Հրեայ ուսանողներու համաշխարհային միութիւնը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը
10-01-2018 16:26:53 | Ֆրանսիա | Ի՞նչ է գրում մամուլը
ԻՍՐԱՅԷԼ
Հրեայ ուսանողներու համաշխարհային միութիւնը (WUJS) Իսրայէլի մէջ գումարած իր 44-րդ Համաշխարհային համագումարի ընթացքին պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը կը յայտնէ, որ համագումարին գլխաւոր զեկուցողներէն մէկը, որ նաեւ աջակցած է բանաձեւին, հրէական ծագումով աւստրալիացի փաստաբան Արիէլ Զոհարն էր:
Ըստ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Գայսերեանի՝ Ուսանողական այս կազմակերպութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Իսրայէլի կառավարութեան եւ Աւստրալիոյ նման այլ երկիրներու ուղղուած հզօր պատգամ մըն է, թէ անկախ հանգամանքներէն, մարդկային իրաւունքները պէտք չէ՛ բանակցութիւններու առարկայ դառնան՝ յանուն դիւանագիտական շահերու: