Ալին Օզինեան կը պախարակէր ոմանց այն պնդումը թէ »ինչ որ եղած է, եղած է, այլեւս պէտք է մոռնալ անցեալը եւ պէտք է սկսիլ ծայրէն«


Ալին Օզինեան կը պախարակէր ոմանց այն պնդումը թէ »ինչ որ եղած է, եղած է, այլեւս պէտք է մոռնալ անցեալը եւ պէտք է սկսիլ ծայրէն«

  • 27-04-2011 20:30:26   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
Մարմարա »Զաման« թերթի երէկուան ) 26 Ապրիլ_թիւին մէջ մեր ուշադրութիւնը գրաւեց հետազօտիչ Ալին Օզինեանի ստորագրութեամբ հրատարակուած յօդուած մը, որ կը պախարակէր Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ սահմաններուն փակ ըլլալու փաստը, նաեւ ոմանց այն պնդումը թէ »ինչ որ եղած է, եղած է, այլեւս պէտք է մոռնալ անցեալը եւ պէտք է սկսիլ ծայրէն«։ Մոռնա՛լ։ Մինչ մէկը կը սպասէ որ դիմացինը իր մեղքերը խոստովանի, միւսն ալ կը խօսի մոռնալու հրամայականին մասին։ Յօդուածին մէջ դիտել կը տրուի որ մոռնալը, կամ մոռցնել տալը թերեւս այս աշխարհագրութեան մէջ կը նկատուի ամէնէն շինիչ քայլը։ Շատերու կարծիքով, որպէսզի բացուի Թուրքիա-Հայաստան սահմանը եւ որպէսզի պաշտօնական հիմերու վրայ դրուի այն բարեկամութիւնը որ հիմա կը մշակուի ծածուկ կերպով, պէտք ունինք ծննդեան նոր թուականի մը եւ ատոր համար պէտք է որ անցեալը մոռնանք։ Այս վարկածին դէմ է որ կը բողոքէ Ալին Օզինեան, որ կը հարցնէ թէ ինչո՞ւ երկու երկիրներու դիւանագիտական կապերու հաստատման համար պայման ըլլար որ դիմացի կողմը մոռնայ անցեալը։ Եթէ հայերը չդաւաճանեն իրենց յիշողութեան, այսինքն եթէ չմոռնան անցեալը, երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական կապեր պիտի չհաստատուի՞ն։ Ալին Օզինեան, որ կ’անդամակցի Հայ-Թուրք Գործարարներու Ու Ճարտարարուեստագէտներու Միութեան ու Թուրք-Հայ Գործարարութիւնը Զարգացնելու Խորհուրդին, առիթը ունեցած է այցելելու Թուրքիոյ բազմաթիւ շրջանները ու տեսակցութիւններ ունեցած է գործարարներու հետ։ Բոլորն ալ նոյն կարծիքը կը յայտնէին, բոլորն ալ սահմաններուն բացուելուն կողմնակից էին։ Բայց ամենուրեք խօսքը կը դառնար ու կը յանգէր նոյն կէտին։ Անցեալը մոռնալ, ապագային նայիլ։ Ալին Օզինեանի առարկութիւնը մոռնալու այս հրամայականին դէմ էր։ Ան իրաւամբ դիտել կուտար որ մարդիկ կամ ազգեր կարգ մը բաներ չեն կրնար մոռնալ եւ սխալ է սպասել որ անոնք մոռնան այդ բաները։ Գալով Թուրք-Հայ յարաբերութիւններուն, հիմա մոռնալու ժամանակը չէ այլեւս, այլ յիշելու ժամանակն է, կ’ըսէ ան։ Եւ յօդուածագիրը, որ պրպտող է, հետաքրքրական տուեալներ կը փոխանցէ անցեալի մէջ Թուրքերու ու Հայերու միջեւ գոյութիւն ունեցած յարաբերութիւններու մասին։ Կը պատմէ թէ երկու երկիրները շարունակ ներկայացուցիչներ ունեցած են իրարու մօտ։ 1921-ին Կարսի Համաձայնութեան ստորագրութենէն վերջ Հայերը հիւպատոսարան մը բացած էին Կարսի մէջ։ 1921 թուականին հայերը ամէն ինչ մոռցա՞ծ էին արդէն որ կարելի եղած էր հիւպատոսարան մը բանալ Կարսի մէջ։ Եւ եթէ այն ատեն այսպիսի հիւպատոսարան մը բացուած էր, հիմա ինչո՞ւ կարելի չըլլար դիւանագիտական կապեր հաստատել։ Ալին Օզինեան հետեւեալ խորհրդածութիւններով կ’եզրակացնէ իր հետաքրքրական յօդուածը. »Կարգ մը ցաւեր կան որոնք չեն թեթեւնար ո՛չ ժամանակի հոլովոյթով, ոչ ալ տնտեսական շահերով։ Եթէ մարդուս հոգին այրող ցաւը դիմացի կողմէն չի լսուիր ու չի տեսնուիր, այդ ցաւը շատ աւելի մեծ հրդեհի մը կը վերածուի։ Այս պատճառաւ է որ ցաւերը թեթեւցնելու միջոցը մոռնալը չէ, այլ մտիկ ընելն ու ցաւակից ըլլալն է։ Որքան ատեն որ հաղորդակցութիւն չկայ իրարու հետ, ականջները կը խլանան, սիրտերը կը կուրանան։ Որքան ատեն որ սահմանները չեն բացուիր, ամէն ինչ, նաեւ մարդոց խղճմտանքը կը կարծրանայ...«։
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play