Աթէշեանի փոխարէն ընտրել համայնքի վստահութեան արժանացած նոր պատրիարք. Պոլսահայերը ստորագրահաւաքի սկսած են


Աթէշեանի փոխարէն ընտրել համայնքի վստահութեան արժանացած նոր պատրիարք. Պոլսահայերը ստորագրահաւաքի սկսած են

  • 26-02-2018 19:34:27   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Պոլսոյ հայ համայնքը change.org կայքէջին մէջ ստորագրահաւաքի սկսած է` Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ազատ ընտրութեան պահանջքով: Պոլսահայերը կը պահանջեն չխախտել ազատ ընտրութեան իրենց օրինական իրաւունքն ու Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին վերանշանակուած Արամ Աթէշեանի փոխարէն ընտրել համայնքի վստահութեան արժանացած նոր պատրիարք:
 
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ շարք մը հայ մտաւորականներ միացեալ կոչ մը հրապարակած են Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի երկարատեւ ճգնաժամային վիճակի ու վերջերս Արամ Աթէշեանի` Հայոց պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնին վերանշանակման վերաբերեալ եւ պահանջած՝ նոր պատրիարքի ընտրութիւն։
 
ՆՅ
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը