Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վաղը պիտի ժամանէ քաղաքս


Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վաղը պիտի ժամանէ քաղաքս

  • 31-05-2017 18:10:33   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Պատրիարքարանի աղբիւրները երէկ պաշտօնապէս տեղեկացուցին, որ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վաղը պիտի ժամանէ քաղաքս։ Համապատասխան զեկոյցը այսօր լոյս տեսած է մամուլին մէջ։ 
 
Կը նախատեսուի, որ ժամը 14.45-ին Նորին Սրբազնութեան ինքնաթիռը վայրէջք կատարէ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանը։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ օդանաւէ ելքին պիտի դիմաւորուի՝ պատուոյ հիւրերու բաժանմունքէն։ Ան Պատրիարքարանի պաշտօնական ինքնաշարժով պիտի առաջնորդի Գումգաբու, ուր յետմիջօրէին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած է «Հրաշափառ»ի արարողութիւն, որու ընթացքին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան պիտի կատարէ նաեւ իր երդումը։
 
Քէօլնէն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ քաղաքս պիտի ժամանէ նաեւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան։ Վաղուան դիմաւորման արարողութենէն վերջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջը պիտի անցընէ քաղաքիս մէջ, իսկ Կիրակի երեկոյեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին պիտի ուղեւորուի՝ մասնակցելու համար Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի գումարուի, նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։ Ինչպէս նախօրօք ալ հաղորդած էինք, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան յառաջիկայ շաբթուան մէջ պէտք է մասնակցի նաեւ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի հերթական ընդհանուր ժողովին, որու համար Երեւանէն ուղղակի պիտի մեկնի Քէօլն։ Նորին Սրբազնութիւնը Գերմանիոյ Թեմէն ներս իր փոխանորդին որոշ պարտականութիւններ յանձնելու գործը պիտի պաշտօնականացնէ ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ եւ աւելի վերջ դարձեալ պիտի գայ քաղաքս։
 
Այս Կիրակի, Տեղապահ Տ. Գարագին Արք. Պեքճեան Հոգեգալստեան տօնակատարութիւններուն պիտի նախագահէ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։
 

Նյութի աղբյուրը՝ Ժամանակ

Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը