Հայկական Ուղղութիւններ` Սիրօ Կղզիին Մէջ


Հայկական Ուղղութիւններ` Սիրօ Կղզիին Մէջ

  • 12-08-2017 13:28:39   | Լիբանան  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

 

Յունաստանի Սիրօ կղզին պատմական որոշ ժամանակահատուածի եղած է Յունաստանի մայրաքաղաք: Կղզիի պատմական, մշակութային, հնագիտական եւ քաղաքակրթական իւրայատկութիւններուն անդրադառնալու առիթ կ՛ունենանք տակաւին:

Այժմ կեդրոնանանք հայկական առումով կղզիին ներկայացուցած կարեւորութեան, որուն մանրամասնութիւններուն մասին առիթ եղած է զրուցելու «Ազդակ»-ի տնօրէնին եւ Սիրոյի քաղաքապետին միջեւ կայացած հանդիպումին ընթացքին: Յունարէնէն հայերէն եւ փոխադարձաբար թարգմանութիւնը կատարեց Զարմինէ Քիւրտօղլեանը:

Լուսանկարները՝ որբանոցի թանգարանէն

Սիրոյի մէջ տեղակայուած զօրանոցը յատուկ տեղ յատկացուցած է հայ եւ յոյն որբեր ընդունած երբեմնի որբանոցին վերաբերող իրերուն, փաստաթուղթերուն, լուսանկարներուն, Մերձաւոր Արեւելքի օժանդակութեան մարմինի որմազդներուն  եւ որբերու ձեռային աշխատանքներուն: Զօրանոցը ինքը նախկին որբանոցն է, ուր ապաստան գտած են 1922-ի Զմիւռնիոյ ջարդերէն ետք Յունաստան ապաստանած երկու հազար հայ եւ յոյն որբերը:

Լուսանկարները՝ որբանոցի թանգարանէն

Յոյն սպան բացատրեց, որ զօրանոցի թանգարանային բաժինը մնայուն կերպով բաց չէ հանրութեան համար, այլ նախապէս պէտք է յատուկ արտօնութիւն ստանալ` դիտելու այնտեղ ցուցադրուած իրերն ու փաստաթուղթերը եւ իրազեկ դառնալու համար որբանոցի պատմական տեղեկութիւններուն:

Սիրոյի քաղաքապետ Եորկոս Մարանկոս շատ հետաքրքրական գտաւ հանդիպման ընթացքին ներկայացուած հայ որբերու վերաբերող տարբեր թանգարաններու հետ համագործակցութեան առաջարկը: Այս առումով իրեն յայտնուեցաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան Երեւանի թանգարանին եւ Ժիպէյլի «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին հետ համագործակցութեան լայն հնարաւորութիւններ կան, յատկապէս` որբերու (նաեւ` յոյն որբերու) վերաբերող լուսանկարներու եւ փաստաթուղթերու թուայնացուած տարբերակներու փոխանակման կարելիութիւնները նկատի ունենալով:

Սիրոն այն կղզին է, ուր աւելի քան քսան տարիէ ի վեր կ՛ընդունի արցախեան պատերազմի նահատակներու զաւակները. ամէն տարի շուրջ երեսուն երեխայ կու գայ իր տարեկան  արձակուրդը անցընելու Սիրօ կղզիին մէջ: Նախաձեռնութիւնը եղած է ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին եւ յատկապէս` մեր ընկերներէն Խաչիկ Խաչատուրեանին, եւ այժմ ծրագիրը կը շարունակուի ներկայ քաղաքապետին օրով: Վերջին շրջանի իրերայաջորդ տարիներուն Յունաստանի հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան անձամբ կը մասնակցէր երեխաներու դաստիարակչական ծրագրին:

Քաղաքապետ Մարանկոս իր խօսքի աւարտին յայտնեց նաեւ, որ պահը հասած կը նկատէ  քսանամեայ այս համագործակցութեան ծիրին մէջ այցելելու Արցախ:

Սիրօ կղզին թէ՛ Ցեղասպանութեան եւ թէ՛ արցախեան մեր հիմնահարցին ուղղութիւններով կարեւոր նախաձեռնութիւններու զարգացման անհրաժեշտ նախադրեալները արձանագրած է. նախադրեալներ, որոնք զարգացման պարարտ ենթահող ունին, յատկապէս` նկատի ունենալով հայ եւ յոյն ժողովուրդներու թէ՛ պատմական եւ թէ՛ ներկայ ընդհանրութիւնները:

«Ազդակ»

Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play