Ծովածաւալ բազմութիւն մը վերջին հրաժեշտը տուաւ Մութաֆեան պատրիարքին


Ծովածաւալ բազմութիւն մը վերջին հրաժեշտը տուաւ Մութաֆեան պատրիարքին

  • 18-03-2019 17:10:59   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերուն Գումգաբուի Ս. Աստուածածին աթոռանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալները արդէն առիթը ունեցեր էին խոնարհելու Պոլսոյ Հայոց երջանկայիշատակ 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի դագաղին առջեւ:
 
Իսկ վախճանեալ հոգեւոր պետին վերջին հանգիստի կարգը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Մարտ 17-ին, նոյն եկեղեցւոյ մէջ առաւօտեան ժամը 10-ին սկսած յատուկ պատարագով եւ յաջորդող յուղարկաւորութեան արարողութեամբ, որոնց ներկայ գտնուեցաւ ծովածաւալ բազմութիւն մը, որ կը յորդէր եկեղեցւոյ բակէն, արտաքին դռնէն դուրս. հոն էին նաեւ Կարօ Փայլան, Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն, իշխանութեան Ազատութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան ներկայացուցիչ Էօմէր Չէլիք, նոյն կուսակցութեան (AKP) Պոլսոյ քաղաքապետութեան թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմ, նոյն պաշտօնին Հանրապետութեան Ժողովուրդի կուսակցութեան (CHP) թեկնածու Էքրեմ Իմամօղլու, Շիշլիի քաղաքապետութեան DSP կուսակցութեան անդամ Մուսթաֆա  Սարըկիւլ, բազմաթիւ կրօնապետեր եւ արտասահմանէն փութացած Հայեր։  
Պատարագը մատուցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Արշակ եպիսկ. Խաչատրեան: 
Արարողութեան աւարտին՝ դագաղը երբ դուրս հանուեցաւ Մայր եկեղեցիէն, նախքան Շիշլիի Հայոց գերեզմանատունը ուղղուիլը՝ պահ մը կանգ առաւ պատրիարքարանի մուտքին, ուր դամբանական մը արտասանեց իրաւաբան Սեդրակ սրկ. Տաւութհան:
Այնուհետեւ հսկայ թափօրը ուղղուեցաւ դէպի գերեզմանատուն, ուր եւս ասեղ ձգելու տեղ չկար։ Հոս, հոգեյոյզ մթնոլորտի մէջ կատարուած աղօթքներէ ետք՝ վերջին օծումը կատարեց Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան: Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց վեհափառ հայրապետին պատգամը ընթերցեց Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մնայուն ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան, որ կը գլխաւորէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը, որուն երրորդ անդամն էր Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեան: Յուղարկաւորութեան ընթացքին ընթերցուեցաւ նաեւ պատգամը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի, զոր կը ներկայացնէին Լիբանանի թեմակալ առաջնորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան եւ Մակար եպիսկ. Աշգարեան:
Աւելցնենք, որ պոլսահայ համայնքի նորաստեղծ «Լոյս» հեռատեսիլը ընկերային ցանցերէն ամբողջութեամբ եւ ուղղակի սփռեց թէ՛ եկեղեցական արարողութիւնը եւ թէ թաղման կարգը, միաժամանակ՝ հայերէն եւ թրքերէն մեկնաբանութիւններով։ 
 
ՆՅ
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը