Այսօր՝ Երեքշաբթի, 19 Նոյեմբեր 2019-ին, Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի գլխաւորութեամբ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Կոմիտաս Վարդապետին ծննդեան 150-ամեակին առիթով կազմակերպուած թատերական յանձնախումբի անդամները, զինք պաշտօնապէս հրաւիրելու յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք ձեռնարկին։
Երգախառն թատրերգութեան հեղինակն է Լիլի Թոմասեանը, որուն գործը անգլերէնէ թարգմանած եւ բեմադրութիւնը կատարած է Սուրէն Խտըշեանը։ Նախաձեռնութեան մեկենասն է «Գոհար» համոյթը։ Ձեռնարկին երաժշտութեան բաժինը պիտի կատարէ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը։
Ի յարգանս հայ երաժշտութեան մարզէն ներս Կոմիտաս Վարդապետին կատարած մեծ դերին եւ ի գնահատանք խումբ մը երիտասարդներու կողմէ ներկայացուելիք այս նախաձեռնութեան, Նորին Սրբութիւնը Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2019-ին անձնապէս ներկայ պիտի գտնուի տեղի ունենալիք ձեռնարկին։