«Գնեցէք Հայաստանէն» նախաձեռնութիւնը շարունակում է տարածվել


«Գնեցէք Հայաստանէն» նախաձեռնութիւնը շարունակում է տարածվել

  • 17-07-2019 00:16:06   | Հայաստան  |  Հասարակություն

«Գնեցէք Հայաստանէն» նախաձեռնութիւնը, որ լայն տարածում եւ ընդունելութիւն գտաւ անցեալ Ամառ, նպատակային եւ օգտաւէտ կը համարուի տեւաբար յիշեցնել անոր մասին եւ տարածել զանազան շրջանակներու մէջ:
Յիշեցումի կարգով, հակիրճ տողերու մէջ կը ներկայացնենք նախաձեռնութեան առաքելութիւնը: 
 
 Քուէյթահայ գործարար, հրապարակագիր Կիրակոս Գույումճեան Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսութիւնը աւելի բարգաւաճ դարձնելու նպատակով,
հանդիպումներու շարք մը ունեցաւ Սփիւռքի նախարարին, հայրենի պատասխանատուներու, գործարարներու եւ մամուլի ներկայացուցիչներու հետ:
Այդ խորհրդակցութիւններուն եւ քննարկումներուն ընթացքին, ան ներկայացուց նախաձեռնութիւն մը՝ զբօսաշրջիկներուն, ժամանակաւոր կեցութեամբ
Հայաստան եւ Արցախ այցելողներուն թելադրել այլ երկիրներէ չկատարել իրենց գնումները, փոխարէնը՝ Հայաստանի տեղական շուկայէն կատարել իրենց
անմիջական գնումները, նաեւ նկատի ունենալով հայրենի առատ եւ հարուստ շուկային մրցունակ գիները եւ ապրանքներուն բարձր որակը: Առեւտուրի զարգացման ճանապարհով պիտի ձեւաւորուին փոքր տնտեսութիւններ եւ զարկ պիտի տրուի հայրենական արտադրութեան: 
 
«Գնեցէք Հայաստանէն» («Shop In Armenia») նախաձեռնութիւնը քաջալերելով, պիտի բազմապատկուի օտար դրամանիշի հոսքը դէպի Հայաստան, սատարելով
հայրենաշինութեան եւ Հայաստանի տնտեսութեան վերելքին:
Նոյյան տապան  -   Հասարակություն