Հայկական Ինքնութեան Բնորոշման Ուղիներ` Հայաստան – Սփիւռք Յարաբերութեան Ու Պահանջատիրութեան, Մերօրեայ Մարտահրաւէրներուն, Իսլամացած Հայերու Իրականութեան Լոյսին Տակ


Հայկական Ինքնութեան Բնորոշման Ուղիներ` Հայաստան – Սփիւռք Յարաբերութեան Ու Պահանջատիրութեան, Մերօրեայ Մարտահրաւէրներուն, Իսլամացած Հայերու Իրականութեան Լոյսին Տակ

  • 13-07-2017 16:18:20   | Լիբանան  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

 
Նոր հորիզոններուն դիմաց սփիւռքի պարզած պատկերը, սփիւռքահայուն ինքնահասկացողութիւնն ու ինքնութեան պահպանման ներկայ պայմանները եւ մարտահրաւէրները քննարկելու նպատակով 11 յուլիսին Պիքֆայայի մէջ ընթացք առած համախմբումը իր աշխատանքները շարունակեց երէկ` չորեքշաբթի, 12 յուլիսին:
 
 
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ Դպրեվանքի սրահին մէջ տեղի ունեցող այս համախմբումին առաջին նիստը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին, անոր նիւթն էր «Ինքնութիւն եւ պահանջատիրութիւն. (Ցեղասպանութիւն, ճանաչում, հատուցում, Ղարաբաղ)», իսկ զեկուցաբերները` Սեւակ Յակոբեան, Մուշեղ Պետիրեան եւ Յովսէփ Տէր Գէորգեան:
 
Սեւակ Յակոբեան իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ ներկայիս անհատական թէ հաւաքական մակարդակներու վրայ որքանո՞վ ինքնագիտակցութիւն ունինք, որքա՞ն կը ճանչնանք մեր պատմութիւնը, որքանո՞վ գիտակից ենք մեր իրաւունքներուն եւ պահանջատիրութեան` յստակ տուեալներու վրայ հիմնուած: Զեկուցաբերին համաձայն, ներկայիս կ’ապրինք երկմակարդակ կեանք, որոշ չափով հեռու ենք առողջ ու առարկայական ինքնագնահատումէ եւ ինքնաքննադատութենէ, պարզուած մտահոգիչ կացութեան պատասխանատուութեան ճշդումէ: Իր խօսքը եզրակացնելով` Սեւակ Յակոբեան առաջարկեց ինքնագիտակցութեան եւ ինքնութեան ճանաչման նոր ու առողջ մշակոյթի նախաձեռնել եւ մենք զմեզ իսկապէս ճանչնալու հոլովոյթի մը սկսիլ:
 
Երկրորդ զեկուցաբերն էր Մուշեղ Պետիրեան, որ հաստատեց ինքնութեան հարցին կենսական եւ էական առաջնահերթութիւն ըլլալու հանգամանքը: Ան իր զեկուցումին առանցքը դարձուց այն, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը հայուն համար հիմնական կռուան է, զոր անկարելի է մոռնալ, եւ որմէ որեւէ զիջում բացառուած է, ուստի անոր կառչածութիւնը յաւերժական է, որքան ալ փոխուին պայմաններն ու ժամանակները, այնքան ատեն որ տակաւին հայը իր իրաւունքներուն չէ տիրացած: Անոր համաձայն, իւրաքանչիւր հայու մէջ ալ առկայ է հայրենասիրական զգացումը, որ թերեւս որոշ շրջան մը կը շիջի, սակայն երբեք չի մարիր. առ այդ, զեկուցաբերը կարեւոր նկատեց երեք մակարդակներու վրայ` ընտանիք, ազգ եւ անհատ, տարբեր նախաձեռնութիւններու դիմելը` նորօրեայ պայմաններուն եւ պահանջներուն համահունչ, որպէսզի ազգային ինքնութիւնը պահպանուի, կարելի ըլլայ սփիւռքեան բազմաճիւղ եւ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրները դիմագրաւել ու պահպանել մեր ինքնութիւնը, Հայաստանը պահել հզօր եւ միշտ կառչիլ մեր դատին:
 
Ա. Նիստի երրորդ զեկուցաբերը` Յովսէփ Տէր Գէորգեան, իր խօսքին սկիզբը տուաւ ինքնութեան սահմանումը` շեշտը դնելով հայկական ինքնութեան վրայ, որ իր կարգին ունի քանի մը ճիւղաւորում` Հայաստանի, սփիւռքի եւ Թուրքիոյ տարածքին, նկատի ունենալով, որ իւրաքանչիւր ճիւղաւորում ունի իր առանձնայատկութիւնն ու պայմանները: Բայց եւ այնպէս ան Ցեղասպանութիւն ապրածի ինքնութիւնը նկատեց բոլորին մօտ առկայ հասարակ յայտարարը: Զեկուցաբերը լուսարձակի տակ առաւ հայ ազգի գոյութենական վտանգները` ֆիզիքական (Արցախ, Միջին Արեւելք, Թուրքիա), ձուլման (սփիւռք եւ Ջաւախք) եւ տարերային արտագաղթի (Հայաստանի ազգային անվտանգութեան սպառնացող)` շեշտելով, որ ազգային ուժեղ ինքնութիւնը հրամայական է թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ: Յովսէփ Տէր Գէորգեան ներկայացուց հայկական իրականութեան եւ յատկապէս սփիւռքեան պայմաններուն մէջ հայու ինքնութեան վրայ կարեւոր ազդեցութիւն ունեցող քաղաքական մօտեցումները, նաեւ` մեզ դէպի մերօրեայ համազգային նպատակները ուղղորդող ինքնութեան կարեւորագոյն ստորոգելիները: Այս ծիրին մէջ ան լուսարձակի տակ առաւ զոհի հոգեբանութիւնը ամբողջովին թօթափելու անհրաժեշտութիւնը, հայապահպանման մարտահրաւէրը ամէն գնով յաղթահարելու կարեւորութիւնը եւ շեշտը դրաւ քաղաքականացած նոր սերունդներու կազմաւորման, ինչպէս նաեւ հզօր ու վստահութիւն ներշնչող Հայաստան ունենալու հրամայականին վրայ: Իր խօսքի վերջին բաժինով զեկուցաբերը լուսարձակի տակ առաւ պայքարելու կամքը անսասան պահելու հանգամանքին վրայ, որովհետեւ անիկա է հայու ինքնութեան պահպանման հիմնասիւնը:
 
Բ. Նիստին խորագիրն էր «Ինքնութիւն եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւն (Հայաստանի նպաստը ինքնութեան ամրացման)». Զեկուցաբերներն էին Շահան Գանտահարեան, դոկտ. Յարութիւն Մարութեան եւ դոկտ. Արա Սանճեան:
 
 
 
Շահան Գանտահարեան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ թէեւ Հայաստանի եւ սփիւռքի կապին մասին խօսելով  նկատի կ’առնուի վերանկախացած Հայաստանը, սակայն առաջին հանրապետութիւնն ու խորհրդային Հայաստանը եւս իրենց ազդեցութիւնը ունեցան ինքնութեան կամ հայ մարդու հոգեկերտուածքին կազմաւորման վրայ: Ապա ան շեշտեց, որ երկրաշարժի, Արցախի ազատագրական պայքարի եւ հայրենիքի անկախացման իրադարձութիւնները սփիւռքը մղեցին շարժի` տարբեր դրսեւորումներով եւ տարողութեամբ հայրենիքին կողքին ըլլալու: Բայց եւ այնպէս զեկուցաբերը դիտել տուաւ, որ բնականոն պայմաններու մէջ պարագան տարբեր է: Շահան Գանտահարեան նշեց, որ երկքաղաքացիութիւն ստանալու համար եղած դիմումները, որոնք տարբեր նպատակներ կը հետապնդեն, միշտ չէ որ զուտ գիտակցական կամ հայրենիքի հետ իրաւական կապի հաստատման շարժառիթներ են: Ան շեշտեց, որ հակառակ ասոր, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալը իրաւական եւ բարոյական սերտ կապեր ստեղծեց հայրենիքին հետ, ինչպէս նաեւ ոմանց համար առիթ եղաւ հայկական արմատներու որոնման: Շահան Գանտահարեան այս ծիրին մէջ կարեւոր նկատեց սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնած` տարբեր կառոյցները, անհատները հայրենիքի մէջ համախմբելու քաղաքականութիւնը, որուն շնորհիւ հաւաքագրուող այդ մարդուժը իր առաքելութիւնը կը նկատէ իր ապրած երկրին մէջ հայրենիքի ծանօթացումը, ճանաչողականութիւնը եւ օտարներուն հայրենիք այցելութեան կազմակերպումը: Իր խօսքին եզրափակիչ բաժինով Շահան Գանտահարեան հաստատեց, որ վերանկախացած հայրենիքը մեծ ներդրում ունեցաւ եւ ունի սփիւռքահայու ինքնութեան յայտնաբերման, կայացման եւ ազգի ու պետականութեան պատկանելիութիւն ամրապնդման մէջ` կարեւոր նկատելով թիրախ ունենալ անտեսանելի սփիւռքը, զոր դէպի ինքնութիւն վերադարձնելու համար նոր ռազմավարութեան եւ աշխատանքային մեթոտաբանութեան կարիքը կայ:
 
Բ. նիստի երկրորդ զեկուցաբերը` դոկտ. Յարութիւն Մարութեան, նկատել տուաւ, որ վերջին տասնամեակներուն սփիւռքեան իրողութեան բնութագրական գիծերէն է կեթոյական կարգավիճակէն անցումը անուանապէս համայնքային կառոյցներու, որոնց մէկ զգալի մասին համար ազգային ինքնագիտակցութիւնը առաւելապէս անհատական, այլ ոչ համայնքային դրսեւորում է: Սփիւռքի ինքնութեան պահպանման հարցերուն մէջ զեկուցաբերը անհրաժեշտ նկատեց նախ եւ առաջ յենիլ մտաւորականներու ներուժին վրայ: Ըստ անոր, որքան ալ ինքնութեան ձեւակերպումներու հարցին մէջ տարակարծութիւններ ըլլան իրենց դրսեւորման հիմնական բնութագրիչներուն մէջ, այնուամենայնիւ, կարելի է առանձնացնել լեզուն, կրօնը, հաւաքական յիշողութիւնը, հասարակական կազմակերպութիւնները եւ անոնց դրսեւորման ոլորտները` դպրոց, եկեղեցի, թանգարան, ազգային-պետական, մշակութային ձեռնարկումներ եւ այլն: Դոկտ. Մարութեան նկատել տուաւ, որ լեզուի իմացութեան մակարդակը չէ, որ խիստ որոշիչ է հայկական ինքնութիւն կրելու պարագային, որովհետեւ ոչ կեթոյական սկզբունքով գոյատեւող այլ սփիւռքներու պատմական փորձը ցոյց կու տայ, որ երրորդ-չորրորդ սերունդին քով մայրենի լեզուի իմացութիւնը արմատապէս կը նուազի, լաւագոյն պարագային` կը գտնուի «կենցաղային» իմացութեան մակարդակով: Այս բոլորէն մեկնած, ան ներկայացուց առաջարկներ, որոնք կը միտին հայերէնի հեղինակութեան բարձրացման: Իր խօսքը եզրափակելով` զեկուցաբերը հրամայական նկատեց զոհի հոգեբանութեան շրջանցումը, նոր սերունդներուն մօտ ամրագրումը այն հաւատքին, որ տարբեր ժամանակներու ընթացքին հայը նաեւ յաղթանակած ազգ եղած է, որպէսզի էականացնելով պայքարի, մարտնչելու գաղափարը հայոց յիշողութեան, մշակոյթի եւ հայոց ինքնութեան մէջ, կարելի ըլլայ հասնիլ որոշակի հաւասարակշռութեան:
 
Դոկտ. Արա Սանճեան անդրադարձաւ Հայաստան, հայրենիք ու սփիւռք եզրերու բազմազանութեան եւ զանոնք ընկալելու տարբերութիւններուն, Հայաստանէն դուրս բնակող հայութեան ներուժը ճիշդ գնահատելու անհրաժեշտութեան: Ան յատուկ կերպով խօսեցաւ ձուլման ձգտող զանգուածին մասին, որուն համար հայրենիքը զբօսաշրջութեան վայր է հիմնականօրէն: Հայրենադարձներուն պարագան եւս լուսարձակի տակ առնելով` դոկտ. Ա. Սանճեան նշեց, որ Հայաստան պէտք է միջազգային մակարդակներու վրայ մրցունակ երկիր դառնայ, տնտեսական տագնապալի վիճակը շրջանցէ` գրաւելու համար աւելի մեծ զանգուածներ, թէեւ կայ նաեւ այն տեսութիւնը, որ նման հայեր նաեւ անհրաժեշտ են սփիւռքի մէջ` իբրեւ գաղութներու աշխուժ տարրեր: Ասոր զուգահեռ ան խօսեցաւ այն սփիւռքահայերուն մասին, որոնց համար Արեւմտահայաստան կամ Կիլիկիա վերադարձը դադրած է նպատակ ըլլալէ եւ ժամանակակից Հայաստանի մէջ է, որ կը տեսնեն ինքնութիւնը կենսունակ պահելու երաշխիքը: Զեկուցաբերը անդրադարձաւ նաեւ նոր սփիւռքներուն` դիտել տալով, որ դասականին եւ նորին միջեւ տարբերութիւններ կան Հայաստանի վերաբերող պատկերացումներու եւ մօտեցումներու առումով: Եզրակացնելով` դոկտ. Սանճեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ կապերը աւելի զարգացնելու ջատագով ու Հայաստանի հզօրացումով սփիւռքահայուն ինքնահամարումն ալ բարձրացնելու յուսացող սփիւռքահայ գործիչներուն հետեւողական ու ժրաջան աշխատանքը` գիտակցութիւնը բարձրացնելու համար եւ չտարուելու այն սին գաղափարով, որ ժամանակը ամէն ինչի դրական լուծում կը գտնէ:
 
Գ. Նիստը կը կրէր «Ինքնութիւն եւ կրօնափոխ հայեր» խորագիրը, եւ անոր ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան դոկտ. Հայկազուն Ալվրցեան, փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան, Կիրօ Մանոյեան եւ փրոֆ. Միհրան Տապպաղ:
 
Դոկտ. Ալվրցեան կրօնափոխ հայերու ազգային պատկանելիութիւնը բաժնեց երկու մասերու` քիւրտերու եւ թուրքերու, իսկ կրօնական պատկանելիութիւնը` սիւննի եւ ալեւի խմբաւորումներու: Ան նշեց նաեւ, թէ կան նաեւ լազ եւ ասորի կրօնափոխ հայեր: Ալվրցեան առանձնացուց համշէնահայերուն պարագան` նշելով, որ անոնց իսլամացումը սկսած է աւելի կանուխ ժամանակաշրջաններու եւ առնչուած չէ 1915-ի դէպքերուն հետ: Խօսելով ազգային ինքնութեան խնդիրին մասին` ան ըսաւ, թէ կան այսօրուան գործընթացէն դժգոհ կրօնափոխ հայեր, որոնք կ՛ուզեն մոռնալ իրենց կրօնափոխ հայ ըլլալու իրողութիւնը` մեկնելով քրիստոնեայ կրօնին վերադարձին բերած բարդութիւններէն, ինչպէս օրինակ` իսլամութենէ հրաժարելու համար մահապատիժ, ընկերային ճնշում, հաւանական բռնութիւններ եւ այլն: Իսկ ինչ կը վերաբերի քրիստոնէացած հայերուն, ան յայտնեց, որ կան յարմար առիթի մկրտուածներ եւ կան մկրտուելու համար տակաւին յարմար առիթի սպասողներ: Ան ընդգծեց կրօնափոխ հայերուն քով հողին կարեւորութիւնը. անոնք իսլամացած են մնալու համար հողին վրայ:
 
Փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան ինքնութիւնը ներկայացուց շրջագիծով մը (քոնսեփչուըլ ֆրէյմուըրք) եւ բաժնեց երեք բեւեռներու` հայրենիք, սփիւռք եւ իսլամացած հայեր, անոնց կեդրոնը առնելով ազգային ինքնութիւնը, կրօնը, եկեղեցին, դպրոցը, լեզուն, մշակոյթը, ծննդավայրը, ընտանեկան եւ համայնքային պարագաները: Ան հաստատեց, որ հայրենիք հասկացողութենէն չենք կրնար տարանջատել Հայաստանը Արցախէն, Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Կիլիկիայէն, իսկ սփիւռքը, ըսաւ ան, կը ներկայացնէ համաշխարհային իրականութիւն մը, որ, իբրեւ մեթասիսթեմ, իր մէջ ունի ինքնութեան նոյն յատկանիշները, բայց տարբեր արտայայտչական երեւոյթներ, որոնք անկարելի է անտեսել: Կրօնափոխ հայերու պարագային ան յիշեցուց Սուրիոյ արաբացած հայ աշիրէթները, որոնք Սուրիոյ տագնապէն ետք չենք գիտեր, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ են: Ան նշեց, որ կրօնը շատ դիւրին գործիք է ժողովուրդները իրար դէմ հանելու, իսկ բռնի իսլամացումի ժամանակ կիները կ՛օգտագործուին իբրեւ պատերազմի զէնք: Աւարտին ան կարեւոր նկատեց ազգային վերադաստիարակութիւնը, որուն մէջ եկեղեցին ունի իր դերակատարութիւնը:
 
Մանոյեան խօսեցաւ կրօնափոխութեան եւ դաւանափոխութեան մասին` յայտնելով, որ վերջինս մինչեւ հիմա կարգ մը պարագաներու մօտ ոչ հարազատ երեւոյթ է: Ինչ կը վերաբերի կրօնափոխ հայերուն նկատմամբ ստեղծուած ներկայ հետաքրքրութեան, Մանոյեան ըսաւ, որ Թուրքիա տեղի կու տայ ատոր, քանի որ ատիկա իրեն համար Եւրոպական Միութեան մաս կազմելու իր քաղաքական գործընթացին մաս կը կազմէ, իսկ միւս կողմէ կրօնափոխ հայերը ունին իրենց կենցաղը եւ իրենք զիրենք կը կոչեն «մերինները» ու քաջ գիտեն իրենց կրօնափոխ ըլլալու ողբերգութիւնը, որ մինչեւ հիմա իրենց կեանքին անբաժան մասն է: Ան խօսելով կրօնափոխ հայերուն քրիստոնէական կրօնին վերադարձին մասին ըսաւ, որ մենք մկրտութիւնը առած ենք իբրեւ նախապայման, բայց պէտք է մեր մօտեցումը հիմնուած ըլլայ ինքնագիտակցութեան վրայ:
 
Չորրորդ զեկուցաբեր Միհրան Տապպաղը լուսարձակի տակ առաւ այլ քաղաքականութիւն մը, որ Թուրքիան կը վարէ, երբ կ՛արտօնէ կրօնափոխ հայերուն տեսանելիութիւնը, այդ ալ ցոյց տալն է, թէ մէկուկէս միլիոն հայ սպաննուած չէ 20-րդ դարու սկիզբը: Ապա ան խօսեցաւ կարգ մը թուրք գիտնականներու կողմէ ծպտեալ հայերը իբրեւ հաշտութեան միջնորդ նկատելուն մասին: Այս ըսելէ ետք ան մերժեց այն պիտակումները, զորս կու տանք անոնց, երբ բոլորը կը նկատենք հայ, այսինքն` անոնց կրօնափոխ հայ ըլլալը բաւարար չէ զանոնք հայ նկատելուն, այլ անոնք պէտք է հայ նկատեն իրենք զիրենք, բացատրեց ան: Շարունակելով իր միտքը` ան առաջարկեց չստիպել անոնց դարձը, բայց այդ կատարել երկու գաղափարներու հիման վրայ` պատումային ինքնութեամբ, այսինքն` անոնք կը պատմեն իրենց պատմութիւնը, եւ ներկայացական յիշողութեան պատումով: Ան յիշողութիւնը նկատեց հիմքը բոլոր ինքնութիւններու:
 
Դ. նիստը կը կրէր «Ինքնութեան պահպանման ու արտայայտութեան նոր միջոցներ» խորագիրը, որուն ընթացքին հանդէս եկան Արա Արծրունի, Արազ Գոճայեան եւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:
 
Արծրունի իր զեկուցումին մէջ անդրադարձաւ 21-րդ դարու սեմին հայու ինքնութեան: Ան նախ հայու ինքնութիւնը ներկայացուց անցեալ դարուն ընթացքին երգուած ազգային-յեղափոխական երգերուն ընդմէջէն, որոնք սկիզբը պարտուողական, ապա ըմբոստացումի նոր ինքնութիւն մը մէջտեղ բերած են: Այս երգերուն մէջ կային վսեմ մտածողութիւն, ինչպէս նաեւ ատելութիւն, ինչ որ տակաւին գոյութիւն ունի: Ապա ան ներկայացուց կարգ մը հիմնական խնդիրներ, որոնք ենթակայ են փոփոխութեան, ինչպէս օրինակ` վերնախաւին կողմէ հարցերու ծրագրաւորումն ու գործադրութիւնը, վերնախաւին եւ զանգուածին` գործաւոր-գործատէր հոգեբանութեամբ յարաբերութիւնը: Ակնարկելով զանգուածին` ան ըսաւ, որ նախ անոնք կ՛ունենան նորարարական եւ բարեշրջումի թռիչքներ, որոնք ժամանակի ընթացքին կը վերանան, որովհետեւ ազգային դաստիարակութիւնը ձեւական է եւ ոչ խորքային: Ան ըսաւ, որ ազգային գաղափարախօսական պատկանելիութիւնը իմաստ մը չ՛ունենար, եթէ իրարմէ անջատուին հայն ու մարդը, եւ կարեւոր նկատեց տեսականն ու գործնականը իրարու ագուցել գիտցող մարդակերտ ուսուցիչներու գոյութիւնը:
 
Գոճայեան նկատել տուաւ, որ հայկական իրականութեան ներկայ իրավիճակը կը ստիպէ վերատեսութեան ենթարկել հայկական ինքնութեան եւ ինքնահասկացողութեան սահմանումները: Ասիկա ո՛չ միայն հայկականութենէ հեռու գտնուող հայերուն համար, այլեւ բոլոր հայերուն համար կարեւոր է, ըսաւ ան, քանի որ կը գտնուինք արագօրէն փոփոխութեան ենթարկուող արհեստագիտութեան եւ ընկերային գիտութիւններու զարգացման ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ կ՛արտօնէ տարբեր ձեւերով հասկնալ իրավիճակները: Գոճայեան ինքնութեան պահպանման եզրին փոխարէն օգտագործելով ինքնութեան որոնում եւ նոր սահմանումներ եզրը լուսարձակի տակ առաւ տարբեր «ես»-եր ունեցող յետարդիական ինքնութեան մօտեցումը` մեկնելով հայկական սփիւռքին բազմամշակոյթ եւ բազմաթիւ ինքնութիւններ ունենալու խնդիրէն: Ան թուեց ներկայ հայկական սփիւռքին ինքնութիւնը դրսեւորող նոր մօտեցումները, ինչպէս` «Սիսթըմ աֆ է տաուն» ռոք խումբը, «քոլլեքթիֆ մեծ պազար» երաժշտական խումբը, «Արա տը Ռաթ» հայկական արտադրութիւններու ընկերութիւնը եւ այլն, որոնք միջոցը ունին իրենց շուրջ հաւաքելու սփիւռքը: Ան կարեւոր նկատեց ինքնութեան մասին խօսելով մտածելը, ոչ թէ պարտադրուած ինքնութիւնը, որ կու գայ վերէն վար (հաստատութիւններէ ժողովուրդ), այլ վարէն վեր (ժողովուրդէն հաստատութիւն) ուղղութեամբ` նշելով, որ ժողովուրդը իր կենցաղով ինք կը սահմանէ իր ինքնութիւնը:
 
Դոկտ. Տագէսեան ինքնութիւնը սահմանեց իբրեւ գիտակցուած ու չգիտակցուած, բնազդական, հոգեբանական ու ենթազգայական բազմատարր կացութիւն, հետեւաբար թէ՛ հորիզոնական, թէ՛ ալ ուղղահայեաց ուղղութեամբ աշխատող: Ան ըսաւ, որ ինքնութիւնը միատեսակ չէ, որովհետեւ կը կերտուի միջավայրի մը մէջ եւ յարաբերութեանց արդիւնքն է: Թուելով հայոց պատմութեան ինքնութեան աւանդական բաղադրատարրերը` եկեղեցի, լեզու, մշակոյթ, հող-հայրենիք եւ այլն, Տագէսեան ըսաւ, թէ ժամանակի ընթացքին անոնք կրնան առաջնահերթուիլ կամ երկրորդականացուիլ: Դոկտ. Տագէսեան հիմնականօրէն կարեւոր նկատեց անհատին ինքնութիւն ունենալու գիտակցումը, անոր մէջ հայկական բաժինի մը հաստատումը եւ հետեւաբար հայկական ինքնութեան գիտակցումը, քան պահպանումը:
 
Հետաքրքրական էին նաեւ իւրաքանչիւր նիստէ ետք տեղի ունեցող քննարկումները, որոնք դրսեւորեցին մասնակիցներուն տարբեր, երբեմն հակառակ կարծիքները, մանաւանդ հայու բարդ ինքնութիւն(ներու) գծով:
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը