Րաֆֆի Դուդագլյան․ Հայրենադարձութիւն


Րաֆֆի Դուդագլյան․ Հայրենադարձութիւն

  • 16-10-2017 08:19:25   | Հայաստան  |  Վերլուծություն

Քանի մը օր առաջ յարգարժան լրագրող մը հայրենադարձութեան մասին հետաքրքուեցաւ: Կա՞յ այդպիսի բան, հարց տուաւ, հայրենադարձները, թէեւ փոքրաթիւ, ինչո՞ւ եկած են, հարցուց: Պատասխանս՝ ստորեւ.
 
Դժբախտաբար, հայրենադարձութիւնը անցնող 25 տարիներուն ոչ մէկ ձեւով կազմակերպուած բնոյթ ունեցած է: Եթէ հայրենադարձութիւնը դառնար համայն հայութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը, հաւանաբար արդէն Հայաստանը ուրիշ կ'ըլլար: Բայց մեր իրականութիւնը այն է, որ ամէն մարդ իր էշը քշելով մտահոգուած է: Ոչ զոյգ կաթողիկոսներուն, ոչ ալ կուսակցութիւններուն համար հայրենադարձութիւնը ռազմավարական նպատակ է: Բոլորն ալ զբաղած են իրենց փոքրիկ թագաւորութիւնները պահելով, չեն հետաքրքրուած Մէկ Ազգ, Մէկ Հայրենիք գաղափարի իրագործումով, չեն տոգորուած հայրենի հողին վրայ հայ ժողովուրդի բեկորներուն համախմբումով (հիմա արդէն ոչ թէ պանդուխտ հայեր ունինք, այլ՝ հարուստ ու բարգաւաճ գաղութներ): Օրինակ, լիբանանահայ ո՞ր հայ ղեկավարը պիտի ուզէ համայնքը դատարկելու հաշւոյն, իր դիրքն ու դերը կորսնցնելու գնով՝ հայրենադարձութիւն կազմակերպել: Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը, ի հարկէ, պիտի մնայ Ապրիլ 24-ի, Մայիս 28-ի կամ Սեպտեմբեր 21-ի ընթացքին բեմերէն թնդացող ճառերու գլխաւոր նիւթը, բայց երբ կազմակերպուած հայրենադարձութեան իսկական պահանջ դրուի, այս նիւթէն խուսափողները առաջին հերթին իրենք՝ ամպագորգոռ ճառախօսները պիտի ըլլան: 26 տարի է անկախ ենք, Հայաստանէն հեռացած է աւելի քան մէկ միլիոն հայ: Մի քանի հարիւր ընտանիք հաւանաբար Սփիւռքէն եկած է կամովին, իսկ սուրիահայերը՝ պարտադրաբար: Անոնց մեծ մասը արդէն Եւրոպաները հասած են, կամ վերադարձած՝ Սուրիա:
Այսօր համայնքներ սկսած են գոյանալ հեռաւոր Սիպիրի, Սպանիոյ, Պելճիքայի, Հոլանտայի, Դանիայի, Չինաստանի մէջ եւ այլուր: Հայաստանէն եւ դասական գաղութներէն հայերն են, որ այս համանյքները կը գոյացնեն: «Ուր հաց, հոն կաց» փիլիսոփայութեամբ ապրող հայերուն համար շահաբեր Չինաստանը աւելի գրաւիչ է, քան՝ հայրենիքը: Շատ հայեր շատոնց Հայաստան եկած կ'ըլլային, եթէ գործի եւ արժանավայել ապրուստի հնարաւորութիւն ըլլար: Իշխանութիւնները առաջին իսկ օրէն ձախողած են արժանավայել կեանքի նուազագոյն լաւ պայմանները ստեղծելու իրենց առաքելութեան մէջ: 
Կեղծ լաւատեսութիւն չեմ ուզեր խաղալ: Մեր երկիրը արդէն իսկ ժողովրդագրական աղէտի մէջ է եւ եթէ այս նոյն անգրագէտ իշխանաւորները շարունակեն ընել այն, ինչ ըրին անցնող 25 տարիներուն, հայրենադարձութեան մասին խօսիլը իմաստ չունի: 
Բայց հակառակ ձախաւեր իշխանութիւններուն, հայրենիքի մէջ ապրիլը դեռ շատ առաւելութիւններ ունի: Ես հոս եմ, քանի որ սա իմ հայրենիքն է: Ուրիշը չունիմ: Մեր վերջին յոյսն է, վերջին ապաւէնը, վերջին կռուանը, որքան ալ վատ խնամատարներու մականին տակ մնացած ըլլայ անիկա: Եւ այնքան ատեն, որ ընտանիք պահելու հնարաւորութիւն ունիմ, չեմ մտածեր հեռանալու մասին: Ինծի համար, աւելի լաւ տեղ չկայ, նոյնիսկ երբ ապիկար իշխանութիւններն են երկիրը ղեկավարողը: Հայրենադարձ ծանօթներ Հայաստանը կը համարեն երեխաներու դրախտավայր, հանգիստ ու ապահով, ուրեմն՝ աւելի լաւ քան արեւմտեան կամ արեւելեան բազմաթիւ երկիրներ: Շատեր հայեցի կրթութիւնը կը համարեն հայրենադարձութեան իրենց հիմնական պատճառը, ուրիշներ Երեխաներու համեմատաբար ապահով կեանքը: Ոմանք՝ աժան ապրուստ եւ հանգիստ կեանք գտած են հայրենիքի մէջ, քանի որ իրենց ստացած ամերիկեան կամ անգլիական թոշակները իսկապէս կ'ընձեռեն նման հնարաւորութիւններ: Ոմանք կրցած են յաջող գործարարութեամբ զբաղիլ՝ հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն:
Բայց հայրենադարձութիւնը այս բոլորէն աւելի, իմ կարծիքով, պէտք է ունենայ գաղափարական դրդապատճառ: Եթէ կը հաւատանք, որ ներկայ Հայաստանն է ապագայ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կորիզն ու հիմնաքարը, ուստի հայրենադարձութիւնը արդէն պէտք է շատոնց մեր ազգի առաջնահերթ նպատակը դառնար եւ ի գործ դրուէին լաւ մշակուած ներգաղթի ծրագիրներ, որոնք ապահով եւ կայուն զարգացման հնարաւորութիւններ պիտի տային ոչ միայն հայրենադարձ հայերուն, այլեւ նախ եւ առաջ՝ տեղացիներուն:
Հիմա միայն երազներու մասին կը խօսինք. 4 միլիոն հայ 2040 թուականին, եւ այլն: Ծրագիր չկայ, ճանապարհային քարտէզ չկայ: Միայն մեծ մեծ խոստումներ: Սա արդէն կատակերգութիւն կը թուի: Ի վերջոյ, այս տեսակի խոստում տուողները անցեալին եւս մեծ մեծ խօսած ու խոստումներ տուած են: Յոյսս երբեք իրենք չեն: «Թարս ծլած խիար»-ի մասին խօսողներն են ասոնք, որոնք թալանով հարստութիւն դիզելը կը համարեն ճարպիկութիւն, նոյնիսկ՝ արժանիք:
Յոյսս՝ նոր սերունդի փոքրաթիւ մէկ խմբակն է, որ ի զօրու է հրաշքներ գործելու: Այս մասին սակայն, այլ առիթով:
Գրեցէ՛ք ինծի:
Րաֆֆի Տուտագլեան
rafdoud@aol.cաom
Նոյյան տապան  -   Վերլուծություն