:

Ալեքքօ Պէզիքեան յանձնարարեց, որ հայկական վարժարանները այցելութիւններ կազմակերպեն թանգարան, որպէսզի աշակերտները տեսնեն, ծանօթանան ու ապրին գիրքերու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին իրենց կարդացածը: Ան ըսաւ, որ հասարակութեան բարենորոգումը մանկապարտէզէն կը սկսի եւ ոչ թէ` համալսարանէն: Սերունդները մանկութեան տարիներուն պէտք է կրթել ու դաստիարակել, որպէսզի հետագային կերտուի իր պատմութեան ու ազգային արժէքներուն իսկական ու արժանի ժառանգորդը:

Անդրադառնալով Լիբանանի հայ գաղութի կարեւորութեան` Ա. Պէզիքեան ըսաւ. «Շատ բան կը պարտինք Լիբանանի: Եթէ Ժիպէյլը, Ղազիրը, Այնթուրան, Սայտան, Անթիլիասը չըլլային, այսօր սփիւռքը ի՞նչ պատկեր պիտի պարզէր, գոյութիւն պիտի ունենա՞ր: Որբանոցներուն մէջ ջարդէն ճողոպրած մեր հայրերը ոչ մէկ ճիգ խնայեցին  իրենց զաւակներուն լաւագոյն ուսումը տալու: Անոնք մեր մէջ կերտեցին հայկական զգացումը, հայ հոգին: Անոնց տարիներու զոհողութիւնները ձրիաբար անտեսելը արդար չէ, կարելի չէ: Ես մեծ յարգանք ունիմ բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք հայկական որբանոցներէն դուրս եկած, ընտանիք կազմած, պահած ու լաւագոյնս դաստիարակած են իրենց զաւակները: Եթէ այսօր ճարտարապետներ, իրաւաբաններ, բժիշկներ ունինք, շատ մարզերու մէջ յաջողած եւ փայլուն հայեր ունինք, կը պարտինք որբանոցի սերունդներու զոհողութեան»:

Խմբագիրները իրենց կարգին յայտնեցին, որ «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը միջազգային թանգարաններու ցանցին մէջ ներկայ է արդէն եւ ընդգրկուած` թանգարաններու բաց գիշեր ծրագրին մէջ, Անթիլիասի «Կիլիկիա» թանգարանին հետ: Այս իրականութիւնը առիթ կը հանդիսանայ, որ մանաւանդ օտարները ներկայ ըլլան, տեսնեն ու իրենց վկայութիւնը տան մեր պատմութեան մասին: Անոնք հարկ նկատեցին Լիբանանի մշակութային ծրագիրներու մէջ առաւելագոյն չափով  ընդգրկել «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը: Խմբագիրները հաստատեցին նաեւ, որ թանգարանի բովանդակութեան հիմքը ամբողջ որբանոցն է: Ամբողջ սփիւռքը այսօր քաղաքական գործօնի վերածուած է` շնորհիւ այդ որբանոցներէն դուրս եկած ու դաստիարակուած եւ հայապահպանման աշխատանքներուն լծուած այդ սերունդին:

Իր կարգին, Ալեքքօ Պէզիքեան յայտնեց, որ աշխատանք տարուած է Ժիպէյլի քաղաքապետին միջոցով, որ թանգարանը զբօսաշրջութեան այցելութիւններուն մաս կազմէ: Ան ըսաւ, որ նախատեսուած է նաեւ թանգարանի վերի յարկը վերածել ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի, գիտաժողովներու եւ դասախօսութեան յարմար վայրի: Ան ըսաւ, որ ծրագիրը պատրաստ է, մօտ ժամանակէն կ՛իրագործուի. հիմնական, բայց  յաղթահարելի դժուարութիւնը նիւթականն է:

Խմբագիրները առաջարկեցին, որ յառաջիկային Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին կազմակերպուած երիտասարդական հսկումը «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին շուրջ տեղի ունենայ: Անոնք համաձայն գտնուեցան նաեւ միասնաբար գիտաժողով մը կազմակերպել «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին մէջ:

Իսկ ինչ կը վերաբերի երիտասարդութիւնը ազգային մտահոգութիւններուն եւ արժէքներուն հաղորդ դարձնելու, ազգային կեանքին մէջ ներգրաւելու քայլին, զրուցակիցները համոզում յայտնեցին, որ պէտք է սովորական միջոցներէն դուրս գալ, իմանալ երիտասարդներուն հետաքրքրութիւնը, պահանջներն ու ակնկալիքները եւ ըստ այնմ պատրաստել դաշտեր, ուր աշխատելու եւ արդիւնաբերելու լայն հնարաւորութիւն ունենան անոնք: Այս առումով ալ տեղեկատուական եւ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերը պէտք է կարեւորութեամբ նկատի առնել, որովհետեւ երիտասարդները աւելի շատ համացանցի ընթերցողներ են:

Ա. Պէզիքեան հաստատեց, որ եկեղեցին, դպրոցները եւ յատկապէս ընտանիքները մեծ դերակատարութիւն ունին սերունդներու առողջ եւ հայեցի կրթութիւն ջամբելու վեհ ու ազնիւ գործին մէջ: Ան կարեւոր նկատեց նաեւ կազմակերպութիւններու եւ յատկապէս հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն կարեւոր դերակատարութիւնը սփիւռքի կեանքին մէջ` ըսելով, որ անոնք հայապահպանման, ուղիղութեան, մաքրութեան, պարկեշտութեան օրինակ պէտք է դառնան երիտասարդութեան համար: Ան ըսաւ. «Մեր կազմակերպութիւնները պէտք է դուռ բանան երիտասարդութեան եւ ոչ թէ անոնց դիմաց դռները գոցեն»:

Խօսելով սփիւռքի մայրաքաղաք Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն մասին իր ունեցած տպաւորութեան` Ա. Պէզիքեան իր ընդվզումը յայտնեց համայնքներու եւ կազմակերպութիւններուն միջեւ համագործակցութեան բացակայութեան համար: Ան կոչ ուղղեց` անպայման կեանքի կոչելու գործակցութիւնը բոլոր համայնքներու, կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններուն միջեւ: Ան ըսաւ. «Այն օրը, որ մենք կ՛ունենանք հզօր սփիւռք, կ՛ունենանք հզօր հայրենիք, եւ այն օրը, որ հզօր հայրենիք կ՛ունենանք, հզօր սփիւռք կ՛ունենանք: Կը տեսնեմ հրեաները` աշխարհով մէկ ինչպէ՜ս կը գուրգուրան իրենց թէ՛ սփիւռքին, թէ՛ հայրենիքին վրայ: Պէտք է համագործակցութիւնը ամէն գնով կրկին մէջտեղ բերել, այլապէս վտանգուած է սփիւռքի ապագան»:

Խօսելով Հայաստանի մէջ իրականացուցած ծրագիրներուն մասին` ան ըսաւ, որ «Անի Պէզիքեան երիտասարդական կեդրոն»-ի ստեղծման եւ կառուցման հիմնական նպատակը համալսարանական ուսման նպատակով շրջաններէն Երեւան հասած անապահով ընտանիքներու աղջիկներու կեցութեան եւ ապրելու կեդրոն մը, գուրգուրանքի վայր մը ապահովելը եղած է: Ուսանողուհիները իրենց ուսումը աւարտելէն ետք դուրս կու գան` նորերու տեղ յատկացնելով: Ան յայտնեց նաեւ, որ 1988-ի ահեղ երկրաշարժին պատճառով 17 տարուան ընթացքին ստանձնած է 350 մանուկներու խնամքը ու շատ մը ընտանիքներու օժանդակութիւնը: Ալեքքօ Պէզիքեան անդրադարձաւ նաեւ Ծաղկաձորի մէջ ամառնային ճամբարին, որուն շնորհիւ ամրան ամիսներուն հերթաբար 200-էն աւելի պատանիներ 15 օրով կը զուարճանան եւ հաճելի պահեր կ՛ունենան:

Զրոյցի աւարտին զրուցակիցները անդրադառնալով Ալեքքօ Պէզիքեանի` Հայաստանի մէջ իրականացուցած ծրագիրներուն, որոնք նուիրուած են Հայաստանի զարգացման, աղէտի գօտիի վերականգման, որբերու, երիտասարդութեան եւ անպատսպար ընտանիքներու օժանդակութեան, գնահատանքով մատնանշեցին, որ բոլոր աշխատանքներուն նիւթական նուիրատուութիւնը Ալեքքօ Պէզիքեան կատարած է լուռ, համեստօրէն եւ առանց մեծ քարոզչութեան, եւ այս բոլոր բարեսիրական ծրագիրներու իրականացման մէջ «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը եկած է լրացնելու երկար շունչի վրայ Ալեքքօ Պէզիքեանին տարած աշխատանքները, որոնք տարուած են եւ կը շարունակուին:

Ալեքքօ Պէզիքեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց լիբանանահայ մամուլին տարած անդուլ աշխատանքին համար` շեշտելով լիբանանահայ մամուլին կարեւոր դերը սփիւռքի հայապահպանութեան ծիրին մէջ եւ կարեւոր նկատելով համագործակցելու եղանակը տարբեր առիթներով: Ան շնորհակալութիւնը յայտնեց անոնց օգտաշատ զրոյցին համար եւ մաղթեց, որ նման հանդիպումները յաճախակի ըլլան, որ կարելի ըլլայ տեսակէտներ եւ կարծիքներ փոխանակել:

 

 «Ազդակ»

Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play