Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (8). Վիգէն Աւագեան «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Ներկայացուց Լրագրութեան Ժանրերը Եւ Տիպար Լրագրողի Յատկանիշները


Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (8). Վիգէն Աւագեան «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Ներկայացուց Լրագրութեան Ժանրերը Եւ Տիպար Լրագրողի Յատկանիշները

  • 21-10-2017 15:12:29   | Լիբանան  |  Հասարակություն

Շաբաթական դրութեամբ գործադրուող լրագրութեան վարժողական ծրագիրը երէկ շարունակուեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ: Վարժողական այդ ծրագիրին հետեւող « Ապագայ լրագրողներ»-ուն գրեթէ ամբողջական ներկայութեամբ հիւրընկալուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Վիգէն Աւագեան, որ ներկայացուց լրագրութեան տարբեր ժանրերը եւ անոնց ընդմէջէն շեշտը դրաւ տիպար լրագրողի յատկանիշներուն վրայ: Ան շեշտեց, որ լրագրութեան մարզին մէջ գործելու համար պէտք է հետամուտ ըլլալ լուրերուն, ունենալ հետաքրքրութիւն եւ որոնել իրականութիւններ, տեղեկութիւններ ու տուեալներ: Վ. Աւագեան յայտնեց, որ օրուան կարեւորագոյն նիւթերը պէտք է անպայման տեսնել օրաթերթին մէջ: Վիգէն Աւագեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց լրատուութեան, հարցազրոյցի, թղթածրարի եւ յօդուածագրութեան տեսակները, ինչպէս նաեւ բացատրեց խմբագիրին պարտականութիւնները` ընդգծելով արխիւ պահելու անհրաժեշտութիւնը:

Վ. Աւագեան անդրադարձաւ նաեւ մամուլի, ձայնասփիւռի, պատկերասփիւռի եւ ընկերային ցանցերու լրագրութեան տարբերութիւններուն:
«Ապագայ լրագրողներ»-ուն հետ Վ. Աւագեանի հանդիպումին աւարտին տեղի ունեցաւ գործնական քննարկում եւ զրոյց` ներկայացուած նիւթին շուրջ:
Նոյյան տապան  -   Հասարակություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play