Իսրայէլեան «Հէրցիլիա»ն եւ մեր … ժողովները


Իսրայէլեան «Հէրցիլիա»ն եւ մեր … ժողովները

  • 28-06-2017 06:44:50   | Հայաստան  |  Վերլուծություն

Այս օրերուն արաբական ԶԼՄ-ներու հիմնական կիզակէտը Իսրայէլի մէջ կայացած «Հէրցիլիոյ ժողով»ն է, որն անցնող 17 տարիներուն արդէն իսկ ստացած է հերթական բնոյթ:
Թէլ Աւիւի մօտ եղող Հէրցիլիա քաղաքին մէջ եղող եւ քաղաքին անունը կրող ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի չորս կողմերը ապրող հրեայ գործիչներ, որոնցմէ շատերը նաեւ հանդէս կու գան յատուկ զեկոյցներով:
 
Իսրայէլի գործող վարչապետ Բէնիամին Նաթանաիհույի օգնականներէն ՝ Կոզի Արատի կողմէ հիմնադրուած այս ժողովը տարբեր հարցերու կողքին կը քննարկէ յատկապէս Իսրայէլ երկրի անվտանգութեան հարցերը եւ ժողովի աւարտին մասնակիցները կը հրապարակեն յատուկ զեկուցագիր մը, որ կը ներկայացուի Իսրայէլի կառավարութեան:
 
Ժողովին կը քննարկուին նաեւ երկրին առջեւ ցցուած ապահովական, մարդագրական, ընկերային եւ տնտեսական մարտահրաւէրները, բայց անոր հիմնական առանցքը կը դառնայ Իսրայէլի անվտանգութեան եւ ապահովութեան թեմաներուն շուրջ:
 
Հայութեան տարբեր խաւերն ալ հերթական բնոյթ ունեցող ժողովներ կը գումարեն ու այդ ժողովներուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւններն ու մարմինները:
Հայաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ արագ բաղդատութիւն մը կատարելու պարագային յստակ պիտի դառնայ, որ ի տարբերութիւն Իսրայէլին մեր երկիրը այսօր կանգնած է մարդագրական լուրջ խնդիրներու առջեւ:
Հայաստանի առջեւ ցցուած ընկերային- տնտեսական խնդիրները եւ դադար չունեցող արտագաղթը լուրջ սպառնալիք կրնան ըլլալ վաղը, երբ Հայաստանի սահմանները պահպանող արի զինուորներու թիւը նուազի եւ մենք բոլորս կանգնինք մեր անվտանգութիւնը պահպանելու հարցին առջեւ:
Յստակ է նաեւ, որ մեր «հարեւան» պետութիւնը ՝ Ազրպէյճանը ծրագրուած կերպով իր առջեւ նպատակ դրած է ամէն գնով դատարկել Արցախի եւ Հայաստանի սահմանային գօտիները:
 
Այս խնդիրները մեզի մտածել պէտք է տան հիմնովին փոխելու գործելու եղանակները, յատկապէս երբ կը խօսինք մեր երկրի ոչ հեռաւոր ապագային մասին:
Ինչքան ալ արի եւ անձնազոհ ըլլան մեր զինուորները, թշնամիին կողմէ ձեռք բերուած մարդագրական առաւելութիւն մը կրնայ փորձութեանց փորձութիւնը դառնալ:
Ու այս բոլորէն անդին դժուար չէ նայիլ իսրայէլեան օրինակին ու հոն գործի դրուած օրինակը աչքի առջեւ առնելով փոխել ցարդ գործադրուած ձեւաչափերը:
 
Մեր խնդիրը այսօր միայն Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը պէտք չէ ըլլայ: Եթէ այդ օրակարգը մեզ միացնող հանգամանք մ’ունի յստակ է նաեւ, որ ազգային պետութիւն մը կերտելու մեր երազը կ’աճի, կը մեծնայ եւ ամբողջական կը դառնայ միայն մեր սահմաններու պաշտպանութեամբ եւ մարդագրական պատկերի բարելաւումով:
 
Մենք իրաւունք չունինք խօսիլ միասնութեան գաղափարին մասին, երբ ամէն տարի հազարաւոր հայեր ու այս անգամ անվերադարձ կը լքեն մեր երկիրը ու կը հեռանան:
Մենք իրաւունք չունինք խօսիլ Հայաստան- սփիւռք կապերու ամրապնդման մասին, երբ սփիւռքէն Հայաստան հասած մեր հայրենակիցներուն մօտեցումները կը շարունակեն մնալ լոկ «տուրիստական» մօտեցումներ:
Ու մենք իրաւունք չունինք յոխարտալու իրաւական եւ ռամկավարական սկզբունքներու վրայ հիմնուած պետութիւն մը կերտած ըլլալու մասին, այնքան ատեն, որ Հայաստանի մէջ ապրող մէկ հայ կը բողոքէ երկրի դատա-իրաւական համակարգին մէջ երեւցող եւ «աչք ծակող» բացթողումներէն:
 
Ժողովները կարեւոր են մեզի համար: Կարեւոր են, եթէ այդ ժողովի մասնակիցները հեռու մնան «հէլէ՛ պատկեր մը քաշուինք»ի եւ « նախ սա մետալը կորզենք»ի հոգեբանութիւնէն:
Ու այս առումով այս տողերուն մէջ եղող, դրական ու շինիչ քննադատութեան սլաքները կ’ուղղուին յատկապէս սփիւռքի այն այս տողերուն մէջ եղող շինիչ քննադատութեան սլաքները կ’ուղղուին յատկապէս սփիւռքի այն պարոններուն, որոնք ուշի ուշով կը պատրաստուին յառաջիկայ սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Հայաստան- սփիւռք հերթական ժողովին:
Թող գան, հարիւրներով պիտի գան, լա՛ւ կ’ընեն, բայց գէթ այս անգամ թող մտածեն առողջ լուծումներու մասին ու մեր ժողովները թող բարձրացնեն ազգային գիտակցութեան բարձր մակարդակի:
 
27.06.2017   | Hay Dzayn | Սագօ Արեան
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play