Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր 5. Դեսպան Մկրտչեան Դասախօսեց «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն


Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր 5. Դեսպան Մկրտչեան Դասախօսեց «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն

  • 28-09-2017 13:34:20   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն


Անոնք Ներկայ Գտնուեցան Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 26-ամեակի Յատուկ Ընդունելութեան 

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած լրագրութեան վարժողական ծրագիրի շրջագիծին մէջ, «Ապագայ լրագրողներ»-ը այցելեցին հայկական դեսպանատուն:
 
Ուրբաթ, 22 սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ընդունեց «Ապագայ լրագրողներ»-ը, որոնց ներկայացուց դեսպանատան աշխատանքներն ու տարբեր բաժանմունքները:
 
Ան անդրադարձաւ Լիբանան-Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումին, երկկողմանի յարաբերութիւններու ծաւալումին, ինչպէս նաեւ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով ներկայիս ի գործ դրուող ջանքերուն:
 
Լիբանանահայ գաղութին մասին խօսելով` դեսպան Մկրտչեան յայտնեց, որ անիկա բացառիկ լաւ կազմակերպուած եւ աշխուժ գաղութ է իր տարբեր միութիւններով` մշակութային, բարեսիրական, մարմնակրթական եւ այլ կառոյցներով:
 

 

Ան անդրադարձաւ նաեւ Աւստրիոյ եւ Պելճիքայի մէջ իբրեւ դեսպան իր ստանձնած աշխատանքներուն:

Ս. Մկրտչեան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Հայաստանի քաղաքական համակարգն ու անոր գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ տնտեսական մարզին մէջ որդեգրուած նոր քայլերուն, որոնք կը քաջալերեն գործարարները իրենց գործը հաստատելու Հայաստանի մէջ եւ նպաստելու երկրին տնտեսութեան զարգացումին:

Դեսպան Մկրտչեան յայտնեց նաեւ, որ այս իմաստով ինք հանդիպումներ կ՛ունենայ լիբանանեան դրամատուներու հետ` Հայաստանի մէջ ներդրում կատարելու եւ գործունէութիւն ծաւալելու մասին բացատրութիւններ ներկայացնելով անոնց:

Դեսպան Մկրտչեան ըսաւ նաեւ, որ լիբանանահայութեան կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներուն մասնակցելու կողքին, դեսպանատունը իր կարգին կը կազմակերպէ մշակութային ձեռնարկներ, որպէսզի լիբանանցիները մօտէն ծանօթանան հայկական մշակութային հարուստ ժառանգութեան:

Ան ակնարկեց նաեւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու քաղաքապետներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն` Հայաստանի հետ քոյր քաղաքներու յարաբերութիւններ հաստատելու նպատակով:

Հանդիպումին ընթացքին դեսպանը պատասխանեց նաեւ «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հարցումներուն:

Նշենք, որ դեսպան Մկրտչեանին հրաւէրով, «Ապագայ լրագրողներ»-ու խումբը շաբաթ, 23 սեպտեմբեր 2017-ին մասնակցեցաւ «Քեմփինսքի Սամըրլենտ» պանդոկին մէջ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 26-ամեակի առիթով կազմակերպուած ընդունելութեան` փոխանցելով իր շնորհաւորութիւնները:

Ազդակ օրաթերթ

Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն