ԼԵՒՈՆԻ, ՍԵՐԺԻ, ՆԻԿՈԼԻ ԵՒ ՍՏԱԽՕՍՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ. Րաֆֆի Տուտագլեան


ԼԵՒՈՆԻ, ՍԵՐԺԻ, ՆԻԿՈԼԻ ԵՒ ՍՏԱԽՕՍՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ. Րաֆֆի Տուտագլեան

  • 24-11-2019 00:53:09   | Հայաստան  |  Մեկնաբանություն

 
Այս օրերուն շատ կը գործածուի Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի անունը: Մի քանի ձախող ղեկավարներ, որոնք խայտառակ կերպով դուրս շպրտուեցան հայաստանեան քաղաքական բեմէն, իրենց ելոյթներով կ'ուզեն «փաստել», որ այսօրուան իշխանութիւնները Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ժառանգորդներն են:
 
Նախ այս իմաստակներուն ըսենք, որ իրենց ատելավառ հրետորութեամբ կրնան մի քանի հարիւր զոմպիանման հետեւորդներու արդէն իսկ լուացուած ուղեղները քիչ մը աւելի կաղապարել: Կրնան հաւանաբար մի քանի հարիւր Սփիւռքահայու համոզել, որ Հայաստանը քարուքանդ ըրած, Արցախն ալ ծախած են մերօրեայ լեւոնականները: Բայց միայն այդքան. Աւելին չեն կրնար ընել, քանի որ ժողովուրդին կողմէ մերժուած այս ղեկավարներուն վարկը այնքա՜ն ցած է, որ ոչ իրենց սուտերը, ոչ ալ իրենց նոյնիսկ հազուագիւտ ու հազուադէպ ճշմարտախօսութիւնը գնահատանքի եւ ուշադրութեան կ՚արժանան:
 
Նախ ըսեմ, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի քաղաքական ժառանգորդը ըլլալու մէջ ոչ մեղք կայ, ոչ ալ սխալ: Մարդիկ ազատ են ընտրելու իրենց քաղաքական կողմնորոշումը: Ով որուն կ'ուզէ կը հետեւի: Ես տարիներով քննադատած եմ ՀՀՇական այդ ուղղութիւնը, եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի քաղաքականութեան հետ չհամաձայնիլն ալ ի՛մ իրաւունքն է: Երկրորդ, Լեւոն Տէր Պետրոսեանը Հայաստանի առաջին նախագահն է եւ հայութեան ամէնէն բախտորոշ ժամանակահատուածին՝ իրե՛ն վիճակուած էր երկրի ղեկավարութիւնը: Եւ այդ տարիներուն, բոլորն ալ այս կամ այն ձեւով առնչուած են իր անձին եւ իր լաւ ու վատ գործերուն հետ:
Հիմա՝ պատմութեան հակիրճ դաս մը անոնց համար, որոնք այսօր ամենագէտի պատմուճանը հագած կը փորձեն մե՜ծ վերլուծողի խորհրդաւոր ու բարկացկոտ դէմքեր առնել եւ մեզի համոզել, թէ ի՜նչ վտանգաւոր կապեր կան երեք նախագահներուն եւ քաղաքական դաշտի այսօրուան դերակատարներուն միջեւ:
 
Սա պարզ յիշեցում մըն է հեռաւոր ու մօտիկ ամենագէտներուն, որպէսզի այլեւս կրակը յայտնաբերած ըլլալու յաւակնութեամբ չհամարձակին մեզի պէս խե՜ղճ մահկանացուներուն սորվեցնել, թէ ով որու հետ ի՞նչ յարաբերութիւն ունեցած է:
 
Ուրեմն, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի յարաբերութիւնները Սերժ Սարգսեանի եւ Ռոբերտ Քոչարեանի հետ կ'երթայ մինչեւ 1990 թուական: Քոչարեանն ու Սարգսեանը փաստացի եղած են Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ ՀՀՇի ներկայացուցիչները Արցախի մէջ եւ անոնց պարտականութիւններէն մէկը եղած է չէզոքացնել Արցախի այդ օրերու կարեւորագոյն եւ ամենակազմակերպ ուժը՝ ՀՅԴն, եւ սահմանափակել անոր դեռը Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ տարածքին: Եւ յիշեցնեմ, որ Սարգսեանն ու Քոչարեանը «պատուով» կատարած են Լեւոն Տէր Պետրոսեանի պատուէրը եւ ՀՅԴի դէմ պայքարած են ԲՈԼՈՐ միջոցներով: ՀՅԴ-ի հայաստանեան մամուլին, եթէ չեմ սխալիր «Ազատամարտ»ի մէջ, 90-ականներու սկիզբը հրապարակուած էր «Ո՞վ է Սերժիկ Սարգսեանը» անունով գրութիւն մը, ուր թերթի խմբագիրը բարկութեամբ կը տեղեկացնէր, որ Սերժ Սարգսեանը կը բռնագրաւէ ազատամարտիկներուն համար ՀՅԴ-ի Արցախ ուղարկած վառելանիւթը: Այդ գրութիւնը, իբրեւ քաղաքական բաժնի խմբագիր, ես օրին արտատպած էի «Ասպարէզ» թերթին մէջ: Հետաքրքուողները կրնան պրպտել, եթէ ի հարկէ անկեղծօրէն տրամադրուած են քարոզչութենէն անդին անցնիլ եւ ծանօթանալ այդ տարիներու էնթրիկներուն:
 
Լեւոն-Ռոբերտ-Սերժ եռեակին սերտ համագործակցութիւնը տեւած է մինչեւ 1998, մօտ 8 տարի: Այդ տարիներուն, Տէր Պետրոսեանի օրհնութեամբ Քոչարեանն ու Սարգսեանը փորձեցին թուլացնել ՀՅԴ արցախեան կառոյցը ու իրենց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցին Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնը: Այդ տարիներուն՝ Սերժ Սարգսեանը նշանակուեցաւ Հայաստանի ուժային սուբեր-նախարար, Ազգային Անվտագութեան Ծառայութեան ղեկավար ու մաս կազմեց ՀՅԴի դէմ շղթայազերծուած պայքարին, ու դեռ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ապօրինի վերընտրութիւնը պարտադրելու համար, 1996ին բանակը դուրս բերաւ ժողովուրդին դէմ, երբ այս վերջինը փողոց իջած էր բողոքելու անարդար եւ խարդախ ընտրութիւններու դէմ:
 
Իսկ Ռոբերտ Քոչարեանը, Տէր Պետրոսեանի օրհնութեամբ մինչեւ 1997 մնաց Արցախի նախագահ եւ յաճախ, կեղծուած ընտրութիններու նախօրեակին ու ատկէ ետք, հանրային ելոյթներով փառաբանանքի խօսքեր շռայլեց եւ տարբեր ծառայութիւններ մատուցեց Տէր Պետրոսեանին եւ ՀՀՇին: Ապա, Տէր Պետրոսեանի իսկ ձեռամբ, Երեւան բերուեցաւ ու նշանակուեցաւ Հայաստանի վարչապետ: Կարճ ժամանակ անց, ԼՏՊի ամենաջերմ պաշտպան՝ Վազգէն Սարգսեանի ղեկավարութեամբ եւ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի եւ այլոց մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ներ-պալատական ուժերու վերադասաւորումով յայտնի իշխանափոխութիւնը՝ Արցախի տագնապի լուծման փաթեթային եւ փուլային տարբերակներու շուրջ ծագած տարակարծութենէն ետք: Լեւոն Տէր Պետրոսեանը հրաժարեցաւ եւ սարքովի ընտրութիւններով նախագահ դարձաւ Քոչարեանը:
Այստեղ վերջացաւ երբեմնի սերտ ընկերներու եւ դաշնակիցներու քաղաքական մտերմութիւնը եւ Վազգէն Սարգսեանի սպանութենէն ետք, սկսաւ Ռոբերտ-Սերժ իշխանութեան 20 տարիները:
 
Նիկոլ Փաշինեանը քաղաքական բեմի վրայ սկսաւ երեւիլ 1995-96-ին, երբ դեռ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը իր ճգնարանէն դուրս չէր ելած: Երկու տարի ետք Տէր Պետրոսեանը վերադարձաւ քաղաքական դաշտ եւ իր շուրջ համախմբեց օրուան ընդդիմադիր գրեթէ բոլոր գլխաւոր ուժերը: Այդ օրերուն էր, որ Նիկոլը միացաւ ԼՏՊի ընտրարշաւին եւ ապա առաջին նախագահի նոր կուսակցութեան` ՀԱԿ-ի ցանկով ընտրուեցաւ պատգամաւոր: 2008էն զարգացող Լեւոն-Նիկոլ յարաբերութիւնը երկար չտեւեց: 2012-ին խզուեցաւ նաեւ Նիկոլի ու ԼՏՊի քաղաքական կապը:
 
Ուրեմն, ԼՏՊ եւ Քոչարեան-Սարգսեան սերտ գործակցութիւնը տեւած է 8 տարի: Իսկ Նիկոլ եւ ԼՏՊ գործակցութիւնը՝ 4 տարի:
 
ԼՏՊի օրերուն Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը ԱՄԵՆԱԲԱՐՁՐ պաշտօնները ունեցած են իշխանութեան մէջ եւ ՄԻԱՍԻՆ մասնակից եղած են ՀՅԴ-ի, ԱԺՄ-ի, ՀՌԱԿ-ի եւ այլ ուժերու դէմ պայքարին: Դաշնակցութիւնը երբ արգիլուած էր Հայաստանի մէջ, Սերժ Սարգսեանը Ազգային ԱՆվտանգութեան Ծառայութեան ղեկավարի պաշտօնը ստանձնեց եւ շարունակեց իր նախորդին՝ Դաւիթ Շահնազարեանի սկսած գործը: Ի դէպ այսօր ասոնք նորէն ՄԻԱՍԻՆ են, եւ արդէն զարմանալի բան չկայ՝ ՀՅԴն ալ հետերնին:
 
Նիկոլը ոչ մէկ պաշտօն ունեցած է ԼՏՊ-ի իշխանութեան օրերուն, իսկ 1998-էն ետք, եղած է ՀԱԿի պատգամաւոր:
 
Այս տուեալները եւ փաստերը նկատի ունենալով, ձեզի կը թողում եզրակացութիւնը: Ո՞վ աւելի շատ գործակցած է ԼՏՊի հետ՝ Քոչարեանն ու Սերժը, թէ Նիկոլը: Ովքե՞ր աւելի շատ քաղաքական հալածանքներ կազմակերպած են Հայաստանի եւ Արցախի մէջ, Քոչարեանն ու Սերժը, թէ՞ Նիկոլը:
 
Անոնք որոնք այսօր կը խօսին 37 թուականը յիշեցնող քաղաքական հալածանքներու մասին, հասարակ ՍՏԱԽՕՍՆԵՐ են, կամ ալ՝ պատմութենէն անտեղեակ միամիտներ: Այլ տարբերակ չի՛ կրնար ըլլալ:
 
Այսօր Նիկոլին եւ Լեւոնին առնչութիւնը յիշեցնելը եւ մէկը կնքահայր եւ միւսը հոգեզաւակ յայտարարելը մեծ անհեթեթութիւն մըն է, եւ մէկ նպատակ կը հետապնդէ՝ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ատելութիւն ստեղծել ժողովրդավար, ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններով իշխանութեան հասած Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր խմբակին հանդէպ: Իշխանութիւնը տուն ղրկել խոստացած մարդիկ ստախօսութենէ եւ ապատեղեկատւութենէ, ճամարտակութենէ եւ չարաշահումներէ զատ ինքնահաստատուելու այլ ձեւ չունին, պարզապէս որովհետեւ ժողովուրդը չընդունիր զիրենք, վերջակէտ:
 
Րաֆֆի Տուտագլեան
 
 
Նոյյան տապան  -   Մեկնաբանություն

https://s1.merlive.am/Noian_Tapan/embed.html?autoplay=false&play