Շահան Գանտահարեան. «Լիբանան կը փորձէ շրջանցել հեռակառավարուելու իրողութիւնը եւ դրսեւորել քաղաքական կամք»


Շահան Գանտահարեան. «Լիբանան կը փորձէ շրջանցել հեռակառավարուելու իրողութիւնը եւ դրսեւորել քաղաքական կամք»

  • 18-11-2017 21:38:50   | Լիբանան  |  Հարցազրույցներ

Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին եւ Լիբանանի ընդհանուր կացութեան շուրջ  «Գանձասար» հետեւեալ զրոյցը ունեցաւ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ.
 
 
 
 «Գանձասար»- Վարչապետ Հարիրիի հրաժարումէն մէկ շաբաթ վերջ քաղաքական ինչպիսի՞ անղրադարձներ եղան Լիբանանի մէջ։ Այս հրաժարականը օրինական կը համարուի՞ լիբանանեան սահմանադրութեան հիման վրայ։
 
Շահան Գանտահարեան- Վարչապետ Հարիրիի հրաժարականը յանկարծակիութեան գործօնով անակնկալի առջեւ դրաւ ոչ միայն հասարակութիւնը, այլ նաեւ պետական դաշտը` բարձրագոյն մակարդակներով։ Լիբանանը երկար սպասումներէ ետք ի վերջոյ բռնած էր համաձայնական մթնոլորտի վրայ հանգուցալուծումներ իրականացնելու ուղին եւ այդ առումով դրսեւորուած էր համակողմանի քաղաքական կամք։ Թէ՛ պետական, եւ թէ հասարակական-վերլուծական դիտարկումները կեդրոնացան այն տեսակէտին վրայ, որ հրաժարականը թելադրուած էր, պահանջուած, նկատի ունենալով թէ՛ Լիբանանի մէջ տիրող հանգիստ իրավիճակը, եւ թէ վարչապետին Սէուտական Արաբիա կանչուիլը եւ այնտեղէն հրաժարական հնչեցնելը։  Տակաւին կային նաեւ այլ մանրամասնութիւններ, որոնք կը խօսէին հոգեբանական դրոյթի, օգտագործուած բառապաշարի վերլուծական մօտեցումներուն մասին, որոնք ընդհանուր տեսակէտին կը նպաստէին։ Խնդիրը սահմանադրական կամ իրաւական ընդունելիութենէն աւելի քաղաքական հնչեղութիւն ապահովեց: Նախագահ Աուն առաջին վայրկեանէն յատարարեց, որ հրաժարականը չ՜ընդունիր, մինչեւ այն ատեն, որ վարչապետը չէ վերադարձած եւ իր հետ չէ խորհրդակցած հրաժարականին տուն տուող պատճառներուն շուրջ։
 
 
 
«Գ.»- Հայ համայնքը, ինչպէս միշտ, դրսեւորած է հաւասարակշռուած մօտեցում։ Այս պարագային ի՞նչ էր լիբանանահայ համայնքին անդրադարձը։
 
Շ.Գ.- Ճիշդ է, որ հայ համայնքը նման ճգնաժամային պայմաններու դիմաց եւ ընդհանրապէս որոշած է չներքաշուիլ առճակատման մթնոլորտի մէջ: Այս պարագային, սակայն, պէտք է աւելցնել, որ նման վարքագիծ որդեգրած են ազդեցիկ իրողական լիբանանեան շատ մը կողմեր, սկսեալ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահէն։ Բոլորին պահանջը այն է, որ վարչապետը վերադառնայ Պէյրութ եւ վերստանձնէ համալիբանանեան համախոհութեան վրայ ճշդուած իր առաքելութիւնը։
 
 
 
«Գ.»- Այս պայմաններուն լոյսին տակ, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուի՞ն ճշդուած թուականին:
 
Շ.Գ.- Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած ժամանակին ընելը պէտք է դիտարկել պետական հաստատութիւններու սահմանադրական ժամկէտերը յարգելու սկզբունքի կիրարկման պարունակին մէջ։ Լիբանանը արդէն նախագահի ընտրութենէն ետք իրաւական պետութեան վերակայացման գործընթացին մէջ է եւ անկէ շեղում կատարելը հիմնական խախտում կ՜ըլլայ այդ վարքագիծին։
 
 
 
«Գ.»- Սուրիական փորձը նկատի ունենալով, բնականաբար որոշ երկիրներու կողմէ լարուածութիւնը սրող յայտարարութիւններ կը հնչեն ու պիտի հնչեն։ Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք տարածաշրջանային լարուածութեան լոյսին տակ այս սրումներն ու Լիբանանի քաղաքական ներկայ իրավիճակը։
 
Շ.Գ.- Այո, ճիշդ նկատեցիք. Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող իրավիճակը իր պատճառահետեւանքային համապատկերով մտածել կու տայ ընդհանրապէս տարածաշրջանին մէջ վերահսկելի քաոս պահպանելու աշխարհաքաղաքական ծրագրի մը մասին։ Ժողովրդագրական նոր տեղաբաշխումներով գոյացած պատկեր, սիւնի-շիի մնայուն առճակատման մթնոլորտի թէժացումներ, պատերազմական սահմանափակ գործողութիւններով յատկանշուող կացութիւններ, քրտական գործօնի շահարկումներ եւ մասամբ  նորին կը բնութագրեն անընդհատ եռեւեփումի մէջ եղող տարածաշրջանը։ Լիբանանի մէջ եւս համայնքային դրուածքը, երկար ժամանակի վրայ արձանագրուած դէպքերը, քաղաքական անորոշութիւնը, պետական հաստատութիւններու անդամալուծումը պարարտ ենթահող են որեւէ լարուածութեան յետցնցումային վիճակի ստեղծման համար։ Բայց Լիբանան, հակառակ այդ բոլորին, որոշ ժամանակէ ի վեր հեռակառավարուելու իրողութիւնը կը փորձէ շրջանցել եւ դրսեւորել քաղաքական կամք` համալիբանանեան համախոհութիւնը առարկայացնելու թէ՛ քաղաքական, թէ՛ իրաւական եւ թէ հասարակական մակարդակներու վրայ։
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Հարցազրույցներ