Նշանեան Փայլանին կը թելադրէ լքել Թուրքիան


Նշանեան Փայլանին կը թելադրէ լքել Թուրքիան

  • 27-12-2017 12:52:22   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Ինչպէս ծանօթ է, պոլսահայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, վերջերս, հարցազրոյցի մը առթիւ զգայացունց յայտարարութիւն մը կատարելով՝ ըսաւ, որ եւրոպաբնակ որոշ Հայերու եւ Ալեւիներու դէմ թրքական ազգայնականներու կողմէ մահափորձերու շարքի նախապատրաստման մասին լուրջ տեղեկութիւններ ստացած են: Այնուհետեւ ան յայտարարեց նաեւ որ այդ տեղեկութիւնները հաստատուած են նաեւ գերմանական իշխանութիւններուն կողմէ:
Պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեան, որ քանի մը ամիս առաջ փախած էր թրքական բանտէն եւ հաստատուած՝ Յունաստանի Սամոս կղզին, Twitter-ի իր պաշտօնական էջին վրայ մեկնաբանած է այս յայտարարութիւնը: 
Ան գրած է, որ Փայլանի հաղորդած տեղեկութիւնները արժանի են յատուկ ուշադրութեան ու ուսումնասիրութեան:
«Կարօ Փայլանի հարցազրոյցը կը պարունակէ տեղեկութիւններ, զորս պէտք է կարդալ առնուազն 3-4 անգամ եւ շատ ուշադրութեամբ: Եթէ Կարոյին տեղը ըլլայի` առանց ժամանակ կորսնցնելու կը լքէի երկիրը», գրած է Նշանեան` նկատի ունենալով, որ այդ տեղեկութիւններու հրապարակումով Փայլան վտանգի կ՚ենթարկէ նաեւ իր իսկ անձը:
 
 
Սաֆրաստեան համակարծիք է Նշանեանի հետ
 
Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, թրքագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան Panorama.am-ի թղթակցին հետ զրոյցին՝ անդրադառնալով Փայլանի յղուած Նշանեանի յանձնարարութեան, ըսած է. “Թուրքիայի գործող իշխանութիւններից կարելի է եւ պէտք է ամէն բան սպասել, որովհետեւ նրանք ցոյց են տուել, որ դիմում են պատժիչ գործողութիւնների, բռնաճնշումների՝ հաշուի չառնելով համաշխարհային հասարակական կարծիքը, նոյնիսկ իրենց դաշնակիցների մօտեցումները”։
“Նշանեանն ինքն է թուրքական իշխանութիւններից տուժել եւ եթէ Կարօ Փայլանին նման խորհուրդ է տալիս, շատ լաւ հասկանում է՝ ինչ իշխանութիւնների հետ գործ ունի։ Այնպէս որ, Փայլանի հարցով նրա զգուշաւորութիւնը միանգամայն իրատեսական է։ Վտանգն ակնյայտ է։ Իմանալով, որ Փայլանը Հրանտ Դինքի կրտսեր գործընկերն է եղել եւ շարունակում է նրա խիզախ մօտեցումները, դժուարանում եմ ասել՝ արդեօք նա ականջալուր կը լինի՞ Նշանեանի յորդորին։ Ամէն դէպքում մենք գործ ունենք շատ համարձակ հայ գործչի հետ, որին, սակայն զգուշաւորութիւնը չի խանգարի”, աւելցուցած է Panorama.am-ի զրուցակիցը:
Ռուբէն Սաֆրաստեանի կարծիքով՝ թրքական իշխանութիւններու թիրախին կրնայ յայտնուլ ոեւէ գործիչ, որ մատնացոյց կ՚ընէ այդ երկրին մէջ առկայ արատաւոր երեւոյթները:
 
ՆՅ
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը