06-12-2017 10:27:05 | Ֆրանսիա | Ի՞նչ է գրում մամուլը
Հաւանաբար Ռեզա Զարրապի անունը ոչինչ պիտի յուշէ ձեզի: Մինչդեռ ան այսօր աշխարհի կարեւորագոյն անձերէն մէկը դարձած է, վկայ մը որ սարսուռ կը պատճառէ Էրտողանին:
34-ամեայ իրանա-թրքահպատակ այս գործարարը փոքր տարիքին ընտանեօք հաստատուած է Թուրքիա եւ հօրմէն ալ ժառանգած յատկութիւններով՝ շատ կանուխէն ելեւմուտի եւ առեւտուրի ասպարէզ նետուած ու մեծ յաջողութիւններ արձանագրած է:
Ուրե՞մն,— պիտի ըսէք:
Ուրե՛մն: Ան, 2016 Մարտին ընտանեկան ճամբորդութեան մը ընթացքին ձերբակալուած է Մայամիի մէջ, Իրանի պարտադրուած տնտեսական պատիժներու շրջանցումի հետաքննութեան մը ծիրէն ներս եւ ներկայիս այդ հարցով կը դատուի Նիւ Եորքի մէջ:
Անոր վկայութիւնները աւելի քան պայթուցիկ են: Նշեալ դատավարութեան իր առաջին յայտարարութիւններուն մէջ Զարրապ պնդած է, որ 2012 եւ 2013-ին Թեհրանի կողմէ աւելի քան 50 միլիոն տոլար կաշառք վճարած է Էրտողանի կառավարութեան Տնտեսութեան նախարար Զաֆեր Չաղլայանի, որպէսզի Իրան՝ հակառակ հաստատուած պատիժներուն եւ արգելքներուն՝ Թուրքիոյ միջոցով, պետական «Հալքպանք»-ի ճամբով կարենայ քարիւղէն շահած միլիառ տոլարները հոսեցնել դէպի դրամատնային միջազգային շուկայ: Զարրապ բացատրած է նաեւ որ Էրտողան ալ, այն ատեն վարչապետ, հրահանգներ տուած է, որպէսզի պետական ուրիշ երկու դրամատուներ եւս ներգրաւուին ապօրինի այս գործարքին մէջ:
Դատավարութիւնը FBI-ի գաղտնապահութեան ենթակայ է եւ Զարրապ գաղտնի վայր մը փոխադրուած է ապահովութեան նկատառումներով: Իր պատիժի մեղմացման ակնկալութեամբ՝ ան արդէն խոտովանած է 7 յանցանքներ: Սկիզբը 95 տարի բանտարկութիւն կը սպառնար իրեն:
Կ՚ըսուի, թէ Զարրապ իր խոստովանանքի ծրարին ծայրն է միայն: Այս նիւթին նուիրուած (անշուշտ ծուռին ու շիտակին համար դեռ հարկ է սպասել) սակայն մինչ օրս պատշաճ ուշադրութեան չարժանացած յօդուածներ, ինչպէս նաեւ պնդումներ ողողած են ընկերային ցանցերը: Ատոնցմէ ոմանց համաձայն, Զարրապի միջոցաւ Իրանի կողմէ թուրք պետական դէմքերու վճարուած կաշառքները կը գերազանցեն մէկ միլիառ տոլարը, որուն արդէն 400 եւ մի քանի միլիոնը, ինչպէս նաեւ ձոյլ ոսկիներ, զուիցերական ժամացոյցներ… միայն Էրտողանին:
Բնականաբար վերջինս կը հերքէ այս բոլոր ամբաստանութիւնները ու կը պնդէ, որ ամենայն չարիքի աղբիւր Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի նոր մէկ դաւն է տեղի ունեցածը:
Կ՚արժէ նաեւ յիշել, որ 2013-ին գայթակղութիւնը անգամ մը բացայայտուած էր. Զարրապ երկու ամիս բանտը մնացած էր, նախարար Չաղլայան ալ հրաժարած: Բայց, շուտով ամէն ինչ քօղարկուած էր, նոյնիսկ 2015-ին Զարրապ արժանի նկատուած էր «Թուրքիոյ լաւագոյն արտածող»-ի մրցանակին: