Բազմութիւն կայ հայ ամբաստանեալներու նստարանին վրայ


Բազմութիւն կայ հայ ամբաստանեալներու նստարանին վրայ

  • 16-10-2017 22:13:38   | Ֆրանսիա  |  Քաղաքական

 
 
Բազմութիւն կայ հայ ամբաստանեալներու նստարանին վրայ: Թէ՛ Հայաստանի ե՛ւ թէ Ֆրանսայի մէջ:
 
Հայաստանի մէջ, ո՞վ կը գտնուի մեղադրեալի նստարանին. քաղաքական բանտարկեալներ: Ի՞նչ է իրենց յանցանքը: Անոնք բողոքած են ժողովուրդի ճնշման դէմ, եղծուած վարչակարգի մը ձեռքերուն մէջ: Չմոռնանք զանոնք, նոյնիսկ եթէ անոնք՝ որոնց համար զօրաշարժի կ՚ենթարկուինք այսօր, կը գտնուին Ֆրանսայի մէջ: 
 
Իսկ հոս՝ Ֆրանսայի մէջ, ուր կը գտնուինք, գալ շաբաթ ո՞վ պիտի ըլլայ ամբաստանեալի նստարանին վրայ: Նախ, երկու անձեր, —որոնցմէ մէկը «Նուվէլ տ՚Արմենի» ամսագրի տնօրէնն է—, Հոկտեմբեր 17-ին պիտի դատուին Փարիզի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի 17-րդ ուղղիչ ատեանին մէջ, եւ թուականի տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը նոյն օրը՝ Հոկտեմբեր 17-ին Նանթէռի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ ալ պիտի դատուին Հայ Դատի երիտասարդ երկու զինուորեալներ: Իսկ անոնց յանցա՞նքը՝ դատապարտել ոճիրներու ոճիր՝ ցեղասպանութեան ժխտումը: Եւ դերերու այնքա՜ն արտակարգ շրջումով՝ անոնք կը յայտնուին մեղադրեալի նստարանին վրայ: Խլեցին Հայոց ամէն ինչը՝ ոչ միայն անոնց կեանքը, նաեւ՝ անոնց հողերը, խանութները, ձեռնարկութիւնները, տուները, ամբողջ ունեցուածքը. բայց, ո՛չ միայն ատոնք. նա՛եւ ոչնչացուցին անոնց  քաղաքակրթութիւնը, փոշիացուցին անոնց լեզուն եւ բարբառները, անոնց ապագա՛ն: Իսկ ինչ կը վերաբերի վերապրածներուն ու իրենց ժառանգորդներուն՝ անոնց թողեցին աւերակներու կոյտ մը իրենց ներաշխարհին մէջ: Եւ այս մեծ աւազակութեամբ կառուցեցին այսօրուան Թուրքիան:
 
Այսօր եւս վտանգը առկայ է Ղարաբաղի կամ Հայաստանի սահմաններուն, մինչեւ Ֆրանսայի դատարաններու նստարանները: Եւ պէտք է լռել ու բան չընե՞լ․ կը ներէք, վե՛րջ տուէք այլեւս անմեղ մարդոց հալածանքին և զօրակցեցէ՛ք անոնց, պահանջելու եւ վերջապէ՛ս ձեռք ձգելու համար արդարութիւնը:
Կոչ կ՚ուղղենք Փարիզի եւ շրջանի Հայերուն, ինչպէս նաեւ արդարութեան պաշտպան անոնց բոլոր բարեկամներուն, Հոկտեմբեր 17, ժամը 13-ին համախմբուելու երկու վայրերուն մէջ, կամ՝ Փարիզի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի (TGI) 17-րդ ատեանին առջեւ (4 boulevard du Palais, 75001 Paris) կամ ալ Նանթէռի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին (TGI - 179-191, avenue Joliot-Curie 92020 Nanterre):
 
Հայ ժողովուրդը այլեւս ձանձրացած է անարդարութենէն:
 Փարիզ 13/10/2017
 
Հայկական Վերածնունդ, Փարիզ
Հարիւրներու Խումբ
Նոյյան տապան  -   Քաղաքական