Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

  • 23-05-2017 17:54:41   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Քուէյթ իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդաբար այցելեց Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները։
 
Լիբանանի դեսպանը՝ Մահէր Խէր լիբանանեան յատուկ հիւրասիրութեամբ եւ բացառիկ ընդունելութեամբ դիմաւորեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ լիբանանեան համայնքի ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, հոգեւոր պետեր եւ Քուէյթէն ներս գործող շարք մը դեսպաններ։
Ճաշկերոյթի սկիզբը խօսք առնելով դեսպանը, ջերմօրէն ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին ներկայութիւնը լիբանանեան հողին վրայ։ Այս առիթով դեսպանը անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան դերակատարութան Լիբանանէն ու Միջին Արեւելքէն ներս՝ միջազգային մակարդակի վրայ որպէս կրօններու միջեւ համերաշխութեան, հանդուրժողութեան ու գործակցութեան առաքեալ, ինչպէս նաեւ շեշտեց հայ համայնքին դերակատարութեան կարեւորութիւնը Լիբանանէն ներս։
Ապա, ճաշկերոյթին մասնակից շուրջ հարիւր հրաւիրեալներու ներկայութեան խօսք առնելով, անգլերէն ու ֆրանսերէն լեզուներով, Նորին Սրբութիւնը յայտնեց Լիբանանի իւրայատուկ դիմագիծը որպէս կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ կենդանի համակեցութեան երկիր, եւ այս ծիրէն ներս բաղդատական մը ըրաւ Քուէյթի ու Լիբանանի միջեւ, զանոնք նկատելով որպէս երկխօսութիւնը կեանքի վերածած երկիրներ։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի հայ համայնքին մասին, որ կը շարունակէ կարեւոր ներդրում բերել Լիբանանի հզօրացման ու զարգացման։
Ճաշկերոյթի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։
Վեհափառ Հայրապետը իրեն ընկերացող պատուիրակութեան հետ այցելեց նաեւ Հայաստանի դեսպանատուն։ Հայաստանի դեսպանին բացակայութեան գլխաւոր հիւպատոսը՝ Լեւոն Պետրոսեան ջերմօրէն ողջունեց Նորին Սրբութեան այցելութիւնը Քուէյթ, եւ մանաւանդ ներկայութիւնը Հայաստանի դեսպանատունէն ներս։ Ան անդրադարձաւ Քուէյթի եւ Հայաստանի միջեւ տակաւ աճող յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութեան, եւ այդ ծիրէն ներս Քուէյթի հայութան բերած կարեւոր նպաստին մասին։
Նորին Սրբութիւնը իր կարգին իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Քուէյթի մէջ հաստատուած Հայաստանի դեսպանատունը լծուած է երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական ու տնտեսական յարաբերութիւններու առաւել զարգացման ու ծաւալման։ Էմիրին հետ ունեցած իր հանդիպման ակնարկելով, Վեհափառ Հայրապետը նշեց՝ թէ Քուէյթի հայութեան նկատմամբ յատուկ յարգանք մը ունի ան։ Ապա Նորին Սրբութիւնը աւելցուց, թէ Սփիւռքի հայութիւնը ուր որ ալ գտնուի միշտ կը մնայ հաւատարիմ այդ երկրի օրէնքներուն, մասնակից կը դառնայ այդ երկրի յառաջդիմութեան, միաժամանակ առաջնահերթութիւն կը նկատէ իր գործօն մասնակցութիւնը բերել Հայաստանի հզօրացման ու ծաղկման աշխատանքներուն։ Արամ Ա. Կաթողիկոս վստահեցուց, որ նոյն այս ոգիով քուէյթահայութիւնը պիտի շարունակէ իր գործօն զօրակցութիւնը Հայաստանի առաւել զարգացման։
Յայտնենք, որ թէ՛ Լիբանանի եւ թէ Հայաստանի դեսպանները օդակայանէն սկսեալ ընկերացան Վեհափառ Հայրապետին բոլոր հանդիպումներուն ու այցելութիւններուն։
 
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play