Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւններուն՝ Էջմիածին չունի նախընտրելի թեկնածու


Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւններուն՝ Էջմիածին չունի նախընտրելի թեկնածու

  • 25-03-2019 19:39:34   | Թուրքիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները Մարտ 21-ին հանդէս եկած են ուշագրաւ հերքումով մը, որ կը վերաբերի Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին: Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան տեղեկատւութեան համակարգի տնօրէն Վահրամ քհնյ Մելիքեան, անդրադառնալով տարածուած այն լուրերուն, ըստ որոնց՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը պատրիարքական ընտրութեան պարագային առաջադրած է Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեանի թեկնածութիւնը ու կ՚աջակցի անոր, յայտարարած է, թէ “Բոլոր եկեղեցականներն ալ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի հայրական հոգածութեան եւ հոգեւոր իշխանութեան ներքեւ ծառայող սպասաւորներ են։ Եւ այդ իմաստով Վեհափառ հայրապետը երբեւէ որեւէ պարագայի մէջ տարբերութիւն չէ դրած եկեղեցականներու միջեւ։ Այս պարագային, այդ ընտրութեան կրնան մասնակցիլ բոլոր այն անձերը, որոնք կը լրացնեն պահանջները։ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ առաջադրուած մասնաւոր թեկնածու չկայ։ Անոնք, որոնք կը համապատասխանեն պահանջներուն, հաւասար պայմաններու մէջ պիտի գործեն”։
Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեան անցեալ շաբաթավերջին ներկայ գտնուած էր Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի յուղարկաւորութեան, վերջին օծման եւ թաղման արարողութիւններուն մաս կազմելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութեան: Եռանդամ այդ պատուիրակութիւնը գլխաւորած էր Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մնայուն ներկայացուցիչ Խաժակ արք. Պարսամեան, որ արտասանած էր վեհափառ հայրապետի ցաւակցական պատգամը:
Նշենք, որ Սեպուհ արք. Չուլճեան տարիներէ ի վեր արդէն յայտարարած էր, որ թեկնածու է Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի գահակալութեան: 
 
ՆՅ
 
 
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը