Ի՞նչ նպատակով պետութիւնը կը միջամտէ Հայոց պատրիարքական ընտրութեան.Կարօ Փայլանը դիմած է Խորհրդարանի նախագահութեան


Ի՞նչ նպատակով պետութիւնը կը միջամտէ Հայոց պատրիարքական ընտրութեան.Կարօ Փայլանը դիմած է Խորհրդարանի նախագահութեան

  • 26-02-2018 13:06:56   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

 
Պոլսահայ երեսփոխան Կարօ Փայլան պատրիարքական ընտրութեան հարցով դիմած է Թուրքիոյ Խորհրդարանի նախագահութեան եւ հարց տուած է թէ ի՞նչ նպատակով պետութիւնը կը միջամտէ Հայոց պատրիարքական ընտրութեան, կը գրէ «Մարմարա», որ նիւթին տեղեկացած է Փայլանի գրասենեակէն ստացած հաղորդագրութենէ մը:
 
Փայլան իր աղերսագրին մէջ պատմած է վերջին իրադարձութիւնները՝ դիտել տալով որ պատրիարքին կատարուած «մտագարութեան» ախտաճանաչումէն վերջ պահանջքը զգացուած է նոր պատրիարքի ընտրութեան եւ սակայն արտօնութիւն չէ ստացուած, հակառակ անոր, որ մեր եկեղեցականները ընտրութեան գործընթաց ստեղծեցին, տեղապահ ընտրեցին եւ ընտրութեան թուականներ ալ ճշդեցին: Այս բոլորը խանգարուեցան պետութեան որոշումով, պետութիւնը կուսակալութեան նամակով անվաւեր նկատեց տեղապահի ընտրութիւնը ու լիազօրութիւնը դարձեալ վերադարձուց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի մը: «Ասիկա պատրիարքարանին քայյո՞ւմ* նշանակել է», հարց տուած է Կարօ Փայլան:
Ան հարցուցած է թէ ի՞նչ է ընտրութեան դէմ արգելք դնելու պետութեան որոշումին հիմնական նպատակը: Փայլան, յիշեցուցած է որ նախագահ Էրտողան ալ անգամ մը մաղթած էր, որ ժամ առաջ պատրիարքական ընտրութիւն կատարուի, հիմա ի՞նչ պատահեցաւ որ այդ արտօնութիւնը կ՚ուշանայ: Հայ երեսփոխանը պահանջած է որ ժամ առաջ ընտրութեան արտօնութիւն տրուի:
_____
* «ՆՅ» - Քայյում մօտաւորապէս կը նշանակէ հոգաբարձու։ Ասիկա Թուրքիոյ մէջ վերջին տարիներուն նորաձեւութիւն դարձած եզր մըն է։ Քանզի, բարձրաստիճան այն բոլոր պաշտօնատարները կամ պատասխանատուները (ինչպէս օրինակ՝ քաղաքապետեր, համալսարանի տեսուչներ, թերթերու տնօրէններ…) որոնք Էրտողանի եւ անոր իշխանութեան նկատմամբ «օրինակելի» կեցուածք չեն ցուցաբերեր, մէկ ակնթարթի մէջ կը պաշտօնազրկուին ու կը փոխարինուին պետութեան կողմէ նշանակուած քայյում/հոգաբարձուներով։ 
 
ՆՅ
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play