ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆ. Րաֆֆի Տուտագլեան


ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆ. Րաֆֆի Տուտագլեան

  • 12-09-2018 16:15:47   | Հայաստան  |  Քաղաքական

 
 
Այսօր համացանցի վրայ տարածուեցաւ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան և Յատուկ Քննչական Ծառայութեան պետերու հեռախօսազրոյցը՝ Մարտի 1-ի գործերու վերաբերեալ։
 
Չեմ գիտեր ո՞վ և ինչպէ՞ս կատարած է և համացանցի վրայ տարածած է այս զրոյցի արձնագրութիւնը։ Չեմ գիտեր որու՞ թելադրանքով, որու՞ պատուէրով, որո՞ւն ծառայութիւն մատուցելու համար։
 
Անկախ անկէ, թէ ինչ խօսած են անոնք, եւ անկախ իրենց արծարծած թեմաներէն, սա ահաւոր բան է, սարսափելի նախընթաց։
 
Այն, որ կատարուածը մեր ազգային անվտագութեան ուղղուած մեծ հարուած է, կասկածէ վեր է։
 
Այն, որ կատարուածը ուղղակի հարուած է մեր երկրի ներքին եւ արտաքին անվտագութեան, մեր ժողովուրդի ապահովութեան, մեր ներքին անդորրութեան, մեր սահմաններու պաշտպանուածութեան, կասկածէ վեր է։
 
Սա պարզապէս ազգային դաւաճանութիւն է, այլ ոչ թէ սոսկ քրէական արարք։ Սա մեր պետութեան անվտագութեան կառոյցները խարխլելու ուղղակի և չափազանց վտանգաւոր հարուած է։
 
Պատկերացուցէք ինքզինք յարգող որևէ պետութեան մէջ նման բան տեղի ունենար։ Ամերիկան արդեն ամբողջ ուժով ահազանգային վիճակ յայտարարած կ'ըլլար, Ռուսաստանի մէջ հազարաւորներ բանտերը նստած կ'ըլլային, Իսրայէլը ընդհուպ մինչև իսկ պատերազմ կրնար յայտարարել։
 
Իսկ մե՞ր մօտ։ Յեղափոխութեան թշնամիները արդեն իսկ գործի անցած, Նիկոլին ու ԱԱԾ-ին կը մեղադրեն։ Խայտառակութիւններու մասին կը խօսին։ Ամբողջ մեր անվտանգութեան համակարգի գործունէութիւնը հարցականի տակ կ'առնեն։
 
Ովքե՞ր էին, որ շարունակ կը յայտարարէին, որ հակայեղափոխութիւն չկայ, գոյութիւն չունի։ Հակայեղափոխականներ չկան։ Սա ի՞նչ է, եթէ ոչ յեղափոխութենէն տուժած մարդոց, խմբակներու, ուժերու սադրանք։ Սա թուրքին գործը չէ, ինչպէս որ թուրքին գործը չէր Մարտի 1-ը և Հոկտեմբերի 27-ը։
 
Սա արդէն հակայեղափոխական ուժերու ահաւոր չափերու հասած, վտանգաւոր, ազգային անվտանգութիւնը խաթարող գործողութիւն է։
 
Սա պարզապէս ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԻՒՆ Է։
Նոյյան տապան  -   Քաղաքական