Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ ամեակի նշում Անթիլիասի մայրավանքին մէջ


Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ ամեակի նշում Անթիլիասի մայրավանքին մէջ

  • 25-04-2019 10:53:45   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն

Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլի երեկոյեան, հայոց ցեղասպանութեան 104 ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ ժողովրդային քայլարշաւ՝ Պուրճ Համուտէն մինչեւ Անթիլիասի Մայրավանք։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ հաւաքուած խուռներամ բազմութեան ուղղեց ոգեշունչ պատգամ մը։ Ստորեւ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը՝ ամփոփ գիծերու մէջ։ 
 
 
«Դարձեալ Ապրիլ 24 է. հայուն համար ամէ՛ն օր Ապրիլ 24 է…։
 
Արդեօք կա՞յ հայ մը այս երկրագունդին վրայ, որ չի գիտեր իւրայատուկ իմաստը, խորհուրդը ու պատգամը այս օրուան։ Ապրիլ 24-ը հայուն արեան հետ միախառնուած է, կեանքին հետ շաղախուած եւ ապրումներուն ու ձգտումներուն հետ ընդելուզուած։
 
Յիշեցումի, երախտագիտութեան եւ պահանջատիրութեան օր է Ապրիլ 24-ը։ Այս խոր գիտակցութեամբ ու ամուր յանձնառութեամբ հայ ժողովուրդը այսօր ի սփիւռս աշխարհի իր հաւատքն ու յոյսը կը վերանորոգէ, իր կամքն ու պայքարը կը ջրդեղէ՝ ի խնդիր իր բռնաբարուած իրաւունքներուն վերատիրացման։
 
Այսօր, առաջին հերթին, ՅԻՇԵՑՈՒՄԻ օր է.-
 
- Յիշեցումի օր՝ իր մէջ հայու արիւն ունեցող իւրաքանչիւր հայուն, որ ինք, որպէս հարազատ զաւակը ցեղասպանութեան զոհ դարձած ժողովուրդի մը, իրաւատէրն է մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու նուիրական կտակին եւ պահանջատէրը անոնց իրաւունքներուն՝ իր կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ։
 
- Յիշեցումի օր՝ հայ դատի մարմիններուն, որ կարենան ներկայ ժամանակներու պայմաններուն ու աշխարհաքաղաքական շահերու համահունչ մարտավարութեամբ հետապնդել հայ դատը՝ ցեղասպանութեան ճանաչման առընթեր յատուկ կարեւորութիւն ընծայելով հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգման։
 
- Յիշեցումի օր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, որ որպէս միջազգային համայնքէն ներս իրաւատէրը հայ դատին, կոչուած է իր արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ միշտ առաջնահերթ տեղ տալու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման, ինչպէս որ նշուած է 100-ամեակի համահայկական Հռչակագրին մէջ։
 
- Յիշեցումի օր՝ ցեղասպանին, որ մեր ժողովուրդին համար ընդունելի չէ երբեք իր ցաւակցութիւնը, 1915-ին, իր բացատրութեամբ՝ պատերազմական պայմաններուն մէջ մահացած հայերուն համար։ 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ պետութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ոճիրը ցեղասպանութիւն է եւ սա քննելի, վիճելի կամ բանակցելի նիւթ չէ հայ ժողովուրդին համար։
 
Այսօր նաեւ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ օր է։
 
- Երախտագիտութիւն՝ Լիբանանին եւ այն բոլոր արաբական ու իսլամական երկիրներուն, որոնք ոչ միայն ցեղասպանութենէն վերապրած հայ ժողովուրդի զաւակներուն հետ իրենց հացը կիսեցին, այլ նաեւ եղան պաշտպան հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն։
 
- Երախտագիտութիւն՝ բոլոր այն երկիրներու խորհրդարաններուն, որոնք անցնող տարիներուն եւ մինչեւ վերջին օրերուն, պաշտօնապէս ճանչցան հայոց ցեղասպանութիւնը։
 
- Երախտագիտութիւն՝ բոլոր այն պետական եւ քաղաքական պատասխանատուներուն, որոնք ցեղասպանութեան յիշատակի օր ճշդելով, յայտարարութիւններ կատարելով եւ հրապարակային ելոյթներով ու այլ միջոցներով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդի արդար դատին։
 
- Երախտագիութիւն՝ բոլոր այն օտար ազգերու մտաւորականներուն, որոնք գիրի թէ խօսքի ճամբով, հաստատեցին հայոց ցեղասպանութեան պատմական անհերքելի իրողութիւնը։
 
Այսօր նաեւ ու մանաւանդ մեր ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ օր է։
 
Պահանջատէր է իւրաքանչիւր հայ, պահանջատէր պիտի դառնայ Աստուծոյ օրհնութեամբ ծնուելիք իւրաքանչիւր հայ մանուկ։ Պահանջատէր ենք, որովհետեւ մեր ժողովուրդին դէմ գործադրուած 20-րդ դարու առաջին ոճիրը, ցարդ կը մնայ անպատիժ ու մեր իրաւունքները բռնաբարուած։
 
Միջազգային օրէնքը, նոյն ի՛նքն ցեղասպանին կողմէ որդեգրուած միջազգային հռչակագիրները յստակօրէն կը հաստատեն՝
 
- թէ ազգի մը դէմ գործադրուած ջարդը ցեղասպանութիւն է.
 
- թէ ցեղասպանութիւնը մարդութեան դէմ ոճիր է եւ, հետեւաբար, զայն ծրագրողներն ու գործադրողները ենթակայ են խստագոյն պատիժի.
 
- թէ ցեղասպանութեան դատապարտումն ու ճանաչումը անպայմանօրէն  կ՚ենթադրէ նաեւ հատուցում։
 
Արդ, մենք միջազգային օրէնքի լոյսին տակ մեր ազգի ցարդ անտեսուած, սակայն անժամանցելի իրաւունքները կը պահանջենք։ Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, 2015-ին դատական հայց ներկայացուցինք Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը։ Դատարանը դատավարական անհիմն պատճառներով մերժեց նոյնիսկ քննել դատական թղթածրարը։ Ապա դիմեցինք Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարան: Այս վերջինը զայն յղեց թրքական դատարան։ Այս մօտեցումներու ետին, բնականաբար, քաղաքական գործօնը տիրական էր։ Կ՚ուզեմ սա պահուն յայտարարել, որ մի քանի շաբաթ յետոյ դարձեալ պիտի դիմենք թրքական դատարան։ Մեր Ս. Աթոռը վճռած է իրաւական գործընթացքը նոյն թափով շարունակել հակառակ մեր դիմաց գտնուող բազմատեսակ դժուարութիւններուն։
 
Արդարութեան ու ճշմարտութեան համար հալածուած ու պայքարած Պօղոս Առաքեալ կոչ կ՚ուղղէ ըսելով՝ "արդարութեա՛ն ծառայեցէք" (Հռ 6.19)։
 
Սա պահուն, սրբացեալ նահատակներու աճիւններուն առջեւ կանգնած, Առաքեալի կոչին միացնելով մեր նահատակներուն ու ժողովուրդին ձայնը, կոչ կ՚ուղղենք աշխարհի պատասխանատուներուն.-
 
Արդարութեա՛ն ծառայեցէք…։
 
Մի՛ ձգէք որ մարդկային իրաւունքներու ու արժէքներու էութիւնը կազմող արդարութիւնը զոհը դառնայ աշխարհաքաղաքական ժամանակաւոր շահերուն։
 
Մի՛ ձգէք որ ցեղասպանը զանազան դիմակներ գործածելով մոլորեցնէ հանրային կարծիքը եւ իր սպառնական ոճով փորձէ ձախողութեան մատնել հայանպաստ ոեւէ քայլ։
 
Մեր պահանջատիրական ձայնը պիտի չդադրի ու պահանջատիրական պայքարը կանգ պիտի չառնէ՝ մինչեւ որ արդարութիւն կատարուի հայ ժողովուրդին։
 
Ա՛յս է պատգամը մեր նահատակներուն։
 
Ա՛յս է սրբազան ուխտը նահատակներու զաւակներուն»։
 
 
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
 
 
24 Ապրիլ 2019
Անթիլիաս
 
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play