Գերմանիա սառեցուցած է Թուրքիա զէնքի առաքումներուն մեծ մասը


Գերմանիա սառեցուցած է Թուրքիա զէնքի առաքումներուն մեծ մասը

  • 13-09-2017 17:57:11   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սիկմար Կապրիէլ, Handelsblatt թերթին կողմէ Պերլինի մէջ Սեպտեմբեր 11-ին կազմակերպուած ձեռնարկին յայտարարած է, թէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը սառեցուցած է Թուրքիոյ զէնքի առաքումներուն մեծ մասը, երկկողմ յարաբերութիւններու մէջ արձանագրուած լարումի աճին պատճառով: 
 
“Մեծածաւալ բոլոր ապսպրանքները, զորս ներկայացուցած է Թուրքիան, —որոնք քիչ չեն,— մենք սառեցուցած ենք”, ըսած է նախարարը:
Միեւնոյն ժամանակ շարք մը արտածումներ կը կատարուին միջազգային պայմանգրերու ծիրէն ներս, ուստի վաճառքի ամբողջական սառեցման խօսք չկայ:
Գերմանիոյ Տնտեսութեան եւ ուժանիւթի նախարարութիւնը «Դաշինք-90»/«Կանաչներ» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Էօզճան Մութլուի հարցումին պատասխանելով յայտնած է, թէ 2017-ի սկիզբէն Գերմանիոյ կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած էր 25 միլիոն եւրոյի զէնքի ու զինամթերքի Թուրքիա առաքման:
Կապրիէլ յայտնած է այն համոզումը, որ Պերլին «պէտք է հնարաւոր ամէն ինչ ընէ», որպէսզի իրավիճակը աւելի չվատթարանայ: Դիւանագիտական կապերու խզումը կամ ՕԹԱՆ-էն Անգարան հեռացնելու կոչերը, ըստ անոր, չեն յանգեցներ Թուրքիոյ մէջ արգելափակուած Գերմանիոյ քաղաքացիին արագ ազատ արձակման: Ըստ իրեն՝ ատիկա միայն կալանուածները կը զրկէ Գերմանիոյ հիւպատոսական աջակցութենէն: 
 
ՆՅ
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը