ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱՒՈՐՈՒԹԵՆԷՆ՝ ԱԶՆԻՒ ԲԱՐԵԿԱՄԻՍ ԳԷՈՐԳ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ


ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱՒՈՐՈՒԹԵՆԷՆ՝ ԱԶՆԻՒ ԲԱՐԵԿԱՄԻՍ ԳԷՈՐԳ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

  • 17-08-2019 14:05:37   | Լիբանան  |  Մամլո հաղորդագրություն

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
 
Բազմավաստակ   հասարակական  գործիչ  եւ  կրթական մշակ Գէորգ Գանտահարեանի  շիջումով լիբանանահայութիւնը  կորսնցուց  բոլորանուէր,  պայծառատես  եւ գործնամիտ  անձնաւորութիւն մը:
 
Հանգուցեալ   Գէորգ Գանտահարեանի հետ մեր  մտերմութիւնը սկսած  էր ութսունական թուականներէն,  միջկուսակցական  ժողովներուն ընդմէջէն: Անոր   խոնարհ, խորամիտ  եւ  հեզաշունչ արտայայտութիւններուն  տակ փոխհասկացողութիւնը, համագործակցութիւնը կը մնային տիրական, յաղթահարելով  հատուածական  ու կողմնակի տեսակաւոր շահեր:
 
Մեր ծանօթութիւնը  դուրս եկաւ միջկուսակցական ժողովներու մթնոլորտէն եւ սենեակներէն, վերածուեցաւ փոխադարձ վստահութեան վրայ ամրագրուած  անձնական բարեկամութեան:
 
Բացառիկ գիտելիքներու տէր,արդարամիտ, անկեղծ, իր գործին լիովին  նուիրուած անձ մըն էր Գէորգ  Գանտահարեան: Պարկեշտ եւ նուիրեալ  գաղափարապաշտ մը, միշտ  հաւատարիմ իր սկզբունքներուն, Գէորգ Գանտահարեան  համեստ  ահատը, միջկուսակցական ժողովներուն, հայրական մտերմութեամբ  կը  ներշնչէր հաւաքական մտածողութեան եւ  ազգային  միասնականութեան  յանձնառու  հայու տիպարը: Հայրական գուրգուրանքով կը վերաբերէր ներկաներուն  հետ եւ հաւաքական  շահերու տեսանկիւնէն կը  մօտենար հարցերուն:  Կուսակցականէ աւելի  վեհ, ազգային մտահոգութիւններու  հետամուտ այս անձնաւորութիւնը պատկառազդու իր վարուելակերպով   շահեցաւ   բոլորին կուռ  վստահութիւնը: Բոլորիս  կողմէ ընդունուեցաւ իբրեւ  լուծումներու  մարդը:
 
Այսօր երբ լիբանանահայութիւնը կը  հիւծի մարդուժի տագնապէն, անգամ մը եւս  կու գամ  յիշեցնելու Գէորգ Գանտահարեանի՝  համախմբուելու,  միասնական եւ հանդուրժող  ըլլալու  խորհուրդները:
 
Բազմաթիւ բարեմասնութիւններ ունենալով հանդերձ, պաշտօններու չձգտեցաւ ան:  Փառք, աթոռ եւ  հարստութիւն խորթ էին անոր նկարագիրին: Վեհութեամբ, բարութեամբ եւ ազնուութեամբ մնաց  իսկական մարդ:  Ծառայեց իր  գաղափարախօսութեան՝  իբրեւ նուիրեալ  մարտիկ: Մնաց  պարկեշտ մտաւորական:
 
Գէորգ  Գանտահարեան  մնաց  լիբանանահայ բոլոր  շրջանակներուն  կողմէ յարգուած անձնաւորութիւն: Մտաւորական եւ գաղափարական  մարդու ամբողջական նուիրումով  մնայուն ներկայութիւն մը  դարձաւ  լիբանանահայ համայնքի ազգային  քաղաքական կեանքին մէջ: Ծառայեց   հայ դպրոցին, եկեղեցիին, ազգային կեանքին, սկզբունքայնութիւնն ու արդարադատութիւնը մնացին  անոր  նկարագիրին անքակտելի սրբութիւնները:
 
Գէորգ Գանտահարեան   հանդիսացաւ  վաւերական, իր ժողովուրդին  ներկայով եւ ապագայով տագնապող  հայ մարդու իսկական տիպարը: Որքան խոհեմ ու շրջահայեաց, նոյնքան խոնարհ ու համեստ անձնաւորութիւն մը: Հայ ժողովուրդի ու յատկապէս սփիռքահայութեան ճակատագիրով, անոր հանապազօրեայ ցաւերով  տառապող  հեղինակութիւն մը:
 
Գէորգ Գանտահարեանի մահով  լիբանանահայութիւնը կորսնցուց արժանաւոր  եւ վաստակաշատ անձնաւորութիւն մը, գլխագիր ընկեր մը, դաստիարակ մը,  բարեկամ մը,  ընտանիքի  հայր մը եւ ամբողջական  մարդ մը:
 
Հանգիստ  անոր յոգնաբեկ աճիւններուն:
 
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն