Մամլոյ 133-րդ Լսարան. «Հայաստանի Հանրապետութիւն 1918-1920. Պատմութիւն Եւ Արդիական Խնդիրներ»


Մամլոյ 133-րդ Լսարան. «Հայաստանի Հանրապետութիւն 1918-1920. Պատմութիւն Եւ Արդիական Խնդիրներ»

  • 21-11-2017 12:15:45   | Լիբանան  |  Հասարակություն

«Ազդակ»-ի մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ, երէկ` երկուշաբթի, 20 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 133-րդ լսարանը: Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան ներկայացուց «Հայաստանի Հանրապետութիւն 1918-1920. պատմութիւն եւ արդիական խնդիրներ» նիւթը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժագ Յակոբեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան ակունքներուն մէջ գտնուող գաղափարական շարժումի պաշտօնաթերթը, «Ազդակ» Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակի ամբողջ ընթացքին իր հրապարակումներով պիտի անդրադառնայ հայ ազգի պատմութեան մէջ արձանագրուած սոյն պատմակշիռ իրադարձութեան: Ապա հրաւիրեց օրուան բանախօս փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը` իր նիւթը ներկայացնելու:

Օրուան զեկուցաբերը իր խօսքին մէջ մանրամասն անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման պայմաններուն, եւ թէ ի՛նչ նախադրեալներու հիման վրայ կեանքի կոչուեցաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը: Ան ըսաւ, թէ  թիւր կարծիք  է, որ մենք անկախութեան մտայնութիւն չենք ունեցած: Անկախութեան համար պայքարը շատ անթեղուած ձեւով մեր հասարակական-քաղաքական միտքը իր սրտին մէջ ունեցած է արդէն:

Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան ըսաւ, որ Մայիսեան հերոսամարտերուն շնորհիւ մենք վաստկեցանք եւ նուաճեցինք մեր անկախութիւնը, բայց հոգեբանօրէն ամէն մարդ չէ, որ ընկալումը ունէր այդ անկախութեան: Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը հիմնուեցաւ մեր պայքարին շնորհիւ: Ան նշեց, որ ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ կարելի եղած է յանգիլ այն եզրակացութեան, որ կարճ ժամանակի մէջ` երկուքուկէս տարուան ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձած է պետութիւն  իր իրաւաքաղաքական կառուցուածքով:

Ան նաեւ յայտնեց, թէ ուսումնասիրութիւններու ընթացքին ի յայտ եկած է, որ բազմաթիւ երկիրներու մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն պետական ներկայացուցչութիւններ ստեղծուած են:  Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական տարբեր մակարդակներով յարաբերութիւններ հաստատելու կողմնակից եղած է, եւ ապացոյցներ կան, որ 7-8 ռուսական խորհրդային եւ հակախորհրդային կազմաւորումներու հետ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է:

Փրոֆ. Ա. Մելքոնեան դիտել տուաւ, որ անկարելի էր 1920 թուականի գարնան պատկերացնել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար 1920 թուականի աշնան: Ան ըսաւ, որ ոչ մէկը պատկերացում ունէր, որ 1920 թուականի ապրիլէն քեմալական թուրքերը եւ պոլշեւիկեան Ռուսիան պիտի սկսին գործակցութեան, որ պիտի ունենար իր յաջողութիւնը, ոչ մէկը կրնար երեւակայել, որ Քեմալական շարժումը եւ Խորհրդային Ռուսիան կ՛ունենան ապագայ:

Ան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկման պատճառը արտաքին էր: Ապա ըսաւ, որ մինչեւ 12 մարտ  1922` Անդրկովկասեան դաշնութեան ստեղծումը, Վրաստանը, Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը եղած են անկախ «սոցիալիստական» պետութիւններ: Քաղաքական համակարգով տարբեր նոր իշխանութիւնը կեանքի կոչելով` երկրորդ հանրապետութիւնը դարձաւ Ա. հանրապետութեան օրկանական շարունակութիւնը, որքան ալ վարչակարգով ըլլար տարբեր:

Ամփոփելով իր խօսքը` Աշոտ Մելքոնեան ըսաւ, որ 1918-1920 թուականներուն Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհուրդը այն էր, որ անիկա նորագոյն անկախ պետականութեան հիմքը դրաւ, վերականգնումը եղաւ անկախ պետականութեան, սահուն ձեւով կեանքի կոչուեցաւ Բ. հանրապետութիւնը գրեթէ անոր սահմաններով, բացի Սուրմալուէն ու Կարսէն, եւ Գ. Հանրապետութիւնը պիտի չըլլար, եթէ չըլլար երկրորդը. եթէ երկրորդը կեանքի կոչուեցաւ առաջինին շնորհիւ: Մինչեւ Գ. հանրապետութիւն երկարող այս շղթան մենք կը պարտինք 1918-ի մայիս 28-ի հրաշքին եւ իբրեւ ազգ, երկիր պարտաւոր ենք յաւուր պատշաճի նշել այդ փառահեղ 100-ամեայ յոբելեանը:

Աւարտին փրոֆ. Մելքոնեան պատասխանեց ներկաներուն ուղղած հարցումներուն:

«Ազդակ»

Նոյյան տապան  -   Հասարակություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play