Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի Նշում Անթիլիասի Մէջ


Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի Նշում Անթիլիասի Մէջ

  • 10-10-2017 23:50:53   | Լիբանան  |  Քաղաքական

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը նախապատրաստուի արժանավայել կերպով նշելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը:

Արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ կապուած պատմական, մշակութային, հոգեւոր, ռազմական եւ այլ բնագաւառներու մէջ արձանագրուած իրագործումները լուսարձակի տակ առնելու, վերլուծումներ կատարելու եւ ընդհանրապէս անոնց այժմէականութիւնը շեշտելու համար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը ծրագրէ ապրիլ 2018-ին կազմակերպել  Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան յատկացուած համահայկական համագումար մը:

Այս ծիրին մէջ կարեւոր կը նկատուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկումէն անմիջապէս ետք անոր կարկառուն դէմքերուն Լիբանան հաստատուիլն ու անոնց իրագործած կրթական, մշակութային եւ հասարակական գործունէութիւնը: Անոնց գործունէութիւնը մեծապէս նպաստած է ո՛չ միայն լիբանանահայ, այլ նաեւ ամբողջ սփիւռքահայ քաղաքական միտքի զարգացման եւ հայրենանպաստ ու հայանպաստ աշխատանքներու հունաւորման: Նշենք, որ Հայաստանի անկախութեան այս կերտիչները նաեւ սերտ գործակցութիւն ունեցած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետներուն հետ:

Համահայկական համագումարի օրերուն տեղի պիտի ունենան նաեւ մշակութային ձեռնարկներ:

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակը համահայկական տարողութեամբ նշելու նպատակով կազմուած է յանձնախումբ մը` նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Յանձնախումբին անդամներն են` Երուանդ Փամպուքեան, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ Խաչիկ Տէտէեան:

Համագումարին պիտի հրաւիրուին Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիւռքի տարբեր գաղութներէն պատմաբաններ, մտաւորականներ, արխիւագէտներ, ակադեմականներ, պետական եւ հասարակական գործիչներ:

Նոյյան տապան  -   Քաղաքական