Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱՇԽԱՏԱՔՆԵՐՈՒՆ


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱՇԽԱՏԱՔՆԵՐՈՒՆ

  • 13-06-2017 12:11:25   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Ազգային Վարչութեան հետ միատեղ, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը դարձուցած է առաջնահերթութիւն իր հայրապետական աշխատանքի ծիրէն ներս։ Սուրիահայութեան վերականգնումը նկատելով համահայկական տարողութեամբ կատարուելիք աշխատանք, այս ուղղութեամբ ան մնայուն կապի մէջ է թեմերուն, Սուրիոյ հայութեան օժանդակած կառոյցներու եւ անհատներու հետ, որպէսզի կազմակերպ հիման վրայ դրուի վերականգնումի գործընթացքը։
 
Այս օրերուն Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը կը գտնուի Անթիլիասի Մայրավանք, վերականգնումի շուրջ խորհրդակցութիւններ ունենալու Նորին Սրբութեան հետ։ Սրբազանը Սուրիոյ մէջ կատարուած նախնական աշխատանքներու ընդհանուր պատկերը ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետին։ Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով կատարուող նախապատրաստական աշխատանքները, անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարեց եւ պատասխանատու անձերը Անթիլիաս հրաւիրեց խորհրդակցութեան համար։ Նախապատրաստական աշխատանքներու աւարտին, կը ծրագրուի վերականգնումի ընդհանուր հաւաք կազմակերպել սկզբունքով Սեպտեմբերի սկիզբը։
 
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն