Կարօ Փայլան պիտի չկարենայ ներկայ ըլլալ «RED» ժապաւէնի ցուցադրութեան
19-09-2019 18:53:30 | Թուրքիա | Ի՞նչ է գրում մամուլը
Սեպտեմբեր 20-ին Ալֆորվիլի մէջ պիտի ներկայացուի թուրք բեմադիր Քատիր Աքընի «Red» ժապաւէնը, որուն յայտարարուած էր նաեւ Կարօ Փայլանի մասնակցութիւնը։
Ցուցադրութեան երեկոյթի կազմակերպիչներէն Armenian Council of Europe կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքի քրտաբնակ գլխաւոր քաղաքներու՝ Ամէտի, Տիարպաքըրի, Մարտինի եւ Վանի քաղաքապետերուն Օգոստոս 19-ին իրենց պաշտօններէն կամայական կերպով հեռացումը՝ Փայլանը,– որ Տիարպաքըրի երեսփոխան է,– ստիպած է Թուրքիա մնալու։ Ներկայի անկայուն իրավիճակը Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխանը մղած է ջնջելու եւրոպական իր բոլոր այցելութիւնները։
Նշենք, որ երեկոյթին ներկայ պիտի ըլլայ Ալֆորվիլի նախկին քաղաքապետ, Վալ-տը-Մառնի երեսփոխան Լիւք Գարվունաս։