ԸՆԿ. ՍԵՐԽԻՕ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ «ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ


ԸՆԿ. ՍԵՐԽԻՕ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ «ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

  • 26-08-2010 15:43:44   | Արգենտինա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը
Ռամկավար Մամուլ - ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ,Կիրակի, 8 Օգոստոսին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճառի մէջ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին, Արժանթինահայ գաղութի Առաջնորդ Տ. Գիսակ Ս. Արք. Մուրատեան Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ի կողմէ շնորհուած «Ներսես Շնորհալի» շքանշանը յանձնեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, «ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ» պաշտօնաթերթի տնօրէն եւ Պուէնոս Այրէս Նահանգի ազգային երեսփոխան ընկ. Սերխիօ Նահապետեանին: Գեր. Տ. Գիսակ Արք. Մուրատեան կը կարդայ Վեհափառին սրՎատառ կոնդակը. խորանին առջեւ` «Ներսէս Շնորհալի» շքանշանի արժանացող ընկ. Սերխիօ Նահապետեան Նախքան շքանշանի տուուչութիւնը՝ Առաջնորդ ՍրՎազանը կարդաց սրՎատառ կոնդակը, որով Վեհափառ Հայրապետը կը կատարէր ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի ազգային եւ քաղաքական գործունէութեան արժեւորումը, ըլլայ մեր հանրային իրականութեան, ըլլայ լրագրական կալուածի եւ ըլլայ արժանթինեան քաղաքական ասպարէզներու մէջ, մասնաւորաՎար ընդգծելով հայանպաստ այն դերակատարութիւնը, որ ունեցաւ ընկերը իՎրեւ երեսփոխան։ Արդարեւ, իր յամառ ջանքերու շնորհիւ է որ Պուենոս Այրէսի Խորհրդարանը, 2007 թուականին, միաձայնութեամՎ ընդունուած օրէնքով մը ճանչցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Կոնդակին մէջ Վեհափառը նաեւ կը յիշէր ընկ. Սերխիօ Նահապետեանի նուիրեալ մասնակցութիւնը արժանթինահայ գաղութի տարՎեր հաստատութիւններու առօրեայ գործունէութեան, ինչպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, «ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ» ՇաՎաթաթերթի, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ՀոգաՎարձութեան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, եւ այլ յարակից կազմակերպութիւններու՝ Թէքէեան Մշակ. Միութիւն, Երիտասարդաց Լիկա, եւայլն։ Պատարագէն ետք, ներկաները համախմՎուեցան Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ մէջ, ուր յանուն Հայ Կեդրոնի եւ Եկեղեցւոյ ՀոգաՎարձութեան՝ խօսք առաւ պրն. Պետրոս Հաճեան։ Բացի իր շնորհաւորական եւ գնահատական խօսքերէն՝ Պրն Հաճեան յատկապէս շեշտեց այն իրողութիւնը, որ մեր ընկերը մէկն է արժանթինահայ այն քիչ գործիչներէն, որոնք գործօն դերակատարութիւն ունեցած են արժանթինեան ներքաղաքական կեանքին մէջ։ Հայ Կեդրոնի Վարչութեան ներկայացուցիչը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Վեհափառ Հայրապետի ուշադրութեան կ’արժանանան մեր գաղութի երիտասարդ գործիչները։ Խօսք առնելով՝ ընկ. Միհրան Սարաֆեան յայտնեց Ռ.Ա.Կ.-ի հպարտութիւնը այս պարգեւատրումին առիթով եւ յիշեց ընկ. Նահապետեանի մատուցած ծառայութիւնը հայ ժողովուրդին՝ արժանթինահայ գաղութի ընդմէջէն։ Նոյն ձեւով արտայայտուեցաւ նաեւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ատենապետ, Պրն. ՌուՎէն Քեշիշեան, յիշելով որ մեր ընկերոջ գործունեութիւնը սկսեալ Երիտասարդաց Լիկայէն, որուն ատենապետութիւնը տարիներ շարունակ վարեց իր երիտասարդ տարիներուն։ Վերջապես, իր շնորհակալական խօսքերը արտասանեց ընկ. Սերխիօ Նահապետեան, շնորհակալութիւն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին, շնորհակալութիւն Առաջնորդ ՍրՎազան Հօր, իր ընտանիքին եւ Վոլոր անոնց` որոնք աջակցած էին իրեն իր գործունէութեան ընթացքին։
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը