Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտեի


Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտեի

  • 12-11-2019 11:32:06   | Հայաստան  |  Մամլո հաղորդագրություն

(Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատուիրակութեան Փարիզ այցելութեան առիթով)
 
 
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, հայրենի պետական պատուիրակութիւն մը պաշտօնական այցով կը գտնուի Փարիզ` մասնակցելու խաղաղութեան միջազգային երկրորդ ֆորումին, ի շարս տարբեր երկիրներու բազմաթիւ պատուիրակութիւններու եւ ներկայացուցիչներու:
 
Եռօրեայ աշխատանքային այցի ծիրէն ներս, երեքշաբթի 12 նոյեմբերի երեկոյեան, տեղի կ‘ունենայ պատուիրակութեան հանդիպումը ֆրանսահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Սոյն հանդիպումին հրաւիրուած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը:
 
Այս առիթով, կանխաւ հետեւեալ յստակացումը կը կատարենք հայ հասարակական բեմին համար.
 
Դաշնակցութիւնը, իր ուղեկից միութիւններով, կ‘ընդառաջէ հրաւէրին, կը մասնակցի հանդիպումին, առաջնորդուելով իր ազգային – քաղաքական վարքագիծով, որ այլ բան չէ եթէ ոչ հաւատարմութիւն ու զօրակցութիւն մեր պետականութեան, լաւապէս տարբերելով ու սահմանագծելով պետութիւն եւ իշխանութիւն հասկացողութիւնները: Եւ այս իսկ սկզբունքէն մեկնած, միաժամանակ, ամենայն համոզումով ու մեր բոլոր ուժերով եւ միջոցներով անվերապահօրէն կը զօրակցինք ՀԵՄ-ի նախաձեռնած հրապարակային միջոցառումներուն, որոնք ուղղուած են կրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի` կրթական մարզէն ներս վարած ապազգաին քաղաքականութեան դէմ, ինչպէս նաեւ խստիւ ու միանգամընդմիշտ կը մերժենք մեր կուսակցութեան մէջ շերտեր որոնելու ոմանց ապարդիւն փորձերը:
 
Յստակ պէտք է դառնայ անխտիր բոլորին, որ կայ մէ՛կ Դաշնակցութիւն, չկա՛յ այսպէս ըսած «դրսի» կամ «ներսի» դաշնակցական, այլ կայ մէկ տեսակի դաշնակցական աշխարհի չորս ծագերուն, որուն երդումը մէ՛կ է . ծառայել Հայաստանի ու հայութեան:
 
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան
 
Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
 
12.11.2019
Նոյյան տապան  -   Մամլո հաղորդագրություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play