Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Հինգշաբթի, 4 Յուլիս 2019-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընթացք առած Հայ Մամուլի Համահայկական համաժողովը եզրափակեց իր եռօրեայ աշխատանքները։
Նախքան Եզրափակման նիստը, Համաժողովը կայացուց իր վերջին նիստը՝ «Հայ մամուլը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը» թեմայով։ Առաջին հերթին, նիստի ատենապետ Սեդա Խտըշեան ըսաւ, որ պահանջատիրութեան բաղադրիչներն են հայ ազգային քաղաքական տարրը եւ հայ ժողովուրդի պատմական հողային տարածքը, որ հիմքն է ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի, իսկ ասոր մէջ իր դերը ունի հայ մամուլը։ Ապա, համապարփակ կերպով ներկայացուց արդի պատմութեան քաղաքական իրավիճակներու ազդեցութիւնը մամուլին վրայ ու նշեց, որ հարկ է անցեալի սխալները չկրկնել եւ ասոր մէջ հայ մամուլը մեծ դեր ունի զգաստութեան հրաւիրելու հանրութիւնը։
Առաջին զեկուցաբեր Յակոբ Ասատրեան ներկայացուց «Հայ մամուլի մարտահրաւէրները սփիւռքահայ մամուլի հիմնադրամի անհրաժեշտութիւնը» նիւթը։ Ներկայացնելէ ետք Հայաստանի եւ Սփիւռքի մամուլի խմբագիրներու կարծիքները հայ մամուլի մասին, որ տասը տարի առաջ լոյս տեսած էր «Օրեր» ամսագրին մէջ, դիտել տուաւ, որ մտահոգութիւնները մնացած են նոյնը, աւելցնելով, որ հայրենիքի մէջ տարբեր մարտահրաւէրներ կան, իսկ Սփիւռքի մարտահրաւէրները տարբեր են։ Առ այդ, ան առաջարկեց հիմնադրամ մը ստեղծել հայ մամուլի գոյատեւման համար։ Երկրորդ զեկուցաբեր Արամ Շահնազարեան զեկուցեց «Հայ մամուլին դերը պահանջատիրական պայքարի նպատակներու սահմանման, յստակեցման եւ հանրահռչակման գործին մէջ» նիւթը։ Ան դիտել տուաւ, որ ընդհանրապէս հայ դատի պայքարի եւ պահանջատիրութեան ընկալման ոչ-ճշգրիտ կամ ոչ-ամբողջական մօտեցում գոյութիւն ունի ու շեշտը դրաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ պահանջատիրական պայքարի ընկալման տարբերութիւններուն վրայ։ Շահնազարեան մամուլը շատ յարմար ու օգտակար հարթակ նկատեց հայկական պահանջատիրութեան թղթածրարի մանրամասն յստակեցում ու ուղղութիւն տալու եւ երկխօսութեան թատերաբեմ ըլլալու գծով՝ հասարակական եւ քաղաքական մակարդակներու վրայ։ Երրորդ զեկուցաբեր Նազարէթ Պէրպէրեան խօսեցաւ ««Ազդակ»-ի ներդրումը «Հայկական պահանջատիրութեան» յղացքի տարազումին եւ գաղափարական հունաւորման մէջ» նիւթը։ Ան հաստատեց, որ հայ մամուլը յառաջամարտիկը հանդիսացած է հայ ազգային պահանջատիրութեան, որուն մէջ լիբանանահայ մամուլը ընդհանրապէս վճռորոշ դեր ունեցաւ հայ դատի հետապնդման յաղթարշաւը սկսելու, վերանորոգելու եւ մարտունակ պահանջատիրութեամբ յառաջ մղելու զարթօնքին մէջ։ Ապա, ան լուսարձակի տակ առաւ «Ազդակ»-ի դերակատարութիւնը՝ մանրամասն անդրադառնալով ճակատագրական տարբեր ժամանակներու թերթին կատարած նախաձեռնութիւններուն, որոնք ծառայեցին ժողովուրդը իր պահանջատիրութեան մէջ սուգէն եւ փակ սրահներէն դէպի փողոց ու միջազգային ասպարէզ տանելու եւ հայ դատի քարոզչութիւն կատարելու։
Համագումարը իր աշխատանքները փակեց եզրափակիչ նիստով, ուր մասնակիցները ներկայացուցին իրենց առաջարկները։
Համագումարը իր աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետին եզրափակիչ խօսքով։ Գնահատելէ ետք համագումարին թէ՛ նախապատրաստական եւ թէ ընթացիկ աշխատանքները, Հայրապետը ըսաւ, որ մամուլը նուիրուական արժէք է եւ համագումարին ընթացքին արծարծուած նիւթերը, որոնք բազմազան ու այլազան, այժմէական ու հրատապ էին, պէտք է իրենց շարունակութիւնը ունենան համագումարէն անդին, տարբեր միջոցներով։ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի զանազան շրջանակները ներկայացնող մամլոյ մշակներուն միատեղ ներկայութիւնը, որ ինքնին պերճախօս վկայութիւն է ազգն ու հայրենիքը յուզող հարցերը միասնաբար արծարծելու։ Ան խօսեցաւ համագումարին ընթացքին տարակարծութիւններու եւ տարբեր մօտեցումներու առողջ ձեւով քննարկման, որոնք արգելք չհանդիսացան հասարակաց մտահոգութեանց բարձրացման եւ լուծումներու առաջարկութեանց։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ հայ մամուլը սովորական լրատուական եւ տեղեկատուական միջոց չէ, այլ անոր առաքելութիւնը համահայկական արժէք կը ներկայացնէ, իսկ այդ մէկը կարիք ունի ազատութեան, որուն մասին բազմիցս անդրադարձ կատարուեցաւ համագումարին ընթացքին, ըսաւ ան։ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ համագումարին ընթացքին բարձրացած շարք մը այլ խնդիրներու, ինչպէս մամուլի որակի բարձրացման, մարդուժի, լեզուի, համահայկական հարթակ մը ստեղծելուն եւ համագործակցութեան։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ մամուլը հսկայ ներուժ է, եւ հարկ է հմուտ ըլլալ կառուցողական նպատակներ նուաճելու համար անոր օգտագործման մէջ, ու իր նշումները եզրափակեց ըսելով, որ համազգային արժէքներն ու ձգտումները պէտք է դառնան մեր միակամութեան առանցքը եւ հզօրութեան աղբիւրը։