Հայաստան-Սփիւռք կրթական ու մշակութային յարաբերութիւններու գաղափարն իսկ մտքիս մէջ կը յառաջացնէ ապշութիւն՝ գրեթէ չնաշխարհիկ բանի մը յիշատակման պէս.Յակոբ Կիւլլիւճեան


Հայաստան-Սփիւռք կրթական ու մշակութային յարաբերութիւններու գաղափարն իսկ մտքիս մէջ կը յառաջացնէ ապշութիւն՝ գրեթէ չնաշխարհիկ բանի մը յիշատակման պէս.Յակոբ Կիւլլիւճեան

  • 05-07-2017 11:25:36   | Ֆրանսիա  |  Հարցազրույցներ

Հարցազրոյց
UCLA համալսարանի 
Հայագիտական ամպիոնի դասախօս
Յակոբ Կիւլլիւճեանի հետ
 
Ա. 
 
«ՆՅ» - Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները զօրաւոր լուսարձակի տակ են։ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը կը դիմէ սփիւռքահայ մեծ կազմակերպութիւններուն՝ Բարեգործականին, IdeA-ին, Ամերիկայի Հայկական Համագումարին, մեծահարուստներու... անոնց նեցուկը ապահովելու համար։ Տնտեսականէն անդին դուք ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները կրթական ու մշակութային բնագաւառներուն մէջ։ 
 
Յակոբ Կիւլլիւճեան - Տալիքս միայն տպաւորութիւններ են, որոնք չեն հիմնաւորուած ցանկագրուած տուեալներով։ Տպաւորութիւն մը սակայն ընդհանրապէս ցուցանիշ է առկայ իրականութեան մը։ Հայաստան-Սփիւռք կրթական ու մշակութային յարաբերութիւններու գաղափարն իսկ մտքիս մէջ կը յառաջացնէ ապշութիւն՝ գրեթէ չնաշխարհիկ բանի մը յիշատակման պէս։ Խօսքս կը վերաբերի պաշտօնական յարաբերութիւններու, որոնք սահմանափակուած կը թուին ըլլալ արժանաւորներու թէ այլոց տրուող առատ շքանշաններու։ Մնացեալ կապերը ընդհանրապէս ոչ-պետական մակարդակի վրայ են ու հետզհետէ աւելի աշխոյժ կը թուին ըլլալ։ Մէկ կողմէ կան Հայաստանի աւանդական գիտական ու կրթական հաստատութիւններու նախաձեռնութիւնները, ուր դեռ կը յամենայ հին սովորութիւնը, օրինակ՝ գիտաժողովներու մասնակցութեան միջազգային հրաւէր ուղարկելու ձեռնարկի թուականէն երկու շաբաթ առաջ։ Միւս կողմէ, սակայն, մեծ կենսունակութիւն կ՚ապրին մասնաւոր խմբաւորումներու եւ անհատներու կողմէ յառաջ մղուած ձեռնարկները։ 
Յիշեալները կը տեսնենք գլխաւորաբար հրատարակչական մարզին մէջ, ուր Երեւանը իր տարբեր հրատարակչատուներով արդէն իսկ հոն քաշած է սփիւռքահայ գիրքի հրատարակութեան գործընթացը։ Ասիկա թէեւ կրնայ որոշ ժխտական հետեւանքներ ունենալ սփիւռքի տարբեր կեդրոններու մէջ գործող հայկական տպարաններու համար (հրատարակչատուներու մասին խօսիլը արդէն դժուար է), այնուհանդերձ դրական մեծ զարգացումներ կ՚ենթադրէ Հայաստանի գրական համայնքին համար. տպարանի աշխատողներ, խմբագիրներ, գրատուներ, գրքի շնորհահանդէսներ, գրախօսողներ եւ ընթերցողներ՝ բոլորն ալ սկսած են սերտ կապ հաստատել սփիւռքահայ եւ յատկապէս արեւմտահայ գիրքին հետ։ Դժուար է դեռ չափել ասոր հնարաւոր հետեւանքները, որոնք կարելի է ամփոփել հիմնական երեք կէտերու մէջ.
 
ա) Արեւմտահայ գրողի «շուկան» յանկարծ կ՚ընդլայնի. շուկայ բառը կը չակերտեմ, որովհետեւ տնտեսականի հետ կապ չունի, այլ՝ գրութեան տեղ մը հասնելուն, արձագանգ մը գտնելուն եւ գրողը վերստին ոգեւորելու կարելիութեան հետ։
 
բ) Հայաստան-Սփիւռք իտէալական (ու բացակայ) «Կապի Կոմիտէ»-ի մը նպատակները կ՚իրագործուին ինքնաբերաբար, երբ Հայաստանը կը ծանօթանայ Սփիւռքին եւ արեւմտահայ մշակոյթին. իսկ դիմացինը ճանչնալն ու այդ ձեւով կատարուած մերձեցումը միակ դեղն է այլամերժութեան եւ խտրականութեան դէմ։
 
գ) Արդէն իսկ կարելի է տեսնել ժամանակակից բառային կարիքներու համար սփիւռքահայ լուծումներու որդեգրումը հայաստանեան շրջանակներու կողմէ։ Ասոնք կրնան վերաբերիլ ոչ միայն նորաստեղծ բառերու, այլեւ շատոնց լքուած հայերէն բառերու վերընկալման։ Օրինակ մըն է «ժողովրդավարութիւն», «ընկերվարութիւն» եւ այլ եզրերու ընթացիկ գործածութիւնը Հայաստանի մէջ, երբ տասնամեակ մը առաջ միայն վրադ կը խնդային այդ բառերու մասին վիճարկման ընթացքին։ Միւս կողմէ, մերձեցումը նաեւ կրնայ աստիճանաբար ազդել դասական ուղղագրութեան հանդէպ յաւելեալ հանդուրժողութեան։
 
Երկրորդ հիմնական զարգացում մը կը կատարուի գրական եւ մտաւորական մարզին մէջ՝ սփիւռքահայ մտածողներու հետ հրապարակային հանդիպումներով, որոնք կը հեռասփռուին համացանցային միջոցներով, թէ՛ ուղիղ եթերով հետեւողներու, եւ թէ՛ յետագային մատչելի մնալով նոր ունկնդիրներու կամ ակնդիրներու։ Գրիգոր Պըլտեանի կամ Մարկ Նշանեանի Հայաստանի մէջ կատարած դասախօսութիւններէն կամ ասուլիսներէն շատերը այսօր ԵուԹուպի ցանկերուն մէջ են ու կը շարունակեն դիտուիլ։ Վերջերս Լոս Անճըլըսի Ապրիլ գրատան գրքի ակումբի ծրագրին մէջ տասը կամ տասներկու հոգիով վիճարկում մը կատարուեցաւ Մարկ Նշանեանի վերջին հատորին մասին։ Ապշեցուցիչն ու միաժամանակ յարացուցական երեւոյթը այն է, որ 972 հոգի հետեւած էին կամ յաջորդ մէկ-երկու օրերուն դիտած համացանցային ուղիղ հոսարկումը (live streaming), մեծամասնութիւնը Հայաստանէն։
Այս բոլորը մեզ կը բերեն էական հաստատումի մը, որ կ՚առընչուի ժամանակակից աշխարհի յարաբերութիւններու զօրութենականացման (virtualization)։ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, ու թերեւս ամէն տեղ, աշխարհագրական սահմանները աղօտած են. ո՛չ միայն ատիկա, այլեւ կարելի է ըսել՝ միջոցի յղացքը յարաբերականացած է։ Այսինքն, Հայաստան կամ Սփիւռք գտնուիլը կամ հոս թէ հոն կայացող մշակութային կեանքի մասնակցիլը դարձած է մէկուն բնակավայրէն անկախ, եղած է ընտրութեան հարց, «թափանցիկ»՝ ինչպէս պիտի ըսէր մասնագիտական գրականութիւնը։ Ասիկա նաեւ ունի իր խոր հետեւութիւնները հայրենիք եւ պատկանելիութիւն յղացքներու յարաբերականացման եւ ապագայ կարելի զարգացումներուն մէջ, չմոռնալով նոյնինքն ցեղի հասկացութեան յարաբերականացումը, երբ նոյն այդ արհեստագիտական միջոցներու եւ համաշխարհայնացման պատճառով ինքզինք «հայ» դաւանողը այլեւս արենակցօրէն հաւանաբար պատկանի երկու, երեք կամ աւելի ծագումներու։ 
Մշակութային յարաբերութիւններու այս զարգացումները մեծապէս կ՚ազդուին նաեւ ժամանակի յղացքի յարաբերականացումէն։ Անցեալին դասախօսութիւն մը կը պատահէր այսինչ օրը, թերթ մը ու հոն գտնուող յօդուածները շրջագայութեան մէջ կը մնային առաւելագոյն ժամանակամիջոցի մը տեւողութեամբ, իսկ յետոյ կ՚անհետանային կամ կը թաղուէին գրադարաններու խորերը՝ հետազօտողներուն միայն մատչելի։ Այսօր սակայն համացանցը ամէն ինչ կը պահէ ձեռքի տակ։ Կարեւոր չէ, թէ «Բագին»-ի ո՞ր թիւն է վերջնագոյնը. կայքէջը մտնողին համար հաւասարապէս մատչելի են բոլոր թիւերը։ Նոյնը կարելի է ըսել օրաթերթերու եւ գրական տեսանիւթերու պարագային։ «Ընթերցողներու» թիւը, ուրեմն, անհամեմատօրէն կ՚աճի ու աշխարհագրականօրէն կը տարածուի։
 
«ՆՅ» - UCLA-ի նման համբաւաւոր համալսարանի մը Հայագիտական ամպիոնի դասախօս էք։ Ի՞նչ է վիճակը հայագիտութեան ԱՄՆ-ու եւ մասնաւորապէս Լոս Անճըլըսի մէջ։ 
Յ.Կ. - Լոս Անճըլըսի համալսարանը, ինչպէս գիտէք, ամենէն ծաւալուն հայագիտական կեդրոնն է Հայաստանէն դուրս։ Ունինք գրաբարի, արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի դասընթացքներ։ Գրականութեան դասերէ զատ կայ նաեւ Հայոց պատմութեան ամպիոն։ Հայագիտական հետազօտութիւնները եւ ներկայութիւնը կարեւոր են նաեւ հնագիտութեան բաժանմունքին մէջ, ուր կայ յատուկ հայկական ծրագիր։ Հայկական ուսմունքները ներկայ են նաեւ երաժշտագիտական մարզէն ներս։ Դոկտորական ընթացքի ուսանողներ վերջին տարիներուն հետազօտած են եւ կը շարունակեն ուսումնասիրել վաղ արդի շրջանի պատմութիւնն ու տնտեսական կապերը, միջնադարեան գրականութիւն եւ կրթական համակարգ, համեմատական հայրաբանութիւն եւ աստուածաբանութիւն, ինչպէս նաեւ վերջին երկու դարերու ընկերային, մշակութային, գրական եւ պատմական զարգացումներ։
Հայագիտութիւնը ընդհանրապէս Ամերիկայի թէ Արեւմուտքի մէջ բաւական տարբեր է այն պատկերացումէն, որ անոր մասին կար մէկ-երկու տասնամեակ առաջ։ Աւանդական հայագիտութիւնը գրեթէ հոմանիշ էր հին եւ միջնադարեան ուսմունքներու։ Ներկայիս ան գլխաւորաբար կը կեդրոնանայ ԺԸ. դարէն մինչեւ ժամանակակից նիւթերու վրայ։ Ինչպէս գրեթէ ամէն տեղ հայկական կեանքի մէջ, հայագիտութիւնն ալ որոշ հակումներ կը ցուցաբերէ ցեղասպանակեդրոն մտասեւեռումի մը։ Կարգ մը կեդրոններու մէջ բացարձակ նախապատւութիւն կը տրուի ամէն ինչի, որ առընչուած է Աղէտին, Թուրքերու եւ Քիւրտերու հետ յարաբերութիւններուն ու յարակից հարցերու, երբեմն ի հեճուկս ճգնաժամային կարեւորութիւն ներկայացնող այլ հարցերով զբաղող թեկնածու ուսանողներու՝ ինչպիսին պիտի ըլլար, օրինակ, Սփիւռքի մէջ ժառանգական լեզուի ուսուցման ու կենսաւորման մասին հետազօտութիւնը (որ, ի դէպ, կարեւոր տեղ կը գրաւէ մեր համալսարանի ծրագրին մէջ)։
Հակառակ դէպի ժամանակակից նիւթեր վերոյիշեալ այս շարժումին, անձնական տպաւորութիւնս այն է, որ հետազօտողներու մեծամասնութիւնը կը շարունակէ հայագիտութեան առարկան նկատել ուսումնասիրելի ու մեռեալ իր, ինչպէս էր դասական բանասիրութեան ատեն։ Նոյնիսկ այսօրուան նիւթերով զբաղողներէն ոմանք (սփիւռք, ցեղասպանութիւն, եւ այլն)՝ հայազգի թէ օտար ծագումով, կը դրսեւորեն արեւելասիրութեան (orientalism) շեշտուած ախտանշաններ, արեւմտակեդրոն աշխարհահայեացքէ մեկնող «հովանաւորական» (condescending, patronizing) վարուելակերպ, «դուք խելօք սպասեցէք՝ խնդիրը մե՛նք բացատրենք եւ լուծումը մե՛նք դուրսէն կամ վերէն ձեզի կը շնորհենք» տիպի կեցուածք։ Բարդ, սակայն տեսանելի շրջանակ մըն է, ուր կարելի է պահուըտիլ յառաջդիմականութեան անունով գործող հակախտրական եւ հակացեղակեդրոն գաղափարախօսութեանց ետին՝ ամբաստանելու համար ուսումնասիրեալ համայնքի «ներսէն» եկող որեւէ առարկութիւն, որ խնդրականացնէ արեւելասիրական միտումները։
Հայագիտութեան առարկայի ու յատկապէս արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ մշակոյթի իբրեւ «ուսումնասիրելի մեռեալ իր» ընկալման դրսեւորումներէն մէկն ալ լեզուական հարցն է։ Ժամանակակից գրականութիւն կամ պատմութիւն կարելի չէ ուսումնասիրել առանց խոր հայերէնագիտական ծանօ-թութեան, իսկ ատիկա հազուագիւտ բան է ընդհանրապէս նոր սերունդի հայ թէ օտար հետազօտողներու պարագային, բացառելով միջին սերունդէն անդին գտնուող կարգ մը հայագէտներ։ Կասկածելի արդիւնքներ կրնայ ունենալ ժամանակակից նիւթերու ուսումնասիրութիւն մը հիմնել միայն օտարալեզու աղբիւրներու ու թերեւս հեգելու մակարդակէն քիչ մը վեր հայերէնի մը վրայ։ Քսան-երեսուն հայերէն գիրք չկարդացած՝ անկարելի է ժամանակակից ոչ-աղբիւրագիտական գրութիւններու ծալքերուն, երանգներուն մէջ թափանցել ու զանոնք վերլուծել։ Շրջանակէս՝ UCLA-էն դուրս (երբեմն նաեւ մեզի եկողներու մէջ) շատ քիչերուն հանդիպած եմ, Հայերը՝ դեռ աւելի, որ այդ «գինը վճարելու» յօժար եղած ըլլան։ Որեւէ լեզուով ուսանող թեկնածուներ ընդհանրապէս պարտաւոր կ՚ըլլան այդ լեզուով ուսումնասիրութիւն մը, աշխատութիւն մը շարադրելու կամ դասախօսութիւն մը տալու ճարտարութիւնը ունենալ. հայագիտութեան պարագային ատիկա երբեմն ծիծաղ կ՚առթէ, երբեմն ալ մեկուսապաշտութեան ակնարկութիւններու տեղ կու տայ։ 
Կրկնեմ՝ ծագումով հայ թէ ոչ, կամ հայախօս թէ ոչ, մարզի մասնակիցներու եւ ուսանողներու մեծամասնութեան համար առանց հայերէնի հայագիտութիւնը կը մնայ ընդունելի կարելիութիւն, նոյնիսկ հայագիտական ամպիոն գրաւելու համար հայերէն աղբիւրներու մատչելու կարողութիւնը մերթ զանցառելի կը նկատուի։ «Գործին վրայ կը սորվին»-ը այնքան ալ անկարելիօրէն զաւեշտական չի թուիր մեր մարզին մէջ, ինչպէս պիտի ըլլար որեւէ տիրական լեզուի պարագային։ Հոնկէ ալ՝ այս շեշտ արեւելասիրութիւնը (օրիենթալիզմը). զայն դրսեւորողները թէեւ տեսականօրէն ամենաբուռն պաշտպաններն են Էտուարտ Սայիտի դրոյթներուն, սակայն զանոնք կը կիրարկեն նոյնինքն «արեւելասիրութեամբ»։ Նոյնը կը պատահի հակախտրականութեան, որու ջատագովներէն ոմանք, յատկապէս մեր մարզին մէջ, ատիկա կամ հակացեղակեդրոնութիւն կիրարկելու ընթացքին կ՚իյնան նոյն այդ խտրականութեան մէջ, երբ հայ ծագումով ուսանողներ կամ անոնց կողմէ ապրո՛ղ Սփիւռքի մը խնդիրները ուսումնասիրող կամ անոնց լուծում որոնող հետազօտական առաջարկներ կ՚անտեսուին։
Մեր համալսարանի պարագային այս հարցերը բարեբախտաբար նուազագոյնի կ՚իջնեն, թերեւս «ներածուին» միայն դուրսէն եկողներով։ Ասիկա կը պարտինք ապրող համայնքի մը մերձ ըլլալու անխուսափելի ազդեցութիւններուն, ինչպէս նաեւ մեր ամպիոններու վարիչներուն եւ դասախօսներուն արտասովոր եւ բազմակողմանի հայերէնագիտութեան։
 
Հարցազրոյցը վարեց՝
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ ■
(Մնացեալը յաջորդով)
«ՆՅ»
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Հարցազրույցներ