Մօ՞տ է Ազէրպայճանի գարունը


Մօ՞տ է Ազէրպայճանի գարունը

  • 13-09-2017 17:51:47   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Զարմանալի զուգադիպութիւն էր ֆրանսական հեռատեսիլի France 2 կայանի սփռած Cash investigation-ի «Նախագահիս գործարարական ճամբորդութիւնը» (Mon président en voyage d’affaires) յայտագրի պատասխանատուին՝ Էլիզ Լիւսէի եւ լրագրողին՝ Լօռան Ռիշարի դէմ՝ անուանարկութեան մեղադրանքով Ազէրպայճանի պետութեան յարուցած դատավարութիւնը Նանթէրի դատարանին մէջ եւ արեւմտեան 11 լրատու միջոցներու կողմէ ազէրական «Լուացքատան» յայտնաբերումը՝ կաշառակերութեան եւ արտասահմանի մէջ շքեղ կենցաղի ծախսերու յատկացուած 3 միլիառ տոլարի հասնող գումարի բաշխումին առընչուած։ 
 
Ազէրական իշխանութիւններու կաշառակերական գործարքներուն մասին բազմիցս խօսուած ու կրկնուած ամբաստանութիւնները, արեւմտեան մեծագոյն լրատու միջոցներու հետաքննական աշխատանքով մէկ անգամէն բացայայտուեցան։ Ամբաստանութիւններ, որոնք մասնաւորապէս Հայաստանի իշխանութիւններու եւ Սփիւռքի պատասխանատուներու կողմէ կը բարձրացուէին, առանց լուրջ հակազդեցութեան։ Այս բացայայտումներով կը յստականան մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումներու նկատմամբ Եւրոպայի խորհուրդին մեղկ հակազդեցութիւնները, Եւրոպայի մէջ Ազէրպայճանը իբրեւ կրօնական եւ ժողովրդական հանդուրժողութեան երկիր ցոյց տալու միտող քարոզչութեան նպատակը, Խոճալուի շինծու «ցեղասպանութեան» քարոզարշաւը, մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի Հունգարիոյ կողմէ Ազէրպայճանին յանձնումը եւ Ջուղայի խաչքարերու ջարդին նկատմամբ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի անպատասխանատու վերաբերումը… 
 
Ազէրական իշխանութիւնը ամբաստանեց հայկական լոպին եւ Սորոսը հակաազերի քարոզարշաւ սարքելու մեղադրանքով։ Հայկական լոպին բնական է, որ ամբաստանուի, որովհետեւ ինչ որ ազէրական իշխանութեան վարկին համար խանգարիչ է՝ միայն Հայութեան մեղքը կրնայ ըլլալ։ Սակայն կայ նաեւ Սորոսի դէմ ամբաստանութիւնը։ Այս մէկը աւելի ծանրակշիռ ու յատկանշական թիրախ է, միջազգային համբաւ վայելող, տարադրամներու արժեզրկումը պարտադրող, տնտեսական հսկայական միջոցներու տէր գործիչ մը, որ «բաց ընկերութիւն»-ներու համար արշաւներ կը մղէ։ Ծանօթ է իբրեւ Ուքրաինայի Նարնջագոյն յեղափոխութեան պաշտպան։ 
 
Հիմնական հարցում է, թէ ինչո՞ւ արեւմտեան տասնմէկ լրատու միջոցներ միասնաբար լծուեցան միլիառներու գործառնութեան ազէրական «Լուացքատուն»-ը յայտնաբերելու գործին։ Յայտնաբերումները ցնցիչ են, գայթակղեցուցիչ, բայց երեւոյթը նորութիւն չէ։ Միջազգային դրամատիրական մեքենան միշտ ալ այսպէս աշխատած է։ Արաբական աշխարհի բռնատէր միլիառատէրերը նոյն ձեւով կը բանեցնեն իրենց գործերը։ Պաշտօնապէ՛ս տէրն են օֆշոր բազմաթիւ ընկերութիւններու, որոնք պաշտօնապէ՛ս նուէրներ, պատուէրներ կու տան բազմաթիւ կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու, ընկերութիւններու, առանց հետապնդուելու։ Ազէրպայճանն ալ հետեւած է նոյն ճամբուն, սակայն ինչո՞ւ ան դարձաւ լրատու միջոցներու թիրախը եւ ոչ օրինակի համար Քաթարը կամ Սաուտական Արաբիան. պատճառը՝ կարելի է միայն ենթադրել։ Այնքան ատեն, որ չեն վտանգուած մեծ պետութիւններու շահերը, գայթակղութիւններ երեւան չեն գար։ Բայց երբ ենթակայ պետութիւնը քաղաքական եւ ռազմավարական ուղղութիւն փոխէ, գայթակղալի կը դառնայ անոր գործարքները։ Ազէրպայճանի ռուսական թեքումը, Թուրքիոյ Ռուսաստանի հետ գործընկերութիւնը, եւ բազմաթիւ այլ գործօններ, որոնք տակաւին լուսաբանումի կը կարօտին, կրնան բացատրել Արեւմուտքի աչքին Ազէրպայճանի դատապարտումը։ Իսկ թէ ի՞նչ պիտի շահին Հայաստանն ու Արցախը այս առճակատումէն՝ կախեալ է հայկական կողմին քաղաքական հասունութենէն։ 
Ժ.Չ. ■
ՆՅ
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը