Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.Արամ Ա. կաթողիկոսը աշխարհահռչակ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանին պարգեւատրել է «Ասպետի կարգի» շքանշանով


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.Արամ Ա. կաթողիկոսը աշխարհահռչակ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանին պարգեւատրել է «Ասպետի կարգի» շքանշանով

  • 18-02-2019 10:31:28   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն

 
 
Կիրակի, 17 Փետրուար 2019-ի առաւօտեան, յետ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս «Ասպետի Կարգ»ի շքանշանով պարգեւատրեց աշխարհահռչակ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանը։
 
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ խմբավար եւ շուիահար Զաքար Քէշիշեանը, որ ներկայացուց Տիգրան Մանսուրեան մարդն ու արուեստագէտը։  Քէշիշեան ընդգծեց, որ Տիգրան Մանսուրեանի նորարար ու ժամանակակից երաժշտական լեզուն ըլլալով հանդերձ համամարդկային, խորապէս պահած է ազգայինը ու այդ բոլորը կատարած է հայու իր հայեցի պրիսմակէն։
 
Ապա, նախքան շքանշանին տուուչութիւնը, Նորին Սրբութիւնը փոխանցեց իր պատգամը։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ ազգային արժէքները երաշխիք են ժողովուրդի մը գոյատեւման, իսկ հայ ժողովուրդին ծառայութեան լծուած կառոյցներուն կողքին, մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ճամբով ու տարբեր ձեւերով լծուած է այդ արժէքներուն տարածման։ Խօսքը ուղղելով Մանսուրեանին՝ Հայրապետը նշեց, որ Մանսուրեան իր ողջ կեանքը նուիրած է երաժշտութեան ու անոր դասական թէ ժողովրդային յօրինումները հնչած են Հայաստանի ու համաշխարհային բեմերէն։ «Ձեր ստեղծագործութիւններով մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ օտարներուն փոխանցեցիք հայու հարազատ ոգին ու ամուր հաւատքը, հայու խոր տառապանքն ու հրաշափառ վերածնունդը», ըսաւ Հայրապետը ու շարունակեց, թէ քաջ գիտենք, որ Մանսուրեան իր կեանքի այս հանգրուանին տակաւին կը ձգտի նոր յօրինումներով ճոխացնել իր երաժշտական ժառանգը։ Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր աղօթքը բարձրացուց առ բարձրեալ Աստուած ու քաջառողջութիւն ու նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց Մանսուրեանին։
 
Աւարտին, Տիգրան Մանսուրեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան ու ըսաւ, որ այս շքանշանին տուուչութիւնը զինք կը մղէ վերանորոգելու իր ստեղծագործելու թափը։
 
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն