ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՔԱՂՑՐ Է, ՃԱՇԸ՝ ՀԱՄՈՎ ՈՒ ԿԾՈՒ՜, ՇԱ՜Տ ԿԾՈՒ


ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՔԱՂՑՐ Է, ՃԱՇԸ՝ ՀԱՄՈՎ ՈՒ ԿԾՈՒ՜, ՇԱ՜Տ ԿԾՈՒ

  • 29-05-2019 06:30:31   | Հայաստան  |  Մեկնաբանություն

 
- Հայրի՛կ, այսօր երթանք նոր եկած լիբանահայերուն նոր ճաշարանը՝ շատ կծու հաւի թեւեր ունին,- ըսաւ մեծ տղաս՝ Ռուբէնը, պատասխանելով Մայիս 28-ը ընկերներուն հետ միասին նշելու եւ իրենց սիրած վայրը այցելելու առաջարկիս։
 
- Տղա՛ս, պայման չէ սեղանի շուրջ հաւաքուինք, կրնանք գիւղ մը այցելել,- ըսի ես, բայց միաժամանակ չդիմացայ «նոր եկած» լիբանահայերը տեսնելու եւ անոնց ծանօթանալու փորձութեան։ «Լաւ, լաւ, երթանք ձեր շատ գոված շատ կծու հաւի թեւերը ուտելու, նորէն ձեր ուզածը եղաւ»,- իբրեւ թէ դժգոհութեամբ ըսի ես, եւ անհամբեր ուզեցի տեսնել մեր նոր հայրենադարձ լիբանանահայերը։
 
Կէս ժամ յետոյ տղուս եւ ընկերներուն հետ գացինք Երեւանի կեդրոնը, Պուշկին փողոցի վրայ վերջերս բացուած 3Bros ճաշարանը։ Տղաս եւ ընկերները «աշխարհի ամէնէն կծու» հաւի թեւերը պատուիրեցին ինծի համար, իսկ իրենց համար «նորմալ» կծուութեամբ թեւիկներ։ Կ՚ուզէին տեսնել թէ ի՞նչ պիտի ընեմ բերան վառող հաւի թեւիկներ ուտելով ու հաւանաբար պատրաստ էին քիչ մըն ալ ծիծաղելու՝ արտայայտութիւններս դիտելով։
 
Ես, սակայն, աւելի հետաքրքրուած էի նոր եկած լիբանանահայերով։ Ի յայտ եկաւ, որ Յարութը եւ իր քրոջ նշանածը՝ Սագոն, քանի մը ամիս առաջ Պէյրութէն տեղափոխուած են Հայաստան, քանի որ Լիբանան արդէն «անտանելի» դարձած էր։ Իրենց միացած է նաեւ Ամերիկայի Աթլանթա քաղաք ապրող այլ ընկեր մը՝ Սիմոնը, ինքն ալ նախկին լիբանանահայ։
Համով պըրկըրներ, բիցցա եւ հաւի թեւեր կը հրամցնեն յաճախորդներուն եւ կծու sauce-ը արդեն հռչակ վաստակած է այցելուներուն մօտ։ Գործ սկսելու բարդութիւններ չեն ունեցած, միակ խնդիրը որ ունեցած են, դուրսի՝ խանութի մուտքին ցուցանակին կը վերաբերի։ Ցուցանակի տեղադրման դիրքին ու չափին հետ կապուած տարակարծութիւն ունին քաղաքապետարանին հետ, բայց յոյսով են որ շուտով այդ խնդիրը կը լուծեն։
 
Գործերնին քիչ քիչ առաջ կ՚երթայ եւ հիմա արդեն իրենց ընտանիքները եւս կը պատրաստուին Լիբանանէն տեղափոխուելու Հայաստան։
 
- Փա՜ռք Աստուծոյ, մեծ դժուարութիւններ չունեցանք, քայլ առ քայլ առաջ կ՚երթանք։ Շուտով մեր ընտանիքները կը միանան մեզի։ Բոլորս ալ հոս պիտի հաւաքուինք,- ըսին անոնք։
 
- Բարով թող գան, բայց այդ կծու sauce-ը շա՜տ կծու բերիք, խայտառակ եղանք տղոց առջեւ, կատակով ըսի իրենց։
Պատասխանը, սակայն, շատ համով էր, իրենց եփած ճաշերուն պէս։
- Վնաս չունի, ճաշը կծու է, բայց հայրենիքը՝ շա՜տ քաղցր։ Դարձեալ համեցէք...
 
Րաֆֆի Տուտագլեան
 
Գրեցէք ինծի։
rafdoud@aol.com
Նոյյան տապան  -   Մեկնաբանություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play