ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆ


ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ, ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆ

  • 12-08-2017 13:38:00   | Ֆրանսիա  |  Վերլուծություն
 
 
Հայ ժողովուրդը ազգային իրաւունքի վերականգնումի խնդիր ունի: Շեշտուած կերպով 1915-էն ի վեր, երբ տեղի ունեցաւ հայրենահանումը:
Իրաւունք՝ որ կ’ընդգրկէ իր հայրենիքի ամբողջացումը, հոն համախումբ ապրելու կարելիութիւնը եւ իր ինքնութեան պահպանումը, որ կ’ըլլայ լեզուով եւ մշակոյթով:
Խնդիր ունենալ տեսութիւն է, եթէ ան չյանգի գործի:
Հայը, ուր որ կը գտնուի այսօր, կ’ուզէ՞ վերականգնել իր իրաւունքը: Սառցալերան տեսնուող մասը անգիտացումը պէտք չէ ըլլայ թաքնուած մասին:
Հայը վերականգնումի իրագործման ձգտող համազգային-համախոհական մշակուած քաղաքականութիւն ունի՞: Անոր ծառայող համակարգուած քարոզչութիւն ունի՞:
Երբ չկայ համազգային-համախոհական մշակուած հարազատութեամբ յատկանշուող քաղաքականութիւն, զայն իրականացնելու ձգտող ռազմավարութիւն եւ մարտավարութիւն, քարոզչութիւնը կը նուաղի զուարճացնող աղմկարարութեան անջրդի աւազներու վրայ, այսինքն կ’ըլլայ շատախօսութիւն եւ աղմկարարութիւն:
Քաղաքականութիւն եւ քարոզչութիւն կ’ենթադրեն իրենց ետին կանգնող յանձնառու զանգուած եւ կազմակերպութիւն:
Ողջմտութիւնը կը պահանջէ, որ մենք մեզի հարց տանք, թէ ո՞ր հարցերը կան վերականգնումի գլխուն տակ: Միթէ՞ վերականգնումը հասարկաց կոճղ մը կը ներկայացնէ հայկական զանգուածներուն համար, թէ ան ենթակայական վարկածներու միգամած մըն է, ըստ անհատական, աշխարհագրական, մշակութային, ընկերային եւ տնտեսական կացութիւններու, որ աստ եւ անդ կը զբաղեցնէ փոքրամասնութիւն(ներ) մը:
Իրենք զիրենք այս հարցերով զբաղեցնող հայերը ի՞նչ տոկոս կը ներկայացնեն յաճախ յիշեցուող եօթը կամ տասը միլիոնին բաղդատած: Գնահատումը ընել՝ առանց իրականութիւնը դիտելու մատներու արանքէն:
Վերականգնումը մարմին եւ հաստութիւն կը ստանայ հետապնդուած նպատակի յստակութեամբ, գիտակցութեամբ, յանձնառութեամբ, հիմնաւորումով: Ապա միայն կարելի կ’ըլլայ խօսիլ քաղաքականութեան մասին, որ արտաքին ըլլալէ առաջ ներազգային է, այսինքն կարիք ունի հաւաքական կամքի, կամեցողութեան եւ մասնակցութեան:
Այսինքն եօթը կամ տասը միլիոնը ազգային նպատակներու իրականացման նեցո՞ւկ է, թէ սոսկ ենթադրութիւն:
Անմիջականի եւ ինքնագոհութեան զեղումները նպատակի ձգտող ոչ մէկ դրական քայլ են:
Վերականգնումի ներազգային իրաւ քաղաքականութիւնը առատ նիւթ չի կրնար տրամադրել սովորական ամբոխավարութեան, քանի որ ան առաջին հերթին ինքնաքննադատութիւն է: Եւ «էսթէպլիշմընթ»ը կը խրտչի ինքնաքննադատութենէ:
Միջազգային դարպասներու առջեւ կանգնելէ առաջ, հարկ է խօսիլ ներազգային վերականգնումի մասին, այսինքն յաճախ յիշուող մեր եօթը կամ տասը միլիոն համրանքի ազգային որակի եւ անոր յանձնառութիւն-մասնակցութեան մասին, որ վերականգնումի ճիգի իրականացնողը պիտի ըլլայ եւ ազգային քաղաքականութեան պատուանդանը: Զանգուածային ներկայութի՞ւն է յիշեցուող եօթը կամ տասը միլիոնը:
Պարզ հարցում մը. ի՞նչ է մեր տեւաբար կրկնած եօթը կամ տասը միլիոնի ազգային տեսակարար արժէքը: Այս հարցումը հարկ է լայն բանալ ազգի գոյացման, միացման, հաւաքական կամքի, յանձնառութեան եւ մասնակցութեան բազմերես խնդրին վրայ: Փոքրամասնութիւններու տօնական օրերու խանդավառութիւնները եւ անոնց արձագանգը բաւարար չեն եզրակացնելու, որ մեծամասնութիւնը կը գտնուի նոյն ալիքներուն վրայ: Աւելի պարզ խօսելով, նոյն տօնական խանդավառութիւնները, հանդէս, ուխտագնացութիւն, բանակում, երգիչի մը համար յորդող սրահ բաւարա՞ր են մոռցնելու այդ բոլորէն հեռու գտնուող զանգուածները, որոնց համար անվարան կարելի է ըսել՝ մեծամասնութիւն:
Հարցում պէտք է ուղղել յստակութեամբ. ինչո՞ւ անոնք մասնակից չեն, ինչո՞ւ  անտարբեր են կամ ազգային աւազանէ կը հեռանայ եօթը կամ տասը միլիոնի կարեւոր տոկոսը:
Ի՞նչ կարելի էր ընել, չենք ըրած եւ չենք ըներ:
Զանազան առիթներով կը սիրենք կրկնել Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» տարազը, բայց ի՞նչ կ’ընենք ընթացիկ համայնքայինէ անդին չնահանջելու համար, զանգուածներուն, իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ կը հասնի՞ այն բարոյական, գիտակցական, ազգային եւ մարդկային հեռանկարային իմաստութիւնը, թէ ինչո՞ւ պէտք չէ նահանջել, երգելով կամ առանց երգի: Այս անհանգստացնող զրոյցը պէտք է փոխադրել իւրաքանչիւր հայու տուն, որպէսզի լուսաւոր գիտակցութիւն ստեղծուի այն մասին, որ սփիւռքը ակամայ կացութիւն է, մեր ընտրածը չէ: Եթէ այս պարզ ճշմարտութիւնը համոզում չըլլայ, սփիւռք(ներ)ի անհետացումը իրերու բնական ընթացք կ’ըլլայ:
Հարկ է մտածել նաեւ այն մասին, որ եթէ «սփիւռք-կացութիւն»ը մեր ընտրութիւնը չէ, այս կամ այն ձեւով ան պարտադրուած է, ի՞նչ պիտի ըլլայ (պիտի ըլլար) մեր ընտրածը: Հայ ազգային մտածողութիւնը ինչո՞ւ այս զրոյցը չէ ունեցած եւ չ’ունենար իւրաքանչիւրին հետ իր յարկին տակ:
Ապագայակերտ պիտի ըլլար այս զրոյցը սկսելու եւ տարածելու նախաձեռնութիւնը: Ան չի կրնար ըլլալ անհատի մը կամ անհատներու նախաձեռնութիւն, այլ ազգային պայծառ միտքով եւ հեռանկար ունեցող ղեկավարութեան մը ծրագրում եւ հետեւողական աշխատանք, որ կը սահմանուի պարզօրէն. միացում ազգապատկան հայրենիքի, միացում մասնատուած հայկական հաւաքականութիւններու՝ սեփական մշակութային ենթահողի վրայ:
Այս աշխատանքը պէտք է ընել ոչ յաւելեալ դիրքի, ոչ յաւելեալ փառքի կամ շահի համար, այլ տոկալու եւ տեւելու համար որպէս իր բոլոր ստորգելիներով ինքնուրոյն ազգ:
Նահանջ, պատշաճեցում եւ «էսթէպլիշմընթ»ային փառասիրութիւններ ոչ երէկ, ոչ այսօր եւ ոչ ալ վաղը ազգապահպան են, չեն ծառայեր մեր գոյութեան, շարունակութիւն ըլլալու իրաւունքին եւ կամքին:
Մեզի սպառնացող վտանգները կը նմանին ցուլի, զոր զգետնելու համար ֆրանսացին կ’ըսէ, թէ պէտք է զայն բռնել կոտօշներէն:
Հզօր ղեկավարութեան եւ զայն առաջնորդող գաղափարի կարիք կայ, մեզ ամէն օր քիչ մը աւելի աւերող ցուլերը զգետնելու համար: Ղեկավարութիւն՝ որ սրահ լեցնելու համար փողի, թմբուկի եւ գոռացող բարձրախօսներու կարիք չզգայ:
Պէտք է մեծ լրջութեամբ, մասնագիտական աշխատանքով եւ ներդրումով, կազմակերպել մեր ներազգային քարոզչութիւնը, հասնելով իւրաքանչիւրին, որ այսօր աւելի կարեւոր է մեր համրանքի փրկութեան համար, քան արտաքին քարոզչութեան պղպջակային իրարանցումը:
Թերեւս այսօր դեռ կարելի է հոսանքին դէմ կանգնիլ:
Վա՞ղը…
 
Յ. Պալեան, 8 օգոստոս 2017,  
Փոնթիվի, Պրըթանեը, Ֆրանսա
 
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն