Անթիլիասի Մէջ` Առաջին Հանրապետութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Համաժողովը Կ’ունենայ Համահայկական Ընդգրկուածութիւն. Շահան Գանտահարեան


Անթիլիասի Մէջ` Առաջին Հանրապետութեան 100-Ամեակին Նուիրուած Համաժողովը Կ’ունենայ Համահայկական Ընդգրկուածութիւն. Շահան Գանտահարեան

  • 11-10-2017 12:34:25   | Լիբանան  |  Հասարակություն

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը համահայկական հնչեղութեամբ նշելու նպատակով  2018 թուականի ապրիլին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ծրագրէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան նուիրուած համաժողով մը կազմակերպել, որուն պիտի մասնակցին գիտնականներ, պետական եւ հասարակական գործիչներ Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէ: Այդ նպատակով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ կազմուած է յանձնախումբ մը, որուն անդամներն են սփիւռքահայ անուանի մտաւորական, պատմաբան Երուանդ Փամբուկեան, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆէսոր Աշոտ Մելքոնեան, Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ-ի Հարաւային Ամերիկայի պատասխանատու, Պուէնոս Այրէսի Սան Անտրես համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքականութեան փրոֆէսոր Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ Անթիլիասի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան:
 
«Արամ Առաջինի նախագահութեամբ Յանձնաժողովն իր առաջին նիստը պիտի գումարէ նոյեմբերին, որուն ընթացքին պիտի յստակեցուին ընդհանուր ուղղուածութիւնները, թեմաներն ու զեկուցողները»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ  Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, յանձնախումբի անդամ Շահան Գանտահարեան եւ աւելցուց, որ շատ կարեւոր է, որ համահայկական ընդգրկուածութիւն ունենայ համաժողովը, որովհետեւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան գործիչներ Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ, Սիմոն Վրացեան, Կարօ Սասունին Անկախութեան անկումէն ետք  հանգրուանած են Լիբանանի մէջ, ուր եւ շարունակած են իրենց հասարակական գործունէութիւնը:
 
Շահան Գանտահարեան զրոյցի ընթացքին շեշտեց նաեւ, որ Անթիլիասի մէջ կայանալիք համաժողովը կը դառնայ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը համահայկական ձեւաչափով նշելու ընդհանուր մթնոլորտի մէկ մասնիկը նաեւ այն պատճառով, որ Լիբանանը եւ այս պարագային` Անթիլիասը, ունին համասփիւռքեան նշանակութիւն:
 
«Մայիս 28-ի խորհուրդը եւ անկախ հանրապետութիւն վերակերտելու գաղափարախօսութիւնը սերունդներու կազմաւորման եւ կրթադաստիարկչական աշխատանքներու առանցքը կը հանդիսանան:
 
Համաժողովին ընթացքին պիտի ներկայացուին պատմաքաղաքական նիւթեր, այժմէական հնչեղութիւն ունեցող խնդիրներ, պետականութեան վերականգնման եւ ամրացման հիմնախնդիրները քննարկող զեկոյցներ, ինչպէս նաեւ մայիսեան գաղափարախօսութեամբ Սփիւռքի քաղաքական մտածողութեան ձեւաւորման գործընթացքի կայացման` տարիներ երկարող աշխատանքներու հանրագումարային պատկերը»,- խօսքը եզրափակեց Շահան Գանտահարեան:
Նոյյան տապան  -   Հասարակություն