Ափոլլոյին (Սարգիս Տուտագեան) Արձանը Պիտի Կանգնի Պուրճ Համուտի Մէջ


Ափոլլոյին (Սարգիս Տուտագեան) Արձանը Պիտի Կանգնի Պուրճ Համուտի Մէջ

  • 12-09-2017 16:09:30   | Լիբանան  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին առիթով «Արին» կեդրոնի վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած է կեդրոնէն դէպի մայր պողոտայ նայող անկիւնին վրայ կանգնեցնել «Ազդակ»-ի ցրուիչներէն Սարգիս Տուտագեանի (ճանչցուած` Ափոլլօ) արձանը: Ափոլլոն բառացիօրէն մինչեւ իր մահը, յառաջացած տարիքին, շարունակեց ցրուել «Ազդակ»-ը` Մար Մըխայէլի իր հաւատարիմ բաժանորդներուն:
 
Մամուլի այս գործիչներու, աշխատակիցներու խաւը, լուսարձակներէ հեռու, առաւօտեան կանուխ ժամերէն, ամէ՛ն օր, տարուան բոլոր եղանակներուն թերթը հասցուցած են հայ ընտանիքին, նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն վտանգաւոր օրերուն:
 
Ափոլլոյի կերպարի անմահացման ճամբով ըստ էութեան մամուլի անխոնջ գործիչներու այդ խաւն է, որ կ՛արժեւորուի:
 
Արձանի տեղադրման շինարարական աշխատանքները ստանձնած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը: Քանդակագործն է գաղութին մէջ կերպարուեստի մարզին մէջ անուն վաստակած Վարդան Աւէսեան, որուն նախագիծը հարազատագոյն ձեւով կը ներկայացնէ Ափոլլոյի կերպարը:
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play