«Իրանի Մէջ Անկարգութիւններու Ետին Կանգնած Են Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլն Ու Սաուտական Արաբիան» կ՚ըսէ Իրանի ընդհանուր դատախազը


«Իրանի Մէջ Անկարգութիւններու Ետին Կանգնած Են Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլն Ու Սաուտական Արաբիան» կ՚ըսէ Իրանի ընդհանուր դատախազը

  • 08-01-2018 11:54:08   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Իրանի ընդհանուր դատախազ Մոհամատ Ժաֆար Մոնթազերի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլն ու Սաուտական Արաբիան կազմակերպած են դաւադրութիւն մը, որուն նպատակը Իրանի մէջ անկարգութիւններու հրահրումն էր: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
 
Մոնթազերի կը յայտնէ, որ այդ ծրագիրի գլխաւոր նախագծողն ու անկարգութիւններու հրահրման խումբը ստեղծողը Մայքըլ Տ՛Անտրիան է, որ նախապէս գլխաւորած է «Սի.Այ.Էյ.»-ի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժինը:
“Իրանի մէջ անկարգութիւններու հրահրման համար ստեղծուած է յատուկ խումբ։ բաղկացած Միացեալ Նահանգներէն, Իսրայէլէն ու Սաուտական Արաբիայէն, իսկ խումբը գլխաւորած է Մայքըլ Տ՛Անտրիան ու Մոսատէն սպայ մը։ Բոլոր ծախսերը հոգացած է Սաուտական Արաբիան”, ըսած է ան:
Մոնթազերի աւելցուցած է, որ ծրագիրը կազմելու համար անհրաժեշտ տուեալները հաւաքուած են տարիներու ընթացքին:
Նախապէս ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոյըրթ յայտարարած էր, որ իր երկիրը չ՚ուզեր Իրանի մէջ յեղափոխութեան հասնիլ, սակայն այդ երկրին մէջ փոփոխութիւններու յոյսը ունին: “Չենք ուզեր յեղափոխութեան հասնիլ, մենք կ՚ուզենք փոփոխութիւններ, մենք կ՚ուզենք, որ Իրանի իշխանութիւնները սկսին լսել իրենց ժողովուրդը, ատիկա տակաւին տեղի չ՚ունենար”, ըսած է ան «Ֆոքս Նիուզ»-էն` պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ուաշինկթըն Իրանի մէջ իշխանափոխութի՞ւն կ՚ուզէ:
ԱՄՆ-ու Պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիս յայտնած է, որ իր երկրին հարցը “իրանեան բռնատիրական վարչակարգին հետ է”եւ “իրանցի ժողովուրդէն մեծ հատուած մը եւս այդ վարչակարգին հետ հարց ունի”։
 
“Իրանեան վարչակարգը տարիներ առաջ յաջողեցաւ ճնշել կանաչ յեղափոխութիւնը, սակայն չկրցաւ իր ժողովուրդի հոգիէն ջնջել դժգոհութիւնն ու զայրոյթը”, ըսած է ան:
 
ՆՅ
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը