«Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ. «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Հետեւեցան Առաջին Դասախօսութեան


«Ազդակ»-ի Խմբագրատան Մէջ. «Ապագայ Լրագրողներ»-ը Հետեւեցան Առաջին Դասախօսութեան

  • 08-09-2017 12:25:10   | Լիբանան  |  Հասարակություն

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած լրագրութեան վարժողական ծրագիրը ընթացքի մէջ է:
 
Հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներ Կալի Աւագեան, Ռուբէն Խաչատուրեան, Հուրի Հալէպլեան, Նանար Մինասեան, Նարեկ Քէշիշեան, Գոհար Եագուպեան, Սիլվի Սէրայտարեան, Ալիսիա Իշխանեան, Լորի Գորէսեան, Նանի Գալուստեան, Արենի Խաչատուրեան եւ Քրիստ Իսկէնտէրեան, որոնք կը մասնակցին «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին, երէկ երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ հետեւեցան իրենց համար կազմակերպուած առաջին դասախօսութեան:
 
Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին գործադրութեան հսկող, «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի անդամ Արշօ Պալեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց օրուան դասախօս` ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան նախկին պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեանը, որ անդրադարձաւ Եւրոպական Միութեան, Եւրոպական խորհրդարանին, Եւրոպական յանձնաժողովին եւ Եւրոպական խորհուրդին կառուցուածքին ու աշխատանքի հոլովոյթին, հայութեան վերաբերող հարցերով անոր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ անոր գործակցութեան:
 
Պ. Տեմիրճեան աշակերտներուն բացատրեց Եւրոպայի մէջ Հայ դատի շրջագիծին մէջ գործելու ոճին, ձեւերուն, միջոցներուն եւ եղանակին մասին:
 
Այժմէական օրինակներ շօշափելով եւ այլ երկիրներու հետ համեմատութիւններ կատարելով դասախօսը բացատրեց Հայ դատի յանձնախումբին տարած լոպիինկի աշխատանքին մանրամասնութիւնները` ընդգծելով, որ այդ յանձնախումբը ճիգ չի խնայեր ի խնդիր Հայաստանի, Արցախի ու հայութեան շահերուն ծառայող բանաձեւերու մշակման ու վաւերացման:
 
Պ. Տեմիրճեան անդրադարձաւ նաեւ Հայ դատի յանձնախումբին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն` ազրպէյճանական եւ թրքական լոպիինկին դիմաց, նկատի ունենալով իրականութիւններ խեղաթիւրելու անոնց գործելաոճը, ինչպէս նաեւ անոնց վարած խավիարային դիւանագիտութիւնը, կաշառակերութեան մեթոտն ու այլ գայթակղութիւնները, որոնք միշտ ալ կը բացայայտուին, եւ ամէնէն վատը այն է, որ անոնք կը դրսեւորուին Հայաստանի եւ Արցախի դէմ բռնարարքներով` սահմանագօտիի անդորրը բռնկեցնելով:
 
Պ. Տեմիրճեան անդրադարձաւ նաեւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) կառոյցին ու գործունէութեան` յստակ բացատրելով Եւրոպական Միութենէն տարբեր ըլլալու իրականութիւնը:
 
Դասախօսը պատասխանեց «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հարցումներուն` լայն անդրադարձ կատարելով 25 նոյեմբերին ստորագրուելիք Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն նոր համաձայնագիրին:
Նոյյան տապան  -   Հասարակություն