Անգարա խիստ զայրացած է


Անգարա խիստ զայրացած է

  • 08-01-2018 11:43:38   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

2016 Յուլիս 15-ին Թուրքիոյ մէջ կատարուած յեղաշրջման փորձէն ետք՝ Յունաստան ապաստանած էին որոշ կասկածեալներ եւ այդ երկրէն ապաստանեալի կարգավիճակ խնդրած էին: Վերջերս, Աթէնք թուրք այդ զինուորականներէն մէկուն շնորհած է ապաստանեալի կարգավիճակ, ինչ որ խիստ զայրացուցած է Անգարան: 
 
Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսէ. «այս որոշումով, Յունաստան անգամ մը եւս ցոյց կու տայ, որ յեղաշրջման հեղինակները պաշտպանող եւ զանոնք հիւրընկալող երկիր է»: 
«Յունաստան չցուցաբերեց ահաբեկչութեան եւ ոճիրներու դէմ պայքարի մէջ դաշնակից երկրէ մը ակնկալուած զօրակցութիւնը եւ գործակցութիւնը: Այս որոշումը, որ ըստ մեզի՝ կայացուած է քաղաքական դրդապատճառներով, վստահաբար իր անդրադարձը պիտի ունենայ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային առումով՝ մեր միացեալ աշխատանքներուն վրայ», տողերով կ՚եզրափակուի Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութիւնը: 
 
ՆՅ
 
 
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play