Պոլթընի պաշտօնազրկումը՝ միակ դրական ազդանշան. «Նոր Յառաջ»


Պոլթընի պաշտօնազրկումը՝ միակ դրական ազդանշան. «Նոր Յառաջ»

  • 19-09-2019 18:37:50   | Ֆրանսիա  |  Ի՞նչ է գրում մամուլը

Եմէնցի ապստամբ Հութիներու կողմէ Սաուտական Արաբիոյ Արամքօ քարիւղի ընկերութեան Ապքայքի պահեստներու՝ թռչող անօդաչու սարքերու միջոցով ռմբակոծումը միջազգային մեծ տագնապ ստեղծեց, որուն թաքուն դրդապատճառները տակաւին չեն բացայայտուած։
 
Իրանի հետ միջազգային հիւլէական պայմանագիրը յետս կոչելով եւ Իրանի քարիւղի վաճառքին վրայ միջազգային արգելք դնելով՝ ԱՄՆ-ն չյայտարարուած պատերազմ կը մղէ Իրանի դէմ, յենլով իր միջազգային ռազմական գերակշռութեան վրայ։ ԱՄՆ-ու հրահրած պատերազմները Միջին Արեւելքի բազմաթիւ երկիրներ քարուքանդ ըրին։ Եմէնը, իր կարգին, այդ զոհերէն է, որ կրօնական շիի թեքում ունենալով՝ Իրանի դաշնակից կը նկատուի։ Սաուտական Արաբիոյ թագաւորութիւնը հինգ տարիէ ի վեր, արաբական ինը այլ պետութիւններու հետ դաշնակցութիւն կազմած, անխնայ կը ռմբակոծէ Եմէնի Հութի ցեղախումբը, ԱՄՆ-ու ամենաթողութեան պայմաններու մէջ։ Շատ բնական է, որ Հութիները ինքնպաշպանութեան դիմեն եւ իրենց կարգին հարուածեն իրենց թշնամիները, Իրանի եւ անոր դաշնակից Հեզպոլլահի օգնութեամբ։
Սաուտական Արաբիոյ պահեստներու ռմբակոծումը բարձրացուց միջազգային շուկային վրայ քարիւղի գիները։ Ան սրեց արդէն առանց այդ ալ միջազգային քաղաքական գերլարուած իրավիճակը։ Շատ յստակ է որ գլխաւոր թիրախը կը հանդիսանայ Իրանը։ Քաղաքական այս բարդ պայմաններուն մէջ, տարածաշրջանի տնտեսութիւնները կրնան շատ ծանր հետեւանքներ կրել, որոցմէ զերծ չէ մասնաւորապէս Հայաստանը, որ սահմանակից է Իրանին եւ որուն հետ տնտեսական յարաբերութիւնները ռազմավարական ու կենսական նշանակութիւն ունին, շրջափակուած ըլլալով Թուրքիոյ եւ Ազէրպայճանի կողմէ։
Շատ պարզունակ պիտի ըլլար առաջին ակնարկով Իրանի մատը տեսնել այս ռմբակոծումներու ետին, մեկնելով ԱՄՆ-ու նախագահին հապճեպ ամբաստանութենէն։ Միջին Արեւելքի մէջ ԱՄՆ այնքան կեղծ, շինծու դրդապատճառներով պատերազմներ յարուցած է, որ այսօր միատմութիւն է չապացուցուած յայտարարութիւններուն կուրօրէն հաւատալ։ Կան նաեւ գաղտնի սպասարկութիւններու կողմէ կազմակերպուած յարձակումներ, որոնք զինուորական միջամտութեան հող ստեղծելու կը ծառայեն։
ԱՄՆ-ն միջազգային հարթակի վրայ մեկուսացման ընթացքի մէջ է. բազմաթիւ երկիրներու, ինչպէս՝ Մեքսիքայի, Վենեզուելայի, Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Սուրիոյ, Իրանի, Չինաստանի, նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ անոր յարաբերութիւնները բախումնալից են։ Այս բոլորին մէջ միակ դրական նշանը նախագահ Թրամփի ապահովութեան խորհրդական ծայրայեղ պատերազմամէտ Պոլթընի պաշտօնազրկումն է։
 
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
ՆՅ
Ժ.Չ. ■
 
 
Նոյյան տապան  -   Ի՞նչ է գրում մամուլը