Վաւերացուեցաւ Սուրիացի Գաղթականներ Ընդունող Երկիրներուն Օժանդակելու Բանաձեւը


Վաւերացուեցաւ Սուրիացի Գաղթականներ Ընդունող Երկիրներուն Օժանդակելու Բանաձեւը

  • 27-07-2017 13:27:48   | ԱՄՆ  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Յատկացումներու յանձնախումբը վաւերացուց 2018ի արտաքին գործողութիւններու եւ յարակից ծրագիրներու համար նախատեսուող ամավարկին առնչուող բանաձեւը, որ կը պահպանէ Ազատութեան աջակցութեան օրէնքի թիւ 907 յօդուածը, որ իր կարգին կ՛արգիլէ ամերիկեան օժանդակութեան որեւէ յատկացում Ատրպէյճանին, նկատի առնելով վերջինիս հակահայ եւ ռազմատենչ քաղաքականութիւնը:
 
Հոն նաեւ ներառուած են դրոյթներ՝ Սուրիայէն գաղթականներ ընդունող երկիրներուն օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ:
 
Փաստաթուղթին մէջ կը շեշտուի, որ յաւելեալ օգնութիւն պիտի տրամադրուի Սուրիոյ եւ յարակից երկիրներուն մէջ խոցելի բնակչութեան օժանդակելու համար, մասնաւորապէս՝ սուրիացի փախստականներուն, քրիստոնեաներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն, որոնք տուժած են Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին եւ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման գործողութիւններուն իբրեւ հետեւանք: Յանձնաժողովը մտահոգութիւն յայտնած է նաեւ Սուրիոյ մէջ մարդոց տեղահանութեան եւ իբրեւ հետեւանք՝ «հիւրընկալ համայնքներուն վրայ դրուած բեռ»ին գծով:
 
«Մինչեւ հիմա Հայաստան հիւրընկալած է շուրջ 22,000 փախստական՝ Սուրիայէն: Սուրիոյ մէջ իրավիճակի վատթարացման զուգահեռ, Հայաստան ապաստան դարձած է նաեւ հոն հետապնդուող քրիստոնեաներուն եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ցեղասպանութեան ու այլ բռնութիւններու վտանգին դէմ յանդիման կանգնած խումբերուն համար: Սուրիոյ մէջ մարդասիրական ճգնաժամը կը խորանայ, ուստի՝ մենք պէտք է վստահ ըլլանք, որ մարդասիրական օժանդակութիւնը կը հասնի կարիք ունեցողներուն, որոնց մէջ է նաեւ Հայաստանը, որ դարձած է փախստականներու վերահաստատման վայր», ըսած է Ամերիկայի Հայկական համագումարի գործադիր տնօրէն Պրայըն Արտունի՝ ողջունելով բանաձեւին վաւերացումը։
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը